www.aztagdaily.com – News.am լրատուական կայքէջը` մէջբերելով ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Հալէպի նահանգապետ Մոհամետ Վահիտ Աքքատ հաստատած է, որ նահանգ հասցուած է մեծ քանակով ալիւր եւ վառելանիւթ, ինչ որ թոյլ պիտի տայ լուծելու բնակչութիւնը հացով ապահովելու խնդիրը:
Նահանգապետը ընդգծած է, որ զինեալ ընդդիմադիրներու յանցաւոր գործունէութեան պատճառով` Հալէպի մէջ ստեղծուած է բարդ իրավիճակ: Զինեալները նահանգին մէջ ոչնչացուցած են ուտեստեղէնի աւելի քան հազար գործարան:
Ըստ վերջին պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն, Հալէպի Ռայհին, Հալտիյա եւ Պուսթան Քասր թաղամասերուն, ինչպէս նաեւ Սալահէտտին հրապարակին մօտակայքը` զինեալներու եւ կառավարական բանակի զինուորներուն միջեւ տեղի ունեցած են բախումներ:
Մինչ այդ, երկրի վարչապետ Ուաէլ Հալքի Դամասկոսի մէջ իրականացուցած է տնտեսական յանձնախումբի նիստ, որուն ընթացքին քննարկուած են հարցեր, որոնք կը վերաբերին ներքին շուկային մէջ լայն սպառման ապրանքներու եւ պարէնամթերքի գիներու բարձրանալը կանխարգիլելուն: