kantsasar.com – Սի­րե­լի Նու­նէ Ասր­եան
Այ­սու կը ցան­կանք Հա­մազ­գա­յի­նի Սուր­իոյ Շրջ. Վար­չու­թեան եւ անոր ողջ ըն­տա­նի­քին անու­նով շնոր­հա­կա­լա­կան մեր ջերմ եւ խո­րազ­գաց զգա­ցում­նե­րը յայտ­նել ձե­զի, որ մարդ­կայ­նօ­րէն եւ թա­փան­ցե­լէ ետք միու­թեանս կող­մէ տար­ուած ազ­գան­ուէր նուի­րա­կան աշ­խա­տան­քի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն սր­տա­ռուչ յօդ­ուա­ծով մը ար­ձա­գան­գած էք ձեր ապ­րում­նե­րը:

Ար­դա­րեւ ինչ­պէ՞ս չյուզ­ուիլ եւ չզ­գաս­տա­նալ ի լուր այն խօս­քե­րուն, որոնք կը շռայլ­ուին կազ­մա­կեր­պու­թեան մը, որուն մէկ բաղ­կա­ցու­ցիչ տար­րը կը կազ­մէ իւ­րա­քան­չիւր հա­յոր­դի: Չէ՞ որ ինքն է եղած դա­րա­ւոր ճա­նա­պար­հին մեր առաջ­նոր­դը, յոյսն ու ղե­կա­վա­րը բազ­մա­թիւ մար­տա­կո­չե­րուն:
Ինչ­պի­սի՞ զգա­ցու­մով մա­կարդ­ուած է ձեր էու­թիւնը երբ ինք­նավս­տա­հու­թեամբ կ՛աւելցը­նէք, որ հա­յը կա՜յ որով­հե­տեւ ներ­կայ է պատ­րաստ Դաշ­նակ­ցա­կա­նը:

«Մենք կռուող ու մարտն­չող մար­դիկ ենք, զօ­րա­կան եւ ի վեր­ջոյ մար­տի­րոս, ապա­ցու­ցե­լով որ մենք էլ ապ­րե­լու եւ յա­րա­տե­ւե­լու իրա­ւունք ու­նենք եւ այն ձեռք ենք բե­րել սե­փա­կան արիւ­նով:

Յա­ւերժ փա՜ռք յա­նուն հա­յու­թեան ու մեր նո­րօր­եայ մեծ յաղ­թա­նա­կին հա­մար նա­հա­տակ­ուած հա­յոր­դի­նե­րին:
Դա­րաս­կիզ­բը նշա­նա­ւոր­ուեց ան­կա­խութ­եան հռ­չակ­մամբ, որի սկիզ­բը դար­ձաւ 1918 թ. Մա­յիս 28-ի յաղ­թա­նակն ու Ան­կախ Հան­րա­պե­տու­թեան ամ­րագ­րու­մը:

Հայ երի­տա­սա՛րդ. դու ար­ժա­նի շա­րու­նա­կո՛ղը պէտք է լի­նես Մա­յիս 28-ին սկիզբ դր­ուած գոր­ծին, հենց քո մի­ջո­ցով հա­յը` հա՛յ պի­տի մնայ աշ­խար­հի որ ան­կիւ­նում էլ լի­նի, հայ ինք­նութ­եան կրողն ու փո­խան­ցո­ղը դո՛ւ ես, դա՛ է քո հա­յի պատիւը, քո մի­ջո­ցով մեր ազ­գա­յին զար­թօն­քը պէտք է դառ­նայ կա­յա­ցած իրո­ղու­թիւն:

Հա­յը կա՛յ, պի­տի ապ­րի, յա­ւեր­ժա­նայ, քա­նի որ կայ հա­յոց բա­գի­նի առաջ զոհ­ուե­լու պատ­րաստ Դաշ­նակ­ցա­կա­նը»:

Մենք եւս կը հա­մալ­րենք հայ­րե­նա­սի­րա­կան ձեր միտ­քը, աւելց­նե­լով` քա­նի որ հա­յը կը գո­յա­տե­ւէ, կ՛ապ­րի Դաշ­նակ­ցու­թիւնը:

Ու­ղար­կած ձեր յօդ­ուա­ծը յանձ­նած ենք տպագ­րու­թեան, մեր մօտ լոյս տես­նող Բեր­իոյ Թե­մի պաշ­տօ­նա­թերթ «Գան­ձա­սար» շա­բա­թա­թեր­թի խմ­բագ­րու­թեա­նը: Այս օրի­նա­կը յատ­կա­պէս կ՛ուղ­ղենք ձե­զի որ­պէս շնոր­հա­կա­լա­կան զգա­ցու­մի վսեմ ար­տա­յայ­տու­թիւն:

Առ այդ, կը մաղ­թենք ձե­զի բա­րե­կե­ցու­թիւն եւ յա­ջո­ղու­թիւն ձեր առօր­եայ աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Յար­գա­նօք եւ լա­ւա­գոյն զգա­ցում­նե­րով`

Համազգայինի
Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւն