kantsasar.com – Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի Միջ­նա­կար­գի 2012-2013 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նի շր­ջա­նա­ւարտ հունձ­քի ամա­վեր­ջի հան­դէ­սը եկաւ հաս­տա­տե­լու, որ երկ­րի անա­պա­հով պայ­ման­ներն ու կեն­ցա­ղա­յին բա­զում դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը յու­սա­հա­տու­թեան չեն մատ­նած մեր առոյգ աշա­կերտ­ներն ու Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւնը:

Հան­դէ­սը կազ­մա­կերպ­ուած էր հո­վա­նա­ւո­րութ­եամբ Հա­լէ­պի կր­թա­կան տնօ­րէ­նու­թեան, նա­խա­գա­հու­թեամբ Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Գերշ.Տէր Շա­հան Ս.Եպս. Սար­գիս­եա­նի, Կի­րա­կի 9 Յու­նիս 2013-ին, կէ­սօր­ուայ ժա­մը 12.00-ին, «Գ.Եսայ­եան» սրա­հէն ներս: Ներ­կայ էին Ազգ. Վար­չու­թեան, Պատ­կան Մարմ­նի, Ճե­մա­րա­նի խնա­մա­կա­լու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, Ճե­մա­րա­նի տնօ­րէնն ու պե­տա­կան տնօ­րէ­նը, ծնող­ներ եւ ու­սու­ցիչ­ներ:

Հան­դէ­սին բեմ բարձ­րա­ցան 129 աշա­կերտ-աշա­կեր­տու­հի­ներ, որոնք հպարտ իրենց ու­սում­նա­կան ձեռք­բե­րում­նե­րով, կո­կիկ յայ­տա­գի­րով մը հրա­ժեշտ տուին միջ­նա­կար­գի ու­սում­նա­կան հանգր­ուա­նին, թե­ւա­կո­խե­լու երկ­րոր­դա­կա­նի եռամ­եակ:

Հան­դի­սու­թիւնը բաց­ուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Սուր­իոյ օրհ­ներգ­նե­րով:

Հա­յե­րէն բաց­ման խօս­քով հան­դէս եկաւ շր­ջա­նա­ւարտ Անի Մկր­տիչ­եան, որ ըսաւ, թէ հա­կա­ռակ երկ­րիս ծանր պայ­ման­նե­րուն եւ Ճե­մա­րա­նը զին­եալ բա­խում­նե­րու գօտիի մէջ յայտն­ուած ըլ­լա­լուն հա­մար, տնօ­րէ­նու­թիւնը մեզ տե­ղա­փո­խեց Ազգ. Կիւլ­պէնկ­եան վար­ժա­րան եւ մեր ու­սում­նա­կան տա­րին իր լրու­մին հաս­ցու­ցինք, յաղ­թա­հա­րե­լով բո­լոր դըժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը:

Արա­բե­րէն լե­զուով բաց­ման խօսք ներ­կա­յա­ցուց շր­ջա­նա­ւարտ Շա­ղիկ Գէ­որգ, որ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Ճե­մա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մին` դժն­դակ այս տա­րին իր լրու­մին հասց­նե­լու իրենց ան­սա­կարկ ճի­գե­րուն հա­մար:

Ապա ելոյթ ու­նե­ցաւ երգ­չա­խում­բը` շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րէ բաղ­կա­ցած, խմ­բա­վա­րու­թեամբ տիկ. Ալին Մոմճ­եա­նի, շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին հա­յե­րէն եւ արա­բե­րէն եր­գեր:

Այ­նու­հե­տեւ Անի Տր­մաշ եւ Կա­րօ Գուզ­ու­եան, տպա­ւո­րիչ առո­գա­նու­թեամբ ներ­կա­յա­ցու­ցին արա­բե­րէն լե­զուով քերթ­ուած մը` «Դա­մաս­կո­սին նուիր­ուած քերթ­ուած» խո­րագ­րով:

Արա­բե­րէն լե­զուով ու­ղերձ ներ­կա­յա­ցուց շր­ջա­նա­ւարտ Շո­ղեր Տող­րա­մաճ­եան, ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լոր անոնց, որոնք կը սա­տա­րեն Սուր­ի­ա­կան հայ­րե­նի­քի պահ­պան­ման ու զար­գաց­ման, ինչպէս նաեւ յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց տնօ­րէ­նու­թեան, որ ճիգ չխ­նա­յեց ու­սում­նա­կան այս տա­րին ամ­բող­ջաց­նե­լու, ինչ­պէս նա­եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մին եւ դաստ­ի­ա­րակ­ներ` Ալին Պա­լիոզ­եան-Հա­մամճ­եա­նին եւ Նա­յի­րի Զա­քոյ­եա­նին:
Խումբ մը շր­ջա­նա­ւարտ­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին «Մեր Մայ­րե­րը» խո­րագ­րով հա­մադր­ուած աս­մունք մը, նուիր­ուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի կոն­դա­կով յայ­տա­րար­ուած «Հայ Մօր Տար­ուան»:

Հա­յե­րէն լե­զուով ու­ղերձ ներ­կա­յա­ցուց շր­ջա­նա­ւարտ Ալիք Սար­եան, որ ըսաւ. «Եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ կը բարձ­րա­նամ ին­ծի հա­մար տա­ճար դար­ձած Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի հան­դէ­սի այս բե­մը: Բեմ մը, որ տա­րի­ներ շարունակ սե­րունդ­ներ կեր­տած է հա­յե­ցի կըր­թու­թեամբ, խտաց­նե­լու շար­քե­րը նուի­րա­կան մեր ազ­գին»:

Խօսք առաւ Ճե­մա­րա­նի պե­տա­կան տնօ­րէն Տի­ար Ապ­տուլ Մա­ճիտ Մու­համ­մատ, որ ներ­կա­յա­ցուց երկ­րիս վի­ճակ­ուած ծանր պայ­ման­ներն ու կոչ ուղ­ղեց վե­րա­նո­րոգ թա­փով ու հա­ւատ­քով նա­յիլ ապա­գա­յին:

Ճե­մա­րա­նի տնօ­րէն Տի­ար Յա­կոբ Քի­լէճ­եան ներ­կա­յա­ցուց ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նի զե­կոյ­ցը, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նոր­դին եւ Ազգ. Վար­չու­թեան, որոնք նիւ­թա­պէս եւ բա­րո­յա­պէս նե­ցուկ կանգ­նե­ցան Ճե­մա­րա­նին, ինչ­պէս նա­եւ Ճե­մա­րա­նի խնա­մա­կա­լու­թեան, որ թեւ ու թի­կունք կանգ­նե­ցաւ Ճե­մա­րա­նին այս դժն­դակ օրե­րուն ըն­թաց­քին:
Ան շեշ­տեց, թէ Ազգ.Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նը հա­կա­ռակ այս դժ­ուար պայ­ման­նե­րուն մնաց հա­ւա­տա­րիմ իր սկզ­բունք­նե­րուն եւ առա­քե­լու­թեան` պատ­րաս­տել ապա­գա­յի հայ երի­տա­սար­դը դի­մագը­րա­ւե­լու կեան­քի դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը, կազ­մե­լու հայ ըն­տա­նիք, պահ­պա­նե­լու եւ զար­գաց­նե­լու հայ մշա­կոյ­թը եւ հե­տապն­դե­լու մեր ար­դար Հայ Դա­տը:
Ա.Ք.Ե.Ճե­մա­րա­նը ամ­րոցն է հա­յու­թեան եւ հայ­կա­կա­նու­թեան իր զուտ հայ­կա­կան մի­ջա­վայ­րով եւ հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րա­կու­թեամբ: Ան փա­րոսն է, որ կը լու­սա­ւո­րէ մեր երի­տա­սար­դու­թեան կեան­քի ու­ղին:

Ապա աւել­ցուց «Ճե­մա­րա­նը խս­տա­պա­հանջ է իր աշա­կերտ­նե­րուն նկատ­մամբ, սա­կայն այս տա­րեշըր­ջա­նին նկա­տի ու­նե­նա­լով երկ­րիս ընդ­հա­նուր պայ­ման­նե­րը, աշա­կերտ­նե­րու եւ ծնող­նե­րու հո­գե­կան, ըն­կե­րա­յին, ապա­հո­վա­կան եւ տն­տե­սա­կան պայ­ման­նե­րը զի­ջե­ցանք զա­նա­զան կէ­տե­րու մէջ ի շահ աշա­կեր­տին: Ու­նե­ցանք աշա­կերտ­ներ, որոնք ահ ու վա­խով ներ­կա­յա­ցան դպ­րոց, գուր­գու­րա­ցինք եւ զօ­րա­վիգ կանգ­նե­ցանք անոնց ներ­կա­յա­նա­լու դպ­րոց եւ կա­նո­նա­ւո­րա­պէս հե­տե­ւե­լու դա­սա­ւան­դու­թեանց, ու­նե­ցանք աշա­կերտ­ներ, որոնք տու­նը ջեր­մա­նա­լու առիթ չու­նե­ցան վա­ռե­լա­նիւ­թի չգո­յու­թեան պատ­ճա­ռով, գր­կե­ցինք զա­նոնք եւ մեծ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով ապա­հո­վե­ցինք վա­ռե­լա­նիւ­թը ջեր­մաց­նե­լու մեր զա­ւակ­նե­րը դպ­րո­ցէն ներս, երբ ան­գութ ձմ­րան պա­ղե­րը կը մխրճ­ուէր մեր ոս­կոր­նե­րուն մէջ: Ու­նե­ցանք աշա­կերտ­ներ, որոնք իրենց տու­նը կորսն­ցու­ցին, փոր­ձե­ցինք օգ­տա­կար դառ­նալ եւ գտ­նել անոնց յար­մար ապաս­տան մը: Ու­նե­ցանք աշա­կերտ­ներ, որոնք դէժ շր­ջան­նե­րու մէջ կը բնա­կէ­ին եւ դժ­ուա­րու­թիւն կ՛ու­նե­նա­յին դպ­րոց հաս­նե­լու, լայն հաս­կա­ցո­ղու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­ցինք անոնց ու­շա­ցում­նե­րուն եւ բա­ցա­կա­յու­թիւն­նե­րուն, իսկ մեր ծնող­նե­րու հիմ­նա­կան դժ­ուա­րու­թիւնը հան­դի­սա­ցաւ, իրենց նիւ­թա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը Ճե­մա­րա­նի հան­դէպ: Ան­շուշտ Ազ­գա­յին վար­չու­թիւնը չէր կր­նար ձեռ­նա­ծալ դի­տո­ղի դե­րա­կա­տա­րու­թեան մէջ ըլ­լալ, այլ նա­խա­ձեռ­նո­ղի, տագ­նա­պո­ղի եւ յար­մա­րա­գոյն լու­ծում­ներ որո­նե­լու լծ­ուե­ցաւ, որ այս ծանր բե­ռը թե­թեւց­նէ մեր ծնող­նե­րուն վրա­յէն, եւ երբ յայ­տա­րա­րե­ցինք ծնո­ղա­կան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին, թէ այս տա­րեշր­ջա­նին հա­մար ու­նինք յա­տուկ կար­գադ­րու­թիւն, որն է նիւ­թա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը չպա­հան­ջել ծնող­նե­րէն, եւ ծնող­նե­րը իրենց կա­րո­ղու­թեան հա­մա­ձայն կա­տա­րեն վճա­րում­նե­րը, ծնող­նե­րը ծա­փող­ջոյնն­ե­րով ըն­դու­նե­ցին որո­շու­մը եւ բարձր գնա­հա­տե­ցին Ազ­գա­յին վար­չու­թեան այս քաջ, մարդ­կա­յին եւ պատ­մա­կան որո­շու­մը. սա­կայն այս որո­շու­մը իրա­կա­նաց­նե­լու հա­մար կը պա­հանջ­ուէր շատ մեծ նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան զո­հո­ղու­թիւն­ներ, որ այս տա­րեշր­ջա­նի հա­մար Ազգ. Վար­չու­թիւնը տա­րաւ վճ­ռա­կա­նօ­րէն:
Այ­նու­հե­տեւ հան­դի­սու­թեան բե­մա­վա­րու­հի տիկ.Հու­րի Տէր­տէր­եան-Տիլ­պէր­եան ներ­կա­յա­ցուց խնա­մա­կա­լու­թեան խօս­քը: Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի խնա­մա­կա­լու­թիւնը ամէն տա­րի աւան­դու­թիւն դար­ձու­ցած էր պար­գե­ւատ­րել տար­ուան տի­պար ու­սու­ցի­չը, սա­կայն այս դժն­դակ տար­ուան մէջ հա­մե­մա­տա­կան չա­փա­նիշ­ներ չէր դրած, այլ բարձ­րօ­րէն կը գնա­հա­տէր բո­լոր ու­սու­ցիչ-ու­սուց­չու­հի­ներն ու տնօ­րէ­նու­թիւնը եւ հա­մայն պաշ­տօ­նէ­ու­թիւնը անխ­տիր, որոնք քա­ջա­րի կեց­ուածք ցու­ցա­բե­րե­ցին եւ ռում­բե­րու ու զար­կե­րու տակ առանց թե­րա­նա­լու կան­գուն պա­հե­ցին Ճե­մա­րանն ու յոյս ներշն­չե­ցին աշա­կեր­տու­թեան:

Տե­ղի ու­նե­ցաւ 7-րդ, 8-րդ եւ 9-րդ կար­գե­րու բարձ­րա­գոյն գու­մար­ներ ապա­հո­ված աշա­կերտ­նե­րու պար­գե­ւատ­րում:
Տե­ղի ու­նե­ցաւ վկա­յա­կա­նաց բաշ­խու­մը, այ­նու­հե­տեւ խօսք առաւ Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Շա­հան Ս.Եպս. Սար­գիս­եան:
Գերշ. Սր­բա­զան Հայ­րը ըսաւ` կր­թա­կան այս օճա­խը, լոյ­սի այս միջ­նա­բեր­դը մենք հա­ւա­քա­բար կա­րո­ղա­ցանք բաց պա­հել շնոր­հիւ բո­լոր անոնց, որոնք հա­ւա­տա­ցին եւ այս դպ­րո­ցին հա­մար չխ­նա­յե­ցին ոչ մէկ բան, որ­պէս­զի Ճե­մա­րա­նը ճա­ռա­գայ­թող մնայ:

Ճե­մա­րա­նը միայն շէնք ու կա­ռոյց չէ շեշ­տեց Սր­բա­զան Հայ­րը, այլ` ոգի է: Այդ ոգին ապ­րեց­նո­ղը մեր պատ­մու­թե­նէն յառնող հե­րոս­ներն են, եւ այդ ոգի­ին հա­մար մեր նիւ­թա­բա­րո­յա­կան բո­լոր զո­հո­ղու­թիւն­նե­րը քիչ են տա­կա­ւին: Այս ոգին է, որ մե­զի հայ կը պա­հէ, այս ոգին է, որ մե­զի մարդ կը պա­հէ, սուր­ի­ա­ցի կը պա­հէ: Հա­մե­մա­տա­բար ոե­ւէ սուր­ի­ացիի կամ կր­թա­կան հաս­տա­տու­թեան, Ճե­մա­րա­նը մնաց աւե­լի տո­կուն ու կա­յուն ու կր­ցաւ այս ոգին այս տա­րի եւս փո­խան­ցել մեր սե­րունդ­նե­րուն, առանց նա­հան­ջե­լու:

2012-13-ը լրու­մին հաս­ցու­ցինք մեծ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րու գնով, ամէ­նէն վտան­գա­ւոր կա­ցու­թիւն­նե­րու մէջ ան­գամ, Ճե­մա­րա­նի կա­ռոյ­ցը թէ­եւ վտան­գա­ւոր շըր­ջա­նի մէջ մնաց ու փակ պա­հեց իր դռ­նե­րը, սա­կայն մենք Ճե­մա­րա­նի ոգի­ով շա­րու­նա­կե­ցինք մեր դա­սա­ւան­դու­թիւնը մեր Ազ­գա­յին Կիւլ­պէնկ­եան վար­ժա­րա­նէն եւ Վրաց­եան կեդ­րո­նէն ներս:

Անդ­րա­դառ­նա­լով «Դպ­րոց» Հիմ­նադ­րա­մին Սր­բա­զան Հայ­րը ող­ջու­նեց բո­լոր բա­րե­րար­նե­րը, որով­հե­տեւ անոնք քաջ գի­տեն, որ սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը Սփիւռ­քի ող­նա­հա­րը կը ներ­կա­յաց­նէ ու թե­լադ­րեց մեր ծնող­նե­րուն միայն ակն­կա­լիք­նե­րով չմօ­տե­նալ դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն, այլ մեր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րով եւս նիւ­թա­պէս նե­ցուկ կանգ­նիլ մեր վար­ժա­րան­նե­րուն, որով­հե­տեւ սուր­ի­ա­հա­յը վարժ է իր դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու իր ճի­գե­րով, իր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով եւ ոչ թէ միայն ակն­կա­լիք­նե­րու վս­տա­հե­լով: Եւ Վեր­ջա­պէս թե­լադ­րեց երկ­րի դըժ­ուար պայ­ման­նե­րուն մէջ մեր կա­ռոյց­նե­րուն, մեր եկե­ղե­ցի­նե­րուն, մեր ազ­գա­յին կեան­քին կառ­չած ու ամուր հաս­տատ մնալ:
Հան­դի­սու­թիւնը փակ­ուե­ցաւ Սր­բա­զան Հօր «Պահ­պա­նիչ» աղօթ­քով: