kantsasar.com – Մարդկային հաւաքականութիւններ ընդհանրապէս կը զարգանան ու կը կազմաւորուին երկու ձեւերով. առաջինը` բնական աճն է ծննդաբերութեամբ, իսկ երկրորդը`գաղթի եւ տեղափոխութիւններու միջոցաւ:
Այս գաղափարը հիմնական սեպելով պէտք է լուսարձակի տակ ձգել Արեւմտեան Եւրոպայի, Գանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու զոյգ ափերուն վրայ ծիլ տուող եւ աճող հայ գաղութներու կազմաւորման եւ զարգացման հանգրուանները:
Յիշենք թէ` Հայոց Մեծ Եղեռնէն վերապրած հայրենակիցներ Հալէպէն անցնելով հասան Լիբանան, ապա Արեւմուտք: Միջին Արեւելքի մէջ կատարուած տեղական քաղաքականութեանց իբրեւ, արդիւնք հայկական հոսքը սաստկացաւ դէպի հայրենիքէն աւելի հեռու երկիրներ: Համեմատաբար բարօր կեանք ապահովելու եւ նոյն ատեն մոռացութեան ենթարկելով անյեղլի գաղափարները թէ Միջին Արեւելքի տարածքին գտնուող հայ գաղութները ընդհանրապէս եւ սուրիահայ գաղութը յատկապէս կամուրջ կը հանդիսանան հայրենիքի եւ հայահաւաքի միտքը կերտելու եւ թարգմանելու սուրբ գործի, քանի որքան կամուրջը ամուր կը մնայ փոխադրութիւնը այդքան ճիշդ կը կատարուի:
Նիւթական հասկացողութիւն ունեցող կամուրջը կը վերածուի բարոյականութեան շողեր արձակող մայր արեւի ու տեսլական հայրենիքի ուրուագիծը կը քանդակէ բոլոր գաղթօճախներէն ներս ապրող տարագիր հայերուն հոգիներուն ու մտքերուն մէջ, հայրենիքի պատկերը անեղծ պահելով:
Հայազգի զաւակներ սուրիահայ դարբնոցէն թրծուելով իբրեւ փարոսի կայծ տարածուեցան ի Սփիւռս աշխարհի ու դարձան ամենայն հայոց, ամէնուն ուսուցիչ, դպրապետ, շարականագէտ, հայագէտ, հայրենագէտ, հայրենասիրութիւն ներշնչող ազգային գործիչ, մտաւորական, որոնք ազգին հոգեկան, բարոյական ու նոյնիսկ նիւթական պահանջներուն գոհացում տուին կազմելով հայրենակցական, մարզական, մշակութային, բարեսիրական միութիւններ փրկելով զանոնք հոգեւոր ցուրտէն:
Սուրիահայեր որպէս ատաղձ այրեցան հայ կեանքի հնոցին մէջ հայապահպանման կրակը վառ պահելու նպատակով, նոյն ժամանակ իրենց սրտէն որպէս մասունք տուին բոլորին, միշտ ծառայելով օտար շրջակայքին:
Այս ընթացքին զուգահեռ սուրիահայ գաղութը նոյն ժամանակագըրութեամբ իր կաթոգին սխրանքներով դարձաւ մայր գաղութ կամ հայկական գաղութներու մայրաքաղաքը, ուր կազմակերպուեցան սեմինարներ, խորհրդաժողովներ, համագումարներ, զատկուան ընդ. տողանցքներ, ուր մայր գաղութը իր թեւերուն տակ առած տարագիր զաւակները կեանքի իմաստը կը ջամբէր անոնց` միասնական ոգին միշտ բարձր պահելով:
Սուրիահայութիւնը աշխարհը ապշեցուց Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահին անզուգական ընդունելութեամբ, հանգամանք յարգելով նաեւ իր համեստ բայց պատուաւոր ներդրումը ունեցաւ ազգային գերխնդիրներու մէջ, ինչպէս Հայ Դատի հետապնդում, զինեալ պայքար, Լիբանանեան պատերազմին եւ Արցախի ազատագրական պայքարի մէջ նեցուկ կանգնելով իր ազգակիցներուն ընդհանուր շահերուն, նպատակներուն:
Սակայն այս օրերուն` դաժան բախտի կռանը կը ծանրանայ սուրիահայութեան վրայ, վիրաւոր գաղութը մօր պէս կը հայի իրմէ սնած ու բխած զաւակներուն: Հարկ է թողուլ թաւշիա գրասենեակներն ու հասնիլ Մայր Գաղութին ոչ միայն բաւարարելու անոր կարիքները, այլ առաջին հերթին արժանապատիւ դիրքորոշում ունենալու, ապա հոգու պարտքը տալու համար, եւ այդ` տիտաններու հնոցը վառ պահելու միջոցաւ ինքզինք պահելու նպատակով:
Միասնական ուժով դիմագրաւելու առկայ դժուարութիւնները, միասնական կամքի առողջ կշռոյթով կը գոյատեւեն մեծ ազգերը:
Արամ Աւագեան