kantsasar.com – Հակառակ երկրին վիճակուած դժուարին պայմաններուն հալէպահայութիւնը ականատես եղաւ յուզող ու քաջալերող երեւոյթի մը, շնորհիւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի 2012-2013 ուսումնական տարեշրջանի երկրորդականի շրջանաւարտներուն: Հունձքը անուանակոչուեցաւ Հայ յեղափոխականի, պետական ղեկավարի եւ ներհուն մտաւորականի «Սիմոն Վրացեան» անունով:
Հովանաւորութեամբ` Հալէպի կրթական տնօրէնութեան եւ նախագահութեամբ` Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Եպս. Սարգիսեանի, հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 30 Յունիս 2013-ին կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս ներկայութեամբ Ազգ. Վարչութեան, Պատկառելի Մարմիններու, Ճեմարանի խնամակալութեան, տնօրէնութեան, ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ հարազատներուն:
Ելոյթը սկսաւ Սուրիական հայրենիքի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներով: Հայերէն բացման խօսքը ներկայացուց` Գայիանէ Փոնթիկեանը անդրադառնալով, թէ հակառակ տիրող տագնապին այս տարեշրջանը յաջող ընթացք ունեցաւ եւ իր լրումին հասաւ շնորհիւ օժանդակ հայ ձեռքերուն, «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնէն ներս:
Ապա արաբերէն բացման խօսքը ներկայացուց` Շողիկ Տօնապետեան, որ յայտնեց, թէ Ճեմարանի մեծ ընտանիքին` վարժարանի կրթամշակներուն, տնօրէնութեան, խնամակալութեան եւ ծնողներու փոխ յարաբերութեամբ, յաղթահարելով դժուարութիւնները տարեշրջանը հասաւ իր աւարտին:
Այնուհետեւ խումբ մը շրջանաւարտներ ներկաները ցնցող առոգանութեամբ ասմունք մը ներկայացուցին:
Այս տարին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ «Հայ Մօր Տարի» հռչակուած ըլլալով, հոյլ մը շրջանաւարտներ ասմունքեցին «Հայ Մօր Տարուան» նուիրուած քերթուածներու համադրում մը: Աւարտին մատուցուեցաւ հայ մայրերուն նուիրուած երգ մը:
Ապա Արամ Խաչատուրեանի «Վարդագոյն աղջիկներու պարը» նուագեցին խումբ մը աշակերտ-աշակերտուհիներ:
Շրջանաւարտներէն Կալին Չամիչեանը արաբերէն ուղերձին մէջ յայտնեց, թէ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք նոր հան-գըրուաններ թեւակոխելով ապագայի նը-կատմամբ զանազան մարտահրաւէրներ պիտի դիմագրաւեն:
Ուստի Ճեմարանի Պետական Տնօրէն` Տիար Ապտուլ Մեճիտ Մուհամմատ իր ջերմագին խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն մաղթելով անոնց նորանոր յաջողութիւններ:
«Սիմոն Վրացեան» սերունդի անունով հայերէն ուղերձ մատուցեց Պերճ Խաչատուրեան, ուր անդրադարձաւ, թէ իւրաքանչիւր ճեմարանականի համար երազ է ինքզինք շրջանաւարտ տեսնել Ճեմարանէն: Ապա շնորհակալական խօսք ուղղեց դաստիարակներուն, ծնողներուն, որոնք հրեշտակի նման կանգնած էին իրենց գլխուն եւ ճիգ չխնայեցին անկարելին կարելի դարձնելու համար:
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի խնամակալ` Տիկ. Պեթի Փօլատեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ դպրոցին համար քաղաքական եւ տնտեսական առումով արտասովոր տարի մը ըլլալով հանդերձ տարեշրջանը աւարտին հասաւ հերոսական ձեւով: Ապա յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղեց Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Եպս. Սարգիսեանին իր հայրական հովանիին համար, ինչպէս նաեւ Ազգային Մարմիններուն, որոնք ամէն ձեւով նեցուկ կանգնեցան յօգուտ ուսանողին:
2012-2013 տարեշրջանի զեկոյցը փոխանցեց Ճեմարանի Տնօրէն` Տիար Յակոբ Քիլէճեան լուսարձակի տակ առնելով աշակերտներուն եւ ծնողներուն դըժուարութիւնները, բարձր գնահատեց Ազգային Վարչութեան կատարած նիւթական եւ բարոյական վըճռական զոհողութիւնները:
Պարգեւատրուեցան նախորդ տարուան Թ. Ժ. ԺԱ. եւ ԺԲ. կարգերու առաջնակարգ աշակերտները Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան կողմէ`
Ժ. կարգ` Ժեմմա Տաուլէ, Գէորգ Եղիայեան եւ Մեղրիկ Միշոյեան:
ԺԱ. կարգ – գրական բաժին` Մարէն Պապեան, Շաքէ Գույումճեան եւ Նանոր Գալուստեան,
Գիտական բաժին` Թինա Գասպարեան, Մարինա Փանոսեան եւ Գէորգ Տէրտէրեան:
Թ. կարգ` Գէորգ Եղիայեան, Մայտա Պետիկեան, Սարգիս Թիւֆէնքճի, Վանա Սերչէեան եւ Մեղրիկ Միշոյեան:
ԺԲ. կարգ – գրական բաժին` Սարին Խալոյեան, Ռիթա Ժամկոչեան եւ Դալար Յակոբեան,
Գիտական բաժին` Արին Գաբրիէլեան, Աննա Մութաֆեան, Թալին Արոյեան եւ Յակոբ Շիշոյեան:
Ապա տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխումը եւ շրջանաւարտներէն ոմանք պարգեւատրուեցան հայերէնագիտութեան եւ հայոց լեզուի գերազանց արդիւնքներ ապահովելնուն համար, Ճեմարանի տնօրէնութեան, Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան եւ «Սիմոն Վրացեան» շէնքի խնամակալութեան կողմէ` «Էօժէնի Պետրոսեան» անուամբ պարգեւ ստացաւ` Գայիանէ Փոնթիկեան, իսկ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին կողմէ յատուկ պարգեւ ստացաւ` Պերճ Խաչատուրեան:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Եպս. Սարգիսեան: Ան շնորհաւորելէ ետք շրջանաւարտները անդրադարձաւ, թէ այն ընտանիքը, այն կառոյցները եւ այն ընկերային շրջանակները, որոնք ճեմարանական մը ունին, Ճեմարանը իրենց մէջ կ՛ապրի եւ Ճեմարանը` ժողովուրդին մէջ: Սրբազան Հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց «Սիմոն Վրացեան» շէնքի խնամակալութեան եւ բոլոր օժանդակողներուն, ինչպէս նաեւ նշեց, թէ այս սերունդը «Սիմոն Վրացեան» կոչուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 95-ամեակի առիթով:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:
Կասիա Գալայճեան
եւ Լուսին Ապաճեան-Չիլաբոշեան
04/09/2013