aztagdaily.com – Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ակնարկեց Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւններուն, որոնց շրջագիծին մէջ նաեւ Սուրիոյ տագնապին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ ընտրական օրէնքի մը յանգելու կարելիութեան եւ կառավարութեան կազմութեան հեռանկարներուն:
Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամի շուրջ համախոհութիւն գոյացած է եւ անոր թեկնածութեան Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ առաջադրուիլը խնդիր մը չէ:
«Վարչապետ Սալամ տակաւին ժամանակ ունի փաստելու համար, որ ինք ամբողջ Լիբանանի վարչապետն է», ընդգծեց երեսփոխան Բագրատունի:
Ան աւելցուց, որ Սալամի հետ իր հանդիպումներուն ընդմէջէն շօշափած է, թէ ան պատրաստակամ է եւ համբերութիւն ունի, ինչպէս նաեւ իր դիմադրողականութեան շնորհիւ կրնայ ապացուցել, որ ինք ամբողջ Լիբանանի վարչապետն է:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Լիբանան ներկայիս բնականոն պայմաններու մէջ չի գտնուիր` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ ոչ ոք կրնայ երաշխաւորել կատարուած իրողութիւնները կամ ապագան: Ան նշեց, որ հակառակ իր սկզբունքներուն, վարչապետ Սալամ պատրաստակամութիւնը ունի լսելու ամէն ինչ: «Վարչապետ Սալամ ստացած է 124 երեսփոխանի զօրակցութիւնը, այսինքն` անոր անձին շուրջ գրեթէ համախոհութիւն գոյացած է, իսկ անոր պարտականութիւնն է պահպանել այդ համախոհութիւնը: Սակայն վստահութիւնը պէտք է փոխադարձ ըլլայ», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով յաջորդ կառավարութեան աշխատանքի բնոյթին` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքը միայն երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելով պէտք չէ սահմանափակել: «Եթէ երկրին մէջ ապահովական հարցեր բռնկին, ո՞վ պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ», հարց տուաւ ան:
Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ վարչապետ Սալամի ներկայացուած պահանջներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ այդ ուժերը կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդը չեն պահանջած, այլ` պահանջած են ըստ քաղաքական չափի ներկայացուցչութիւն:
Անդրադառնալով Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ այդ մէկը զգայուն թղթածրար մըն է` աւելցնելով, որ անիկա մարդկային եւ քաղաքական հարց մը ըլլալու կողքին, նաեւ շրջանային բնոյթ ունեցող թղթածրար մըն է:
«Երբ կը խօսինք արաբական եւ թրքական միջնորդութեան մասին, չենք կրնար ըսել, որ այդ հարցը շրջանային չէ», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու գործողութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է որոշ պահանջներու:
Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ այդ թղթածրարին պարագային ցաւալի է նաեւ լիբանանեան պետութեան ցուցաբերած մօտեցումը, որովհետեւ անիկա այդ առեւանգեալներուն հետ վարուեցաւ ոչ իբրեւ լիբանանցի առեւանգեալներ, այլ շիի կամ Հըզպալլայի հետեւորդ առեւանգեալներ:
Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ դժբախտաբար հարցին կարեւորութիւնը նկատի չեն ունենար, այլ այդ հարցին կարեւորութիւնը կը փորձեն չափել խնդրոյ առարկաներէն: Այս ծիրին մէջ ան առաջին անգամ ըլլալով անդրադարձաւ չորս ամիս առաջ հայ կաթողիկէ վարդապետի մը եւ լատին քահանայի մը առեւանգումին` նշելով, որ ոչ ոք կը խօսի անոնց մասին:
Ան մաղթեց, որ լիբանանցի առեւանգուածները, ինչպէս նաեւ Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսները ազատ արձակուին:
Սուրիոյ տագնապին մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այս հանգրուանին Սուրիոյ հարցին առումով արձանագրուած են շրջանային եւ միջազգային զարգացումներ, որոնք թէ՛ քաղաքական են եւ թէ՛ գետնի վրայ շօշափելի են:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին առումով փոփոխութիւնները կարելի է վերագրել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի միջեւ մնայուն խորհրդակցութիւններուն, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայել Պոկտանովի Լիբանան կատարած այցելութեան, ինչպէս նաեւ շրջանային այլ տուեալներու:
«Սուրիոյ տագնապին լուծում մը ապահովելով կարելի եղած կ՛ըլլայ փրկել Սուրիան եւ ամբողջ շրջանը, յատկապէս` Լիբանանը, Յորդանանը եւ այլ երկիրներ», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ իր կարծիքով, Սուրիոյ տագնապը երկարելու եւ հանգրուանային լուծումներու յանգելու ժամանակաշրջան մը մուտք գործած ենք, մինչեւ որ կարելի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ յստակ բանակցութիւններ կատարել` հիւլէականին, քարիւղին եւ վառելանիւթին հարցով:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ Սուրիոյ զօրակցելու եւ զայն Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու զոհը չդարձնելու կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Սէյիտ Նասրալլայի կեցուածքները կը մեկնաբանեմ Սուրիոյ տապալումը եւ Սուրիոյ բաժանումը արգիլելու շրջագիծին մէջ: Թերեւս Սուրիոյ բաժանումը արգիլելու համար պէտք է արգիլել նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին տապալումը, սակայն յստակ է, որ սէյիտ Նասրալլա կ՛անդրադառնար Սուրիոյ` իբրեւ պետութիւն, ժողովուրդ եւ բանակ»:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ Դիմադրութիւնը այսօր կը խօսի իր ճակատագիրին եւ Իսրայէլի դիմադրելու մասին: «Եթէ Սուրիան տապալի, այլեւս ոչ ոք կրնայ Իսրայէլին դիմադրելու, Պաղեստինեան հարցին, Կազայի, Այսրյորդանանի եւ Երուսաղէմին մասին խօսիլ: Իսկ շրջանը բաց կ՛ըլլայ բոլորին համար, հոն կրնան գալ բոլորը, ներդրումներ կատարել եւ զայն վերածել տնտեսական շրջանի մը», հաստատեց ան:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ սէյիտ Նասրալլայի ճառը եկաւ զգուշացնելու բոլորը, որ Դիմադրութիւնը դէմ է շրջանին բաժանումին եւ դէպի անորոշութիւն ուղղուելուն:
Աշխատաւորներու միջազգային տօնին առիթով Յ. Բագրատունի շնորհաւորեց աշխատաւորները եւ անոնցմէ խնդրեց միասնականացնել իրենց ջանքերը, ցոյցերը եւ պահանջները` առանց քաղաքականացնելու այդ պահանջները, որովհետեւ անոնք արդար են եւ պէտք է կատարուին: