kantsasar.com – Ան­պատ­մե­լի ու­րա­խու­թիւն եւ հրճ­ուանք ապ­րե­ցաւ հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը ակն­դէտ սպա­սու­մէ ետք` երբ Սուր­իոյ կր­թա­կան նա­խա­րա­րու­թիւնը հրա­պա­րա­կեց հա­մա­ցան­ցի մի­ջո­ցաւ 9-րդ կար­գի պե­տա­կան քն­նու­թեանց մաս­նակ­ցող­նե­րու ար­դիւնք­նե­րը, Շա­բաթ, 22 Յու­նիս 2013-ի առա­ւօտ­եան ժա­մե­րուն:

Ու­րա­խա­լի այս երե­ւոյ­թը պար­ծան­քի եւ հպար­տու­թեան առիթ մըն է անոր հա­մար, որ ըն­թա­ցիկ ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նը իր յա­րու­ցած այ­լա­զան դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րով (քա­ղա­քա­կան եւ տն­տե­սա­կան) ար­գելք հան­դի­սա­ցաւ հե­զա­սահ ըն­թաց­քի մը, սա­կայն հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը եկաւ փաս­տե­լու, թէ ինչ­պի­սի կա­ցու­թեան առ­ջեւ ալ գտն­ուի ոչ մէկ ար­գելք կր­նայ խան­գա­րել իր նպա­տա­կաս­լաց ու­սում­նա­ռու­թեան գնացքն ու նպա­տա­կը:

Թե­միս Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Շա­հան Ս. Եպս. Սար­գիս­եան Չո­րեք­շաբ­թի, 3 Յու­լիս 2013, առա­ւօտ­եան Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ «Սու­րէն­եան» դահ­լի­ճէն ներս ըն­դու­նեց հա­լէ­պա­հայ միջ­նա­կարգ վար­ժա­րան­նե­րու`

– Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի

– Լ. Նա­ճար­եան-Գ. Կիւլ­պէնկ­եան երկ­րոր­դա­կան Վար­ժա­րա­նի

– Կր­թա­սի­րաց Ս. Չէմ­պէրճ­եան երկ­րոր­դա­կան Վար­ժա­րա­նի

– Կի­լիկ­եան Ճե­մա­րա­նի

– Մխի­թար­եան Վար­ժա­րա­նի

Սուր­իոյ պե­տա­կան պրո­վէի քն­նու­թեանց գե­րա­զանց ար­դիւնք­ներ ար­ձա­նագ­րած ու­սա­նող-ու­սա­նո­ղու­հի­նե­րը, որոնք իրենց տնօ­րէն­նե­րուն հետ եկան ստա­նա­լու Առաջ­նորդ Սր­բա­զան Հօր օրհ­նու­թիւն­ներն ու շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը:

Մտեր­միկ մթ­նո­լոր­տի մէջ Առաջ­նորդ Սր­բա­զան Հայ­րը նախ իր ան­սահ­ման ու­րա­խու­թիւնը յայտ­նեց այս պատ­ուա­բեր ար­դիւն­քին հա­մար, զայն վե­րագը­րեց Աս­տու­ծոյ խնա­մա­տա­րու­թեան, ծնո­ղաց գուր­գու­րան­քին, տնօ­րէ­նու­թեանց եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մե­րուն հա­մա­տեղ ան­դուլ ճի­գե­րուն ու ան­սա­կարկ աշ­խա­տան­քին, ապա իրենց կար­գին յիշ­եալ վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­նե­րը իրենց երախ­տա­գի­տու­թիւնը յայտ­նե­ցին Առաջ­նորդ Սր­բա­զան Հօր հե­տե­ւո­ղա­կան հե­տաքրք­րու­թեան եւ ան­վե­րա­պահ հայ­րա­կան հո­գա­տա­րու­թեան հա­մար: Հուսկ` խօսք առ­նե­լով Սըր­բա­զան Հայ­րը գնա­հա­տեց գե­րա­զանց ար­դիւն­քով յա­ջո­ղած 9-րդ կար­գի ու­սա­նող­նե­րը, անոնց պատ­ուա­բեր ար­դիւնք­նե­րը, իրենց աշ­խա­տու­նակ եւ ու­սում­նա­տենչ ոգին եւ նպա­տա­կաուղղ­ուած աշ­խա­տան­քը: Առաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը իր խօս­քը եզ­րա­կա­ցուց ըսե­լով. «Այ­սօր դուք ձեր այս փայ­լուն ար­դիւն­քով ոչ միայն ձեր վար­ժա­րան­նե­րու անու­նը բարձր պա­հե­ցիք, այլ ամ­բողջ հա­լէ­պա­հա­յու­թեան» եւ թե­լադ­րեց, որ միշտ բա­րի մր­ցակ­ցու­թեան ոգին հա­մա­կէ զի­րենք եւ մղիչ ուժ հան­դի­սա­նայ գա­լիք տա­րի­նե­րուն, որ­պէս­զի ջա­նադ­րու­թեամբ բնո­րոշ­ուած երամ­եա­կէ մը ետք ար­ժա­նի դառ­նան երկ­րոր­դա­կա­նի վկա­յա­կա­նին:

Այս յի­շա­տա­կե­լի հան­դիպ­ման աւար­տին ներ­կա­նե­րը յի­շա­տա­կե­լի նուէր­ներ ստա­ցան Առաջ­նորդ Սր­բա­զան Հօր ձե­ռամբ եւ հայ­րա­կան «Պահ­պա­նիչ» աղօթ­քէն ետք ոգե­ւո­րու­թեամբ եւ նո­րա­նոր նուա­ճում­նե­րու խոս­տու­մով մեկ­նե­ցան:

04/09/2013