kantsasar.com – Ծառայութեան լծուած անձնուրաց մարդիկ` տագնապի մատնուածին օգնութեան փութալը բարոյական պարտք կը համարեն, կամաւորաբար բարիք կը սերմանեն, հասարակաց օգտին ծառայող գործեր կը կատարեն, ինքնանպատակ ակնկալիքներու փոխարէն հաւաքական շահերու հետամուտ կ՛ըլլան, մաքուր խղճմտանքով իրենց ունեցածէն բաժին կը յատկացնեն եւ սրտաբուխ մղումով խօսքը գործի կը վերածեն: Ահա թէ ինչո՛ւ մարդասիրական ծառայութիւնը աստուածահաճոյ արարք է:
Ուրախալի երեւոյթ է տեսնել բարերար աշխատանքներ, որոնք ո՛չ միայն կարիքաւոր մարդոց օգնելու նպատակ կը հետապնդեն, այլեւ` վտանգներ կանխարգիլելու եւ որեւէ պատուհասի մը ընթացքը կասեցնելու դերակատարութիւն կ՛ունենան:
Սուրիական հայրենիքին մէջ տիրող տագնապալի կացութեան ներքեւ ապրողներս բազմաբնոյթ դժուարութիւններու կը հանդիպինք: Հակառակ չնախատեսուած դէպքերուն եւ մտահոգիչ վիճակներուն, Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս մատուցուած մարդասիրական ծառայութիւնները բարւոք լուծումներ կ՛առաջադրեն, բարենպաստ կարելիութիւններ կ՛ընծայեն, որպէսզի հալէպահայ գաղութը տագնապին ընդմէջէն նուազագոյն վնասով դուրս գայ եւ առաւել չափով նեղութեան տոկալու պատրաստակամ դառնայ:
Առհասարակ ջուրի տագնապը հրատապ ա՛յն հարցերէն է, որ կը յուզէ քաղաքացին: Ջուրէն զրկըւիլ` կը նշանակէ Աստուծոյ պարգեւած կարեւորագոյն բարիքէն զրկուիլ: Անյետաձգելի այս պահանջքը գոհացնելը էական է: Այս իմաստով Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեանի մտայղացումով եւ տնօրինումով կազմուեցաւ ջրամբար կառուցելու յանձնախումբ` գլխաւորութեամբ Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանի: Յանձնախումբը լաւապէս սերտելէ ետք ի գործ դրուելիք ծրագիրը, անհրաժեշտ նկատեց ջրամբար տեղադրել հետեւեալ կեդրոններու մէջ` Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տուն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի, Ազգ. Կիւլպէնկեան Վարժարան եւ Ս. Խաչ Եկեղեցի: Սոյն ծրագրի իրագործման համար նիւթական ներդրում ունեցաւ միջ-եկեղեցական կազմակերպութիւն մը, որուն ներկայացուցիչն է բժ. Ժոնի Հատտատ:
Արդարեւ, Երկուշաբթի, 24 Յունիս 2013-ին, նախագահութեամբ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեանի, Ազգ. Կիւլպէնկեան Վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ նորակառոյց ջրամբարի օրհնութեան աղօթքը: Ներկայ էին քահանայ հայրեր եւ ազգայիններ:
Հորի օգտագործման ճիգերը արդիւնաւորուեցան յանձնախումբի անդամներուն յարատեւ ջանքերուն եւ համագործակցութեան շնորհիւ: 10 հազար լիթր ջուր պարունակող ջրամբարը` ջուր պիտի մատակարարէ ի վայելումն Կիւլպէնկեան Վարժարանի շրջակայքի բնակիչներուն եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնաւորաբար:
«Ջրհոր օրհնելու» կանոնի կիրարկման միջոցին Սաղմոսներու եւ առաքելական նամակի ընթերցում կատարուեցաւ, շարականի երգեցողութենէն ետք Յովհաննէս Աւետարանէն (4.4-14) համարները կարդացուեցան, ուր կը խօսուի Քրիստոսի տուած «կենսատու ջուր»ին մասին: Ապա Սրբազան Հայրը օրհնութեան աղօթքը մատուցեց, խնդրելով որ բարերար եւ մարդասէր Տէրը սուրբ խաչին նշանով սրբէ ջուրը ամէն տեսակի անմաքրութիւններէն եւ «հանգիստ միտքով զայն գործածենք մեր մարմնական պէտքերուն համար»:
Աւարտին, Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններուն համամարդկային արժէքը, միաժամանակ շեշտելով, որ հաւատքի վկայութեան խօսուն օրինակներ են մարդասիրական գործերը:
Լիայոյս ենք, որ յանձնախումբը Աստուծոյ օգնութեամբ գալիք օրերուն միւս ջրամբարները եւս կառուցէ երեք կեդրոններուն մէջ:
Ազգանուէր ծառայութեան անդաստանին մէջ գործողներուն ի սրտէ կը մաղթենք անսպառ եռանդ, աննկուն կամք եւ բարեյաջող երթ: Բոլորին վարձքը կատար:
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան
04/07/2013