asbarez.com – ԵՐԵՒԱՆ.– Սուրիահայութեան ծանր կացութիւնը կը շարունակէ մնալ Մայր աթոռի եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ուշադրութեան առարկայ: Այս առնչութեամբ Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Վահրամ քահանայ Մելիքեանը յայտնած է, որ հակամարտութեան առաջին իսկ օրերէն Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ կոչ ուղղուած էր համայն հայութեան՝ հայ եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ թեմերուն միջոցով, զօրակցելու Սուրիոյ մէջ տառապող մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:

Վահրամ քահանան աւելցուցած է նաեւ, որ Մայր աթոռը թեմերէն ստացուած գումարները պարբերաբար կը փոխանցէ Դամասկոսի հայոց թեմին՝ համայնքի զօրակցութեան համար: Ան նշած է, որ անգամ մը եւս, քանի մը օր առաջ, թեմերէն հաւաքուած 200 հազար տոլար գումար մը Մայր աթոռը ուղարկած է սուրիահայութեան՝ անոնց կարիքները հոգալու համար։