kantsasar.com –
Օրհնեալ Լինի Քարէն Եփփէի յիշատակը…
Լուսաւորութեան այս տաճարը
Մէկ նոր ապացոյց հայ հանճարի զօրութեան:
Այստեղ վառ պէտք է պահուի այս կանթեղը ,որ աւաղ,
Արագածի գագաթէն սկսած է մարիլ…
Մեծ գործի հիմ է դրուած
Քարէն Եփփէ Ճեմարանով:
Ինչոր տեսայ` հիացում պատճառեց ինձ:
Իմ խոնարհ յարգանքը այս հաստատութեան
հիմնադիրներուն եւ բոլոր վարիչներուն:
ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ
ՏՆՕՐԷՆ` ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՆՇԱՆ ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ
Հոգեկան անհուն ուրախութեամբ Կիրակի, 26 Հոկտեմեր 1947-ին կրօնական եւ գեղարուեստական հանդիսութիւններով պաշտօնական բացումը կը կատարուէր Ճեմարանին, Նոր Գիւղի մէջ, 10.000 մեթր տարածութիւն ունեցող հողաշերտի մը վրայ, նուիրաբերուած դանիացի հայասէր բարերարուհի օրդ. Քարէն Եփփէի պարագաներուն կողմէ, որ 23 տարիներ առաջ կառուցուած էր, որպէս հայ տարագիրներուն որբանոց եւ այրիանոց:
Ազգ. Իշխանութիւնը յաւերժացնելու համար անզուգական բարերարուհիին անունը, նոյն հաստատութեան մէջ բացած կրթական այս օճախը կ’անուանէր Քարէն Եփփէ քոլէժ, որուն առաջին դասարանը կ’ունենայ 22 ուսանող-ուսանողուհիներ:
Նախաձեռնութիւնը կը շարունակուի շօշափելի արդիւնքներով եւ առաջին հունձքը` 5 շրջանաւարտներ, կը վկայուին 28 Յուլիս 1953-ին, 2000 հանդիսականներու ներկայութեամբ, ձեռամբ` Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Զարեհ Սրբազան Փայասըլեանի եւ դեր-տնօրէն Մինաս Թէօլէօլեանի:
Այսպէս 66 տարիներ վերջ Կիրակի, 30 Յունիս 2013-ին, այս անգամ «Գէորգ Եսայեան» սրահին մէջ, հալէպահայ կրթական եւ մշակութային կեանքին մէջ իր ուրոյն դերն ու առաքելութիւնը ունեցող Ճեմարանը կը ներկայացնէր իր 60-րդ հունձքը, զայն հռչակելով Սիմոն Վրացեան Սերունդ:
Կարծես բնութեան շնորհները լիառատ եղած էին անցնող կրթական տարեշրջանին: Բեմին վրայ շրջանաւարտները կը դրսեւորէին արտասանական արուեստի ըմբռնողութիւն, արտայայտչական կարողութիւն եւ հաղորդականութիւն:
Անոնք մեզ տարին աւելի հեռուն մինչեւ Հայաստանի առաջին անկախութիւն, թափանցեցին Սիմոն Վրացեանի հոգեկան ապրումներուն ու փոխանցեցին խռովք, կսկիծ ու հաւատք:
Պատնէշի վրայ էր Ճեմարանը եւ պատնէշի վրայ` մեր ժողովուրդը իր խլացուցիչ ծափողջոյններով: Կարծես տարիներու փորձ ունեցող տղաք էին, որոնք բեմ բարձրացած կը ցնծային իրենց շնորհուած երջանիկ կատարողութեանց համար:
Նոյն ուժգնութեամբ եւ ըմբռնումով հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով յստակ ու հաստատ կը հաղորդէին ունկնդիրները քաղցրահունչ ձայներով անոնց պարգեւելով հաւատքի ու յաղթանակի ապրումներ:
Ի հարկէ շնորհակալութեամբ պէտք է նշել, թէ մեծ թիւով Ուսուցիչներ եւ համայնքի ներկայացուցիչներ օգնութիւն ցուցաբերած էին ծրագրի իրականացման, որովհետեւ Ճեմարանը հաստատութիւն մըն է, որ ամէնօրեայ նուիրում եւ անդուլ աշխատանք կը ցուցաբերէ ի խնդիր նոր սերունդի զարգացման:
Հանդիսականները իրենց ներաշխարհին մէջ ոգեւորուած էին շրջանաւարտներու կենսալից շունչով ու ապագայի նկատմամբ անոնց ունեցած խոստմնալից յոյսերով:
Անոնց տարին եղած էր նախորդ տարիներէն տարբեր, արտակարգ իրավիճակներու թելադրութեամբ:
Մութ ու մռայլ ձմեռ մը տակնուվրայ ըրած էր բոլորիս կեանքը: Հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններու մեր ուսանողները իրենց քարաշէն ամրոցէն հեռացած էին, փակուած էին Ճեմարանի դռները, սակայն չէին փակուած իրենց հոգիներու դռները, այլ ռումբերու տարափներուն տակ շարունակեցին իրենց գործունէութիւնը, ազգային մեծն Սիմոն Վրացեանի անունը կրող կեդրոնէն ներս:
Կրթական արտասովոր տարեշրջանի մը լուրջ ու կազմակերպուած աշխատանքէն վերջ, հանդիսականներուն համար մեծ գոհունակութիւն էր տեսնել մեծաթիւ շրջանաւարտներ իրենց շքեղ համազգեստներով խմբուած բեմահարթակին վրայ: Տնօրէն` պրն. Յակոբ Քիլէճեան բեմ բարձրանալով ներկայացուց Ճեմարանի 60-րդ հունձքը շեշտը դնելով ուսանողութեան յանձնառութեան վրայ եւ տուաւ Ճեմարանի մասին համապարփակ զեկուցում մը: Մատնանշեց, թէ անցնող տարեշրջանին տեղի ունեցած կարեւոր իրադարձութիւնները, ստիպեցին ընդհատել աշխատանքը եւ հեռանալ Ճեմարանէն: Քաղաքական տարագիր վիճակը, որուն մատնուած էր աշակերտութիւնը, ծանր էր, սակայն պատասխանատուները հանդուրժեցին եւ ամբողջ կազմով, բարեկամներով եւ աշխատակիցներով ստիպուեցան հաստատուիլ Սիմոն Վրացեան կեդրոնի մէջ: Տեղափոխութիւնը կատարուեցաւ 2012-ի վերամուտին տարբեր սերունդներու տէր կանգնելու լայնախոհութեամբ: Նուիրում, զոհողութիւն, վճռակամութիւն կոչուած արժէքները միաձուլուեցան ճեմարանի մագնիսական զօրութեան հետ:
Պայմանները ձեռնտու չէին, սակայն տնօրէնութեան, ուսանողութեան եւ ուսուցչական կազմերուն համար գանգատները ոչ մէկ նշանակութիւն ունեցան:
«Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ’երթան,
Վհատելու չէ վերջ կ’ունենան կու գան ու կ’երթան»:
Դժուարութիւնները հովի պէս ցրուեցան, սակայն կարգ մը ընկեր-ընկերուհիներէն բաժանուիլը խոցեց տղոց սրտերը: Մէկ մասը անցած գացած էին երկրէն, տխուր յիշողութիւններ եւ մտորումներ ձգելով իրենց ետին ու այսօր զրկուած` Ճեմարանի երկրորդականի շրջանաւարտութեան վկայագրէն:
Հալէպը անոնց յիշողութեան մէջ մնացած էր, որպէս հմայիչ անկիւն մը, ուր ապրած էին մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիները հարուստ, անմոռանալի յիշողութիւններով:
Տնօրէնը յաջորդաբար անդրադարձաւ ուսանողութեան դասընթացքները յուզող հարցերուն, Ճեմարանին վերապահուած անփոխարինելի դերին եւ նշանակութեան ինչպէս նաեւ անոր գործունէութեան արդիւնաւորման ձգտող կէտերուն:
Հալէպի մէջ հայ ժողովուրդին դիմագրաւած տագնապները շրջանցելու անդառնալի վճռակամութեամբ տնօրէնութիւնը ամբողջ տարի մը թիավարած էր հոսանքն ի վեր եւ յաջողութեան մակարդակ նուաճած` շնորհիւ բոլորին հաւաքական աշխատանքին, այդ աշխատանքը գնահատողներուն եւ իրենց լուման չխնայողներուն, քանի որ Ճեմարանին վերապահուած է մեր լեզուի ենթահողը պահելու եւ զայն բերրի դարձնելու դերը:
Բեմին վրայ յաջորդաբար մեծ ուրախութեամբ գնահատուեցան Ճեմարանի մրցանակակիր ուսանողները, որոնք նուէրներ ստացան Գերաշնորհ Սրբազան Հօր, հիմնարկներու եւ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան կողմէ:
Հայերէնագիտութեան վկայականով գնահատուեցան, հայերէն լեզուի յառաջադէմ շրջանաւարտները Համայազգայինի տրամադրած Յակոբ Օշականի հեղինակութեամբ լոյս տեսած Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի «Վկայութիւններ եւ քերթուածներ» հատորով:
Պարգեւատրուեցան անցնող կրթական տարեշրջանին փայլուն արդիւնքներ ապահոված ուսանողները եւ վերջապէս` Ճեմարանի վկայագրերով պատուուեցան մեծ թիւով ուսանողներ Գերաշնորհ Տ. Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեանի ձեռամբ:
Սրբազան Հայրը Սիմոն Վրացեան հունձքի վկայակոչման առթիւ ջերմօրէն շնորհաւորեց համայն հալէպահայութիւնը, որուն տոկունութեան, զոհողութեան, զրկանքներուն եւ անձնուիրութեան արգասիքն էր ամավերջի այս հանդիսութիւնը:
Շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգ. Իշխանութեան մարմիններուն, միութիւններուն եւ բարերարներուն, որոնց գերագոյն նպատակն է ծառայել մեր ժողովուրդին, պահպանել անոր կենսական շահերը, յատկապէս` երբ վտանգ կը սպառնայ իր արժէքներուն:
Համայն ճեմարանականներուն եւ հալէպահայութեան զօրակացութիւնը վստահօրէն պիտի նպաստէ մեր հաւաքական կեանքին, մեր վարժարաններուն յարատեւութեան ու հզօրացման:
Սրբազան Հօր ոգեւորիչ պատգամով շրջանաւարտները բարոյական արժէքներով, եւ հոգեկան հպարտութեամբ ներշնչուեցան դէպի` լուսաւոր, փառաւոր ապագայ:
Հանդիսականները բարձր տրամադրութեամբ եկած էին միատեղ պանծացնելու ճեմարանի կերտած փառապանծ ճանապարհը եւ հաւատարմութիւն ցուցաբերելու հանդէպ այն երկրին որուն զաւակներն ենք:
Փառք Ճեմարանի երկարատեւ երթին ու անոր շարունակականութիւնը ապահովող Ազգային Իշխանութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ բոլոր նուիրատուներուն, որոնց ներդրումով տագնապալից այս տարեշրջանին ծնողները զերծ մնացին նիւթական պարտաւորութիւններէն:
Փառք Ճեմարանին, որ յաջողեցաւ սերունդներ բեմ բարձրացնել, անոնց մէջ հիմնաւորելով հայ գրականութեան հանդէպ սէր եւ մեզի յուշելով, թէ որքան ճակատագրական պարտականութիւն ունի Ճեմարանը պահպանելու համար` մեր լեզուն, մեր մշակոյթը եւ պատմութիւնը: Թող միշտ փայլուն ըլլայ Ճեմարանի ապագան:
Մենք բոլորս պարտք ունինք Ճեմարանին. հիմնադիրներու հոգիի շքեղութիւնը փոխանցուած է մեզի, որպէսզի Ճեմարանի ոգեւորիչ կանչը շարունակուի:
Հռիփ Կանանեան