aztagdaily.com – Աշխարհաքաղաքական ծրագիրներու մասին ուսումնասիրութիւն կատարող, տարբեր վերլուծական կեդրոններու եւ միջազգային մամուլի աշխատակից Ալեքսանտր Տել Վալը գիտահետազօտական աշխատասիրութիւններ ունի յետքեմալական Թուրքիոյ, անոր Եւրոպական Միութեան հետ համարկման ճիգերուն եւ ընդհանրապէս իսլամական աշխարհին մէջ կատարուող զարգացումներուն մասին: Սուրիոյ խնդիրներուն վերաբերեալ իր վերջին հրապարակումին մէջ Ալեքսանտր Տել Վալը շեշտած է սուրիահայութեան նկատմամբ Անգարայի կողմէ գալիք վտանգը: Այստեղ կայ ծայրայեղացման միտում: Տել Վալ կը «վկայակոչէ» սուրիահայ համայնքը եւ կը խօսի հարիւրաւոր սպաննուածներուն եւ հայկական Քեսապ գիւղին դէմ իրականացած յարձակումին մասին. վերլուծումը կը հասնի այն ենթադրութեան, որ հայերու յօգուտ կառավարական ուժերու կողմնորոշման պարագային, անոնց կը սպառնայ նոր ցեղասպանութիւն Սուրիոյ մէջ ապրող թուրքմեններու ձեռամբ, որոնք կը զինուին եւ կը ֆինանսաւորուին Անգարայի կողմէ:
Պահ մը մէկ կողմ դնենք Տել Վալի հաղորդածներուն ծայրայեղացուած ըլլալու փաստը եւ քաղաքական միտում ունեցած ըլլալու համոզումը եւ տեսնենք երկրին մէջ ծայրայեղ իսլամականութեան կայացման դրսեւորումները, հակաքրիստոնեայ մոլուցքի երեւոյթները, քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներու առեւանգումները եւ նմանատիպ դէպքեր, որոնք կը յիշեցնեն Իրաքի քրիստոնեաներուն նկատմամբ կիրարկուած քաղաքականութիւնն ու անոր արդիւնքը: Բնական է, որ ճգնաժամը, անապահովութիւնը, պատերազմական գործողութիւնները կը յանգին բնակչային որոշ տեղաշարժերու: Իսկ երբ նախադրեալները կը յուշեն ազգաբնակչութեան որոշ խաւի թիրախաւորուած ըլլալու մասին, տեղաշարժի մղումները կը բազմապատկուին: Տեղաշարժը կրնայ ըլլալ ներքին (Իրաքի պարագային դէպի ինքնավար Քիւրտիստան) եւ յատկապէս արտաքին (յատկապէս դէպի Եւրոպա եւ մասնաւորաբար դէպի Շուէտ):
Քրիստոնեայ տարրը շրջանէն պարպելու քաղաքականութեան մը կիրարկումի մասին մտածելու որոշ տուեալներ կան անշուշտ: Խուճապային տրամադրութիւններ ստեղծելը, դէպքերը խոշորացոյցի տակ առնելը եւ արագ եզրակացութիւններ կատարելը (ընդհուպ մինչեւ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի սպանութեան դիմաց պատուեգիներու ճշդում կամ նոր ցեղասպանութեան նախապատրաստութիւն) այս բոլորը անշուշտ զուտ տեղեկատուական կամ ապատեղեկատուական պարագայական արտադրութիւններ չեն, այլ կը նախանշեն որոշ ուժերու քաղաքական վարքագիծ մը:
Հրապարակագրական ենթադրութիւնները, վերլուծումները քաղաքական ոսպնեակներու ազդեցութիւն կը կրեն անշուշտ: Փաստերը սակայն, մանաւանդ արդիւնքները մտածել կու տան այդ բոլորի քաղաքական շարժառիթներուն մասին: Թէ՛ Իրաքի եւ թէ՛ Սուրիոյ պարագային քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւնները դէպի Շուէտ ուղղորդելու համար ընծայուած դիւրութիւնները հեռու են պատահականութեան տեսութենէն:
Որոշ սուրիահայերու պարագային հայաստանեան քաղաքացիութեան շատ արագ տրամադրումը առաջին դուռն է Երեւանի ժամանակաւոր կանգառէն ետք դէպի Շուէտ կամ այլուր մեկնելու: Համապատասխան գրասենեակները արագ կը գործեն այս ուղղութիւնները ապահովելու համար: Վճարները որոշուած են եւ ընթացակարգը յայտնի:
Բայց նախքան այդ ամբողջ գործընթացին սկսիլը, նախ համոզումը պէտք է ձեւաւորել: Եւ այստեղ է, որ Ալեքսանտր Տել Վալի յօդուածներուն կարիքը կայ: Անգարա, թուրքմեններ, յարձակում հայկական գիւղի վրայ եւ նոր ցեղասպանութեան սպառնալիք:
Առանց թերագնահատելու թրքական գործօնի վտանգը` Տել Վալին մատնանշած սպառնալիքը տեսանելի չի թուիր: Բայց կայ քրիստոնեայ տարրին հեռացումը երկրէն եւ շրջանէն: Իսկ այստեղ է ահա, որ պարզեցուած կարգով եւ յատուկ դիւրութեամբ ու արագութեամբ քաղաքացիութիւն շնորհելը ինքնին կրնայ նպատակին չծառայել, եթէ չկայ համալիր ծրագիր` ճգնաժամի հետեւանքով հայրենիք յայտնուած հայ մարդուն ոչ ժամանակաւոր հայրենադարձի կարգավիճակ ապահովելու համար:
Ստեղծուած պայմաններուն մէջ առաջադրուած ելքը դէպի Հայաստանն է, ուր քաղաքացիութիւն ստանալը եւ կեցութեան օրինականացումը բաւարար չեն անշուշտ: Բնակարանային հարցի լուծումը ինքնին չի նպաստեր ճգնաժամային պայմաններու բերումով սկսած հայրենադարձութեան սահմանափակ գործընթացին: Աշխատանքի ապահովումը, արդարացուած աշխատավարձը, կենցաղային խնդիրներու լուծումը աւելի քան անհրաժեշտ գործօններ են, որոնց ապահովումը այս բոլոր բարդ եւ անկանխատեսելի իրավիճակներուն մէջ կրնայ ամէնէն իրականանալին թուիլ պետական մակարդակի վրայ հակաճգնաժամային ծրագիր գործադրելու համար:
«Ա.»