– Այսօր վաղ առաւօտեան ահաւոր պայթիւնէ ցնցուելով արթնցանք… Թաղին բնակիչները քնկոտ, պատշգամներ ելած, զիրար կը դիտէին ու լուռ հարցում մը կար` ո՞ւր եղաւ: Մօտակայ տեղ մըն էր, տակաւին պիտի սպասենք լուրը` ի՞նչ շէնք փլեցաւ, քանի՞ մարդ առաւօտուն աչքը չբացաւ: Մինչդեռ…
Պաշտօնական
Հաղորդագրութիւն Թիւ 3
15/08/2012
Հալէպահայութեան Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմինը կը թելադրէ գաղութիս այն հայորդիները, որոնց բնակարանները, գործատեղիները կամ ինքնաշարժները վնասուած են քաղաքին մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն պատճառով (բախումներ, պայթումներ, ռմբակոծումներ) անյապաղ եւ անպայման կատարեն իրենց վնասներուն գծով ոստիկանական համապատասխան արձանագրութիւնը (ضبط شرطة), ուր պէտք…
Պաշտօնական
Հաղորդագրութիւն Թիւ 2
05/08/2012
Մեր ժողովուրդի զաւակներուն արտակարգ իրավիճակներու բերումով՝ ռմբակոծումի ու անոր հետեւանքով վիրաւորուած կամ տեղափոխուած պարագաներուն, ըստ հնարաւորին անմիջական օժանդակութիւն հասցընելու նպատակով, Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Մարմինը արդէն Հալէպի մէջ յառաջացուցած է Հալէպահայութեան Շտապ Օգնութեան Մարմինը, որ իր գործադիրով ու ենթայանձնախումբերով կը գործէ…
Պաշտօնական
Հաղորդագրութիւն Թիւ 1
26/07/2012
Սուրիական հայրենիքին վիճակուած տագնապի շրջագիծին մէջ, սուրիահայ կազմակերպութիւններն ու բարեսիրական միութիւնները, գլխաւորութեամբ հայ համայնքապետերուն յառաջացուցած են ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՄԻՆը: Սուրիոյ հայկական կարեւորագոյն կեդրոններէն իւրաքանչիւրը, միասնակամութեան սկզբունքով առաջնորդուած եւ տեղական պայմաններուն ու կացութեանց համապատասխան աշխատանք կը ձեւակերպէ: Հալէպահայութեան Շտապ Օգնութեան…