kantsasar.com – Ի՞նչ կ՛ակն­կալ­ուի հովիւէ մը:

– Ան­շուշտ հօ­տին պաշտ­պա­նու­թիւնը նախ եւ առաջ:

Հովիւը նախ եւ առաջ հօ­տին պաշտ­պանն է, եւ զար­մա­նա­լի պի­տի ըլ­լար եթէ ամէն ճիգ ի գործ չդը­նէր պա­հե­լու ամ­բողջ հօ­տը, եւ եթէ այդ հօ­տը որե­ւէ պատ­ճա­ռով սկ­սած է տար-տըղն­ուիլ, ապա ինք պի­տի փոր­ձէ ան­պայ­ման ետ հա­ւա­քել բո­լո­րը մէկ յար­կի տակ, նոյ­նիսկ եթէ հօ­տին մէկ մա­սը հա­րա­զատ, բայց «այլ» տան մը մէջ ապա­հով վի­ճակ ու­նի, որով­հե­տեւ հովիւը ամէն պա­րա­գա­յի պար­տա­ւոր է հօ­տին ԱՄ­ԲՈՂ­ՋՈՒ­ԹԵԱՆ մէջ փնտ­ռել անոր հա­ւա­քա­կան ապա­հո­վու­թիւնը…

Ան­շուշտ բո­լորս` ամ­բողջ հա­յու­թեան մա­սին է խօս­քը, մեր հա­ւա­քա­կան ապա­հո­վու­թիւնը կր­նանք գտ­նել միայն մեր հայ­րե­նիք Հա­յաս­տա­նի մէջ, սա­կայն ոչ ի գին գա­ղութ­նե­րու խու­ճա­պա­հար փա­խուս­տին, որով­հե­տեւ հար­ցը հոս միայն ՀԱՅ ԱԶ­ԳԻ գո­յա­տե­ւու­մը չէ, որն ապա­հով­ուած է փառք Աս­տու­ծոյ, որով­հե­տեւ եթէ սփիւռք­եան բո­լոր գա­ղութ­ներն ալ ան­է­ա­նան, Հա­յաս­տա­նի մէջ պի­տի շա­րու­նակ­ուի ազ­գին գո­յա­տե­ւու­մը:

– Պէ՞տք է բո­լորս հա­ւաք­ուինք Հա­յաս­տա­նի մէջ:

– Ան­շուշտ:

– Ու­րեմն ին­չո՞ւ այս աւե­լորդ «փի­լի­սո­փա­յա­խօ­սու­թիւնը»:

– Մտո­րել փոր­ձե­լուս առի­թը Հա­լէ­պի (եւ ոչ միայն Հա­լէ­պի) Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Հա­մայն­քի Հա­մայն­քա­պետ Յա­րու­թիւն Սե­լիմ­եան վեր­ջերս Հա­յաս­տա­նի «Առա­ջին Լրատ­ուա­կան»ի հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին ըսածն էր.

«Պէտք չէ քա­ջա­լե­րել սիր­ի­ա­հա­յե­րին, որ նրանք իրենց կեան­քը շա­րու­նա­կեն Հա­յաս­տա­նում` թէ­կուզ եր­բեմն ըն­կե­րա­յին կեան­քի մէջ տկար չա­փո­րո­շիչ­նե­րով Սիր­իա­յից դուրս: Նրանք պէտք է վե­րա­դառ­նան Սիր­իա, «սիր­ի­ա­հա­յու­թիւնը պէտք է վե­րագտ­նի իր կեն­սու­նա­կու­թիւնը Հա­լէ­պում: Մեր եկե­ղե­ցի­նե­րը, տնե­րը, գոր­ծա­րան­նե­րը, դպ­րոց­նե­րը պէտք է վե­րա­կանգն­ուեն, պէտք է դուրս գալ «շտապ օգ­նու­թեան» հո­գե­բա­նու­թիւ­նից` ու­նե­նալ վե­րա­կանգ­նո­ղա­կան հո­գե­բա­նու­թիւն…»:
Այս հա­մար­ձակ եւ ան­կեղծ հրա­ւէր-մար­տահ­րա­ւէր-ար­տա­յայ­տու­թիւնը ընդվ­զե­ցու­ցած էր` ան­կեղ­ծօ­րէն ընդվ­զե­ցու­ցած էր շա­տեր: Ինչ­պէ՛ս թէ, Վե­րա­պատ­ուե­լին ո՞վ է որ ինք­զին­քին իրա­ւունք կու տայ առա­ջար­կել սուր­ի­ա­հա­յե­րուն Հա­յաս­տա­նի մէջ չտե­ղա­ւո­րիլ:

– Բայց որո՞նք իրա­ւունք ու­նին հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յին եւ ապա­գա­յին մա­սին առա­ջար­կու­թիւն­ներ ընել:

– Ան­շուշտ բո­լո­րը, անոնց կարգին նա­եւ հա­մայն­քա­պե­տե­րը:

Ինչ­պէս բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, մենք հա­յերս ալ մեր ղե­կա­վար­նե­րուն մօտ նախ եւ առաջ կը փնտ­ռենք անձ­նա­կան շահ, ահա թէ ին­չու Վե­րա­պատ­ուելի­ին առա­ջար­կը կը դիտ­ուի այդ դի­տան­կիւ­նէն եւ խօս­քը ընդ­հան­րաց­ուե­լով մեր ղե­կա­վար­նե­րը կը մե­ղադըր­ուին իշ­խա­նա­մո­լու­թեան մէջ.
Մօ­տա­ւո­րա­պէս կ՛ըս­ուի.- ան­շուշտ անոնք պի­տի ու­զեն որ հա­մայն­քը մնայ, որ­պէս­զի չկորսնց­նեն իրենց իշ­խա­նու­թիւնը…

– Եթէ քիչ մը աւե­լի լր­ջա­նանք, աս­կէ մի­ա­միտ կար­ծիք դժ­ուար թէ ար­տա­յայ­տենք: Սուր­ի­ա­հայ ղե­կա­վար­նե­րը (ոչ միայն աշ­խար­հա­կան, առա­ւել եւս եկե­ղե­ցա­կան), քիչ մը ամէն տեղ կր­նան պա­հել իրենց դիրքն ու իշ­խա­նու­թիւնը, առա­ւել եւս կր­նան ու­նե­նալ ապա­հով կեանք: Այս­տեղ պար­զա­պէս հարկ կը տես­նեմ ար­ձա­նագ­րել, որ մեր հա­մայն­քա­պե­տե­րը պայ­թող ռում­բե­րուն դէմ ապա­հով­ուա­ծու­թիւն մը չու­նին, անոնք կ՛ապ­րին իրենց ժո­ղո­վուր­դին հետ` կրա­կի գի­ծին վրայ, եւ իրենց ՎԱՐ­ՔՈՎ ու ՕՐԻ­ՆԱ­ԿՈՎ կը գօ­տեպն­դեն ժո­ղո­վուր­դը` խու­ճա­պի չեն մատն­ուիր, իրենց հետ նա­եւ իրենց հօ­տը խու­ճա­պի չի մատն­ուիր, պի­տի ար­ձա­նագ­րեմ նա­եւ, որ երբ Վե­րա­պատ­ուե­լին այս խօս­քե­րը կ՛ար­տա­սա­նէր, իր դըպ­րո­ցին դա­սա­սեն­եակ­նե­րուն վրայ ար­կեր կ՛իյ­նա­յին, դպ­րո­ցին մէջ, եկե­ղեց­ւոյ կից, իր բնա­կա­րա­նին մօ­տի­կը… Իսկ ինք կը խօ­սէր եւ կը խօ­սի վե­րա­կանգ­նու­մի մա­սին, եւ կ՛ու­զէ որ վե­րա­կանգ­նու­մի պա­հուն սուր­ի­ա­հա­յե­րը վե­րա­դառ­նան, վե­րա­կանգ­նու­մի պա­հը երբ գայ եւ ոչ թէ ԱՅ­ՍՕՐ, երբ դեռ ռում­բե­րը կը տե­ղան, երբ մեր տն­տե­սու­թիւնը քայ­քայ­ուած է, իսկ մինչ այդ, Սուր­իա մնա­ցած հա­յե­րը կը պահ­պա­նեն մեր ու­նեց­ուած­քը: Այո՛, հոս մնա­ցող­նե­րը, որոնց մէջ քիչ չէ թիւը նա­եւ անոնց, որոնք կր­նա­յին եր­թալ, բայց նա­խընտ­րե­ցին մնալ, եւ կ՛աշ­խա­տին իմաս­տա­ւո­րել իրենց հոս մնա­լը տէր կանգ­նիլ փոր­ձե­լով մեր ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րուն, մեր միու­թիւն­նե­րուն, մեր դպրոց­նե­րուն, եկե­ղե­ցի­նե­րուն, կը փոր­ձեն իրենց հոս մնա­լուն իմաս­տը գտ­նել նա­եւ իրար օգ­նու­թեան ձեռք մեկ­նե­լուն մէջ…

Սուր­ի­ան` Հա­լէ­պը եթէ կորսնց­նենք որ­պէս գա­ղութ, կորս­ուե­լու վտան­գին առաջ կը կանգ­նի Սփիւռ­քի արեւմ­տա­հայ դի­մա­գի­ծը, չէ՛ որ մա­նա­ւանդ Լի­բա­նան­եան քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մէն ետք, Հա­լէպն է Արեւմ­տա­հայ Սփիւռ­քին (այ­սօր ար­դէն եր­կո՞ւ Սփիւռք կայ, երկ­րոր­դը Արե­ւե­լա­հա՞յ) մշ­տա­հոս հայ­կա­կան արիւն նե­րար­կո­ղը, Մայր Գա­ղութն է մայ­րենիի ու­սու­ցիչ­ներ, թեր­թե­րու խմ­բա­գիր­ներ, հա­յա­խօս սե­րունդ­ներ հասց­նո­ղը գրե­թէ բո­լոր գա­ղութ­նե­րուն: Միւս կող­մէ խու­ճա­պա­հար Հա­յաս­տան տե­ղա­փոխ­ուե­լով չենք կր­նար սա­տա­րել Հա­յաս­տա­նի տն­տե­սա­կան զօ­րաց­ման, չե՞նք տես­ներ, որ հայ­րե­նի պե­տու­թիւնը ապաս­տան­եալ սուր­ի­ա­հա­յե­րուն բնա­կա­րա­նով ապա­հո­վե­լու հա­մար կը դի­մէ բա­րե­գործ­նե­րու եւ նուի­րա­տու­նե­րու. չենք կր­նար օգ­նել Հա­յաս­տա­նի մարդ­կա­յին թիւի զգա­լի աճին նա­եւ, ընդ­հա­կա­ռա­կը` կր­նանք ծան­րաց­նել անոր ար­դէն ծանր տն­տե­սա­կան վի­ճա­կը, որուն պատ­ճա­ռաւ ամէն տա­րի ամ­բողջ սուր­ի­ա­հա­յե­րուն քա­նա­կի չա­փով հա­յեր կը լքեն իրենց` մեր հայ­րե­նի­քը:

Ահա պատ­ճառ­ներ, որոնք կը ստի­պեն Վե­րա­պատ­ուելի­ին ըսելու, որ Հա­յաս­տան ԱՊԱՍ­ՏԱ­ՆԱԾ եւ ոչ թէ ՀԱՅ­ՐԵ­ՆԱ­ԴԱՐՁ սուր­ի­ա­հա­յե­րը պէտք է վե­րա­դառ­նան Սուր­իա:

Ծայր աս­տի­ճան դժ­ուա­րին տա­րի մը ան­ցու­ցինք: Մեզ­մէ շա­տեր հե­ռա­ցան, մեծ մա­սը Հա­յաս­տան, ուր­կէ շա­տեր կը փոր­ձեն հե­ռա­նալ դէ­պի եւ­րո­պա­կան եր­կիր­ներ: Ոչ մէ­կը այ­պա­նե­լու, մե­ղադ­րե­լու, կամ ոե­ւէ մէկ ան­հա­տի արար­քը քն­նար­կե­լու իրա­ւունք ու­նինք: Սա­կայն Հա­ւա­քա­կան վար­քա­գիծ մը պէտք է ու­նե­նանք, իսկ մեր հա­ւա­քա­կա­նու­թեան ղե­կա­վար­նե­րը, ինչ­պէս բո­լո­րը, իրա­ւունք ու­նին իրենց մտա­ծե­լա­կեր­պը բարձ­րա­ձայն ըսե­լու:

Հա­րիւր տա­րի Սփիւռ­քի մէջ չենք յա­ջո­ղած մի­աս­նա­կան ռազ­մա­վա­րու­թիւն մը որ­դեգ­րել: Մի­ակ դիւ­րի­նը, «դժ­ուար է, ան­կա­րե­լի է», ըսելն է, աւե­լի դիւ­րի­նը «որով­հե­տեւ հե­ռա­տես ղե­կա­վար­ներ չենք ու­նե­ցած» ըսելն է:

Մտո­րենք` այ­սօր սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը ըլ­լալ-չըլ­լա­լու վի­ճա­կի (պայ­քա՞րի) մէջն է, երէկ իրա­քա­հա­յու­թիւնն էր, լի­բա­նա­նա­հա­յու­թիւնը… Վա­ղը՞.. ո՞վ գի­տէ, միշտ ան­պատ­րաստ եղած ենք:

Դժ­ուար, շատ դժ­ուար տա­րի մը ան­ցու­ցինք, բա­րե­բախ­տա­բար առան­ձին չէ­ինք, աշ­խար­հի ամ­բողջ հա­յու­թիւնը սուր­ի­ա­հա­յե­րուն հետ կը տա­ռա­պէր, ամե­ն­ա­ան­քուն գի­շեր­նե­րը հա­ւա­նա­բար մեր հա­մայն­քա­պե­տե­րը ան­ցու­ցին…

Հի­մա նս­տած եմ մեր դպ­րո­ցի բա­կին մէջ, աշա­կերտ­նե­րը, որոնք ամ­բողջ տա­րին ար­կե­րու պայ­թիւն­նե­րու եւ փամ­փուշտ­նե­րու սու­լո­ցին տակ դըպ­րոց յա­ճա­խե­ցին իրենց հետ դպ­րոց բե­րե­լով լու­սա­տու լապ­տե­րիկ­նե­րը… լից­քա­ւո­րե­լու դպ­րո­ցի ելեկտ­րա­կա­նու­թիւն հայ­թայ­թող մե­քե­նա­յէն (generator), որ­պէս­զի գի­շե­րը անոր աղօտ լոյ­սին տակ կա­րե­նան քիչ մը դաս սոր­վիլ… հի­մա այդ աշա­կերտ­նե­րը աւար­տե­լէ ետք պե­տա­կան պրո­վէի քն­նու­թիւն­նե­րը շուրջս նս­տած են եւ մենք աւար­տա­կան հան­դէ­սի պատ­րաս­տութեան մէջ ենք… Կը նա­յիմ շուրջս, կը դի­տեմ մեր դպ­րո­ցին եւ միու­թեան նո­րա­կա­ռոյց հո­յա­կապ շէն­քը, աչ­քիս առ­ջեւ կու գան մեր միւս դպ­րոց­նե­րը, հայ­կա­կան կեդ­րոն­նե­րը, եկե­ղե­ցի­նե­րը… Կը յի­շեմ Վե­րա­պատ­ուելի­ին ըսած­նե­րը եւ կա­տար­ուած մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը անոնց շուրջ… Եւ թող նե­րեն մեկ­նա­բա­նող­նե­րը, իրա­ւունք կու տամ Վե­րա­պատ­ուե­լի Յա­րու­թիւն Սե­լիմ­եա­նին, որ հա­ւա­նա­բար չ՛ու­զեր, որ իր եկե­ղե­ցին տա­րի­ներ ետք դա­տարկ մնայ եւ դր­ուի օտար պա­հա­կի մը հս­կո­ղու­թեան տակ, ինչ­պէս է օրի­նակ Սին­կա­փու­րի Հայ­կա­կան եկե­ղե­ցին…

Հա­յաս­տա­նի զօ­րու­թիւնը նա­եւ Սփիւռ­քի զօ­րու­թեան մէջ է, հայ ազ­գը նա­եւ ան­կաս­կած զօ­րա­ւոր է սփիւռք­եան իր հատ­ուա­ծով… Այ­սօր ինչ­պէս միշտ հզօր եւ ոչ թէ լալ­կան Սփիւռք մը կր­նայ ինչ­պէս հարկն է զօ­րա­վիգ կանգ­նիլ Մայր Հայ­րե­նի­քին, որուն բո­լորս ալ նա­խա­պա­տուու­թիւն կու տանք ան­կաս­կած… Իսկ Հա­յաս­տան պէտք է եր­թանք, ան­պայ­մա՛ն, բայց պէտք է եր­թանք կազ­մա­կերպ­ուած որ­պէս ներ­գաղ­թող, որ­պէս հայ­րե­նա­դարձ… առանց թողլ­քե­լու մեր սե­փա­կան ինչքն ու ազ­գա­յին հարս­տու­թիւնը…

Մանուէլ Քէշիշեան