kantsasar.com – ԹԱ­ՓԱՆ­ՑԻԿ ՎԱ­ՐԱ­ԳՈՅՐ
Որ­քան սուտ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ կը լսենք հե­ռա­տե­սի­լէն: Անա­մօ­թու­թիւնը սահ­ման չու­նի, մար­դիկ երե­սիդ նա­յե­լով սու­տը որ­պէս իրա­կա­նու­թիւն կը ներ­կա­յացը­նեն:

Ահա թուրք մը ան­գիր ըրած արա­բե­րէ­նով, կա­կա­զե­լով կը բար­բա­ռի ըսե­լով թէ շու­տով Թուրք­ի­ան նախ­կի­նէն աւե­լի լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ պի­տի ու­նե­նայ Սուր­իոյ հետ:

Չի բա­ւեր այս խօս­քը, ան­մի­ջա­պէս կ’անց­նի կրօ­նի օժան­դա­կու­թեան, ըսե­լով թէ իս­լա­մու­թիւնն է կա­րե­ւո­րը ու մենք Սուր­իոյ հետ իս­լամ եղ­բայր­ներ ենք:

Եթէ իս­լամ եղ­բայր­ներ էք Իս­թամ­պու­լէն խօ­սող թուրք, հա­պա ին­չո՞ւ տաս­նամ­եակ­նե­րէ ի վեր տասն­եակ հա­զա­րա­ւոր իս­լամ քիւր­տեր ջար­դե­ցիք, հա­զա­րա­ւոր քիւրտ ըն­տա­նիք­ներ տե­ղա­փո­խու­թեան են­թար­կե­ցիք, չէ՞ որ քիւր­տե­րը իս­լամ են:

Հա­պա Սուր­ի­ա­ցի՞ն, չէ՞ որ Սուր­ի­ան իր 23 միլի­ոն բնակ­չու­թեան չախ­չա­խիչ մե­ծա­մաս­նու­թեամբ իս­լամ արաբ­նե­րէ կը բաղ­կա­նայ:
Կը խօ­սիս նա­եւ այն մա­սին թէ դուք Իս­րա­յէ­լի բա­րե­կամ չէք: Դէմ էք Իս­րա­յէ­լի Կա­զան քան­դե­լուն, ամ­բողջ այդ հո­ղա­մա­սը փլա­տակ­նե­րու վե­րա­ծե­լուն, հա­զա­րա­ւոր արաբ պա­ղես­տին­ցի­ներ ռմ­բա­հա­րե­լուն:

Բայց երբ արա­բա­կան հե­ռար­ձակ ռում­բեր սկ­սան տե­ղալ Իս­րա­յէ­լի մայ­րա­քա­ղաք Թէլ Աւիւի վրայ, երբ Իս­րա­յէ­լը տե­սաւ թէ ինք եւս զա­ւակ­ներ պի­տի կորսնց­նէ, կորսըն­ցուց ալ, ձե­զի դի­մեց, Թուրք­իոյ դի­մեց, որ­պէս­զի միջ­նոր­դէ պա­ղես­տին­ցի­նե­րու մօտ, հրա­դա­դա­րի հա­մար: Հրա­դա­դար թուրք «թշ­նա­մի»ի ձեռ­քով իրա­կա­նաց­նե­լու հա­մար:

Այս ինչ տե­սակ թշ­նա­մի է, որ միջ­նորդ կը դառ­նայ: Դուք էք ըսո­ղը, թուրք քա­ղա­քա­գէտ:

Դուք երբ ձեր քա­ղա­քա­կան նեն­գու­թիւն­նե­րը ծած­կե­լու պէտ­քը ու­նե­նաք, կը վա­զէք կրօն­քի վա­րա­գոյ­րին ու կը խօ­սիք իս­լա­մի եղ­բայ­րու­թեան մա­սին, երբ ահա եր­կու տարիէ ի վեր զին­եալ խում­բեր մար­զե­լէ ետք Սուր­իոյ ազատ սահ­մա­նէն ներս կը ղր­կէք, որ­պէս­զի կոր­ծա­նեն այս հրա­շա­լի եր­կի­րը, փլա­տա­կի վե­րա­ծեն գիւ­ղեր ու քա­ղաք­ներ, երբ ձեր աչ­քը Հա­լէ­պի վրայ է: Չէ՞ որ ժա­մա­նակ մը 1516 թուա­կա­նէն մին­չեւ ձեր պար­տու­թիւնը, վերջ­նա­կան պար­տու­թիւնը` 1918 թուա­կա­նին, Արա­րա­յի ճա­կա­տա­մար­տով, ամ­բողջ դա­րեր, խա­ւա­րի մատ­նե­ցիք Հա­լէպն ու անոր բնակ­չու­թիւնը:
Հի­մա ալ կը խօ­սիք այն մա­սին թէ եղա­ծը քա­ղա­քա­կան տա­րա­կար­ծու­թիւն է:

Քա­ղա­քա­կան տա­րա­կար­ծու­թիւն: Հա­պա ո՞ւր մնաց ձեր իս­լա­մու­թիւնը, մա­նա­ւանդ` «եղ­բայ­րու­թիւն»ը:

Քիչ եղաւ ձեր ար­ձա­կած ռում­բե­րուն քա­նա­կը Հիւ­սի­սա­յին Իրա­քի վրայ, ուր քիւր­տեր հե­րո­սա­կան պայ­քա­րի ելած են յա­նուն իրենց լեզ­ուին ու հո­ղին պաշտ­պա­նութ­եան:

Հի­նէն ի վեր, Օս­ման­եան տի­րա­պե­տու­թե­նէն ի վեր, Քէ­մա­լով շա­րու­նա­կուող, Էր­տո­ղա­նով եւս շա­րու­նա­կուող, ձեր օս­ման­եան հա­գուստ­նե­րը փո­խած էք, բայց քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը մնա­ցած է նոյ­նը:

Կր­ցած էք հա­յը, յոյ­նը, ասո­րին իս­լա­մաց­նել, թր­քացը­նել հա­րիւր հա­զար­նե­րով, որ­պէս­զի ձեր դի­մա­գի­ծը եւ­րո­պա­կա­նաց­նէք, Ուր­բա­թի փո­խա­րէն Կի­րա­կին ար­ձա­կուր­դի օր դարձ­նե­լով: Բայց չէ՞ որ իս­լա­մը Ուր­բա­թը կը պա­հէ միայն որ­պէս ոչ աշ­խա­տան­քա­յին օր:
Քէ­մա­լը չէ՞ր, օս­ման­ցիու­թիւնը պա­հող Քէ­մա­լը, որ յայ­տա­րա­րեց` թէ ողջ մնա­ցող հա­յե­րը իրա­ւունք չու­նին վե­րա­դառ­նա­լու իրենց հո­ղե­րուն: Բայց չէ՞ որ Արե­ւել­եան Թուրք­իա կո­չուող հո­ղա­տա­րած­քը դա­րե­րով եղած է Հա­յաս­տան` հայ­կա­կան հող:
Նոր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն չէ՞ որ կը կի­րար­կէ Իս­րա­յէ­լը, ար­գի­լե­լով որ պա­ղես­տին­ցի արաբ­նե­րը վե­րա­դառ­նան իրենց հո­ղե­րուն, իրենց իսկ սե­փա­կան տու­նե­րուն:

Ձեր փո­փո­խու­թիւնը լա­տի­նա­կան տա­ռե­րը փո­խա­րի­նե­լով արա­բե­րէ­նին, մա­կե­րեսն է ձեր ար­տա­քի­նը: Ներ­քի­նը մնա­ցած է նոյ­նը: Ներ­քի­նը ձեր ցե­ղա­յին կե­նե­րուն մի­ջո­ցաւ հե­ռա­ւոր արե­ւել­քէն գա­լով եւ այժմ Թուրք­իա կո­չուող թե­րակղզի­ին վրայ հաս­տատ­ուե­լով չէ փոխ­ուած:
Հի­մա ալ, դա­րե­րով արա­բա­կան եր­կիր­նե­րուն վրայ իշ­խե­լէ եւ թր­քա­ցու­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն վա­րե­լէ ետք եղ­բայ­րու­թեան մա­սին կը խօ­սիք ապա­ւի­նե­լով կրօն­քին:

Երբ կրօն­քին պէտ­քը զգաք, զի­նա­նո­ցէն դուրս կը հա­նէք կրօն­քի հար­ցը, երբ այդ կրօն­քը ըն­դու­նած քիւր­տը կը ջար­դէք, այդ կրօն­քը հիմ­նած արա­բա­կան Սուր­իոյ վրայ, որ կրօ­նով «եղ­բայ­րա­կից» է ձե­զի, նեն­գօ­րէն զին­եալ խում­բեր կը ղր­կէք, մտա­ծե­լով աւար մըն ալ բա­ժին առ­նել Արեւ­մուտ­քի դա­ւա­դիր այս պա­տե­րազ­մէն, որուն փլա­նա­ւո­րու­մը նոյն նենգ Արեւ­մուտ­քին դա­սա­կան մէկ գործն է, որուն կառ­քին դուք եւս լծած էք ձեր եզ­նե­րը:
Բայց մի՛ մոռ­նաք որ Սուր­ի­ան երէկ­ուա­նը չէ:

Ձեզ ճանչ­նալն ալ դժ­ուար չէ, քա­նի վա­րա­գոյ­րը որ ձեզ կը պա­տէ խիստ թա­փան­ցիկ է: Նմա­նու­թեան օրի­նակ մը չեմ ու­զեր տալ…
Ժա­մա­նա­կը կա­րող է ամէն ինչ, կ’ըսեն: Լա՛ւ խօսք է: Հի­մա, եկած է ժա­մա­նա­կը որ Սուր­ի­ան որո­շէ իր այ­սօրն ու ապա­գան:
Հա­լէպ, 25 Նո­յեմ­բեր 2012

ՍՈՒՐ­Ի­Ա­ՑԻ ՀԱ­ՅԵ­ՐԸ

Հա­լէ­պը ու­նի հինգ Հայ Առա­քե­լա­կան եկե­ղե­ցի.- Ս. Քա­ռաս­նից Ման­կանց Մայր եկե­ղե­ցի, որ ու­նի աւե­լի քան հինգ հա­րիւր տա­րի­նե­րու գոր­ծող կեանք, Ս. Գէ­որգ եկե­ղե­ցի, որ կա­ռուց­ուած է մա­րաշ­ցի­նե­րու եւ զէյ­թուն­ցի­նե­րու կող­մէ, փո­խան Ս. Խաչ եկե­ղեց­ւոյ, որ գոր­ծած է մին­չեւ երես­նա­կան թուա­կան­նե­րը թի­թե­ղա­շէն քէմ­բին մէջ, օգ­տա­գոր­ծե­լով նա­եւ որ­պէս Մես­րոպ­եան վար­ժա­րան, Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղե­ցի, որ կա­ռուց­ուե­ցաւ Սիւր­մէլ­եան Սր­բա­զա­նի առաջ­նոր­դու­թեան շր­ջա­նին: Ս. Յա­կոբ, որ ասո­րի­նե­րու նախ­կին քէմ­բի եւ այժ­մու թա­ղա­մա­սի հա­յու­թեան կը ծա­ռա­յէ, Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղե­ցի, որ նա­խա­պէս Ս. Քա­ռաս­նից Ման­կանց շր­ջա­փա­կին մէջ կը գտնը­ւէր, բայց նկա­տե­լով որ այս եկե­ղե­ցին այն­թա­պա­հա­յե­րուն հա­մար նեղ է, յատ­կաց­ուե­ցաւ այլ բա­րի նպա­տա­կի.-Գա­թա­րոյ­եան Սր­բա­զա­նի օրով, որուն նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վե­րած­ուե­ցաւ թան­գա­րա­նի, ուր այ­սօր այ­ցե­լու­ներ` օտար թէ հայ կր­նան դի­տել ու տես­նել հայ եկե­ղե­ցա­կան ար­ժէ­քա­ւոր զգեստ­ներ, պա­տա­րա­գի ժա­մա­նակ օգ­տա­գործ­ուած եկե­ղե­ցա­կան սպասք, զա­նա­զան մե­տաղ­նե­րէ բաղ­կաց­եալ, աւե­տա­րան­նե­րու հնա­տիպ գիր­քեր, ձե­ռագ­րեր, վա­րա­գոյր եւ ինչ որ եկե­ղե­ցա­կան է, նա­եւ գոր­քեր:

Այս եկե­ղեցի­ին փո­խա­րէն եօ­թա­նա­սու­նա­կան­նե­րու սկիզ­բէն ի վեր խո­յա­ցաւ Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին նոր եկե­ղե­ցին, ան­շուշտ հայ­կա­կան ոճով, որ պա­տե­րազ­մի այս օրե­րուն գոր­ծող հայ առա­քե­լա­կան սա­կա­ւա­թիւ եկե­ղե­ցին եթէ դար­ձաւ մի­ջոց մը, քա­նի որ մեր միւս եկե­ղե­ցի­նե­րը կը գտնուէ­ին կռ­ուա­դաշ­տի տաք շր­ջան­նե­րուն մէջ:

Ան­շուշտ մեր օրե­րու Սր­բա­զան Առաջ­նորդ Շա­հան Եպս. Սար­գիս­եա­նի առա­ջար­կով ու թե­լադ­րու­թեամբ ամէն կի­րա­կի միւս եկե­ղե­ցի­նե­րը եւս կը բաց­ուին հա­յազ­գի հա­ւա­տաց­եալ­ներ ըն­դու­նե­լով: Սր­բա­զա­նը իր աղօթ­քը այդ եկե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ կ’ընէ կար­գաւ:

Ու­րեմն գլ­խա­ւո­րա­բար այն­թա­պա­հա­յեր ամէն ճիգ ի գործ դրին նո­րա­կա­ռոյց Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղե­ցին նմանց­նե­լու Այն­թա­պի Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղեցի­ին, մեղմ ըսեմ, բայց Այն­թա­պի Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղե­ցին հռ­չա­կա­ւոր Պալ­եան­նե­րու նա­խա­գիծն էր:

Ներ­կա­յիս լի­ո­վին գոր­ծող եկե­ղե­ցին մեր ըսած Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղե­ցին է, ուր կու գան լեց­ուիլ մեր շա­րա­կան­նե­րը հո­գե­ւին սի­րող բազ­մա­թիւ հա­յեր, մա­նա­ւանդ այն օրէն աս­դին երբ Ս. Գէ­որգ եկե­ղեցի­ին ներք­նա­մա­սը իր սր­բա­պատ­կեր­նե­րով հրոյ ճա­րակ դար­ձաւ:

Այ­սօր Կի­րա­կի է: Ոե­ւէ հայ որ կ՛եր­թայ Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղե­ցի, որ ժո­ղո­վուր­դին մօտ ճանչց­ուած է որ­պէս այն­թապ­ցի­նե­րու եկե­ղե­ցի, եթէ քիչ մը ու­շա­ցած է եր­թա­լու դժ­ուար թէ մի­ջո­ցը գտ­նէ սր­բա­տու­նէն ներս սո­ղոս­կե­լու… Այն­քան որ խճող­ուած կ՛ըլ­լայ եկե­ղե­ցին:

Այս բազ­մու­թիւնը տես­նե­լով, թէ նս­տե­լիք նս­տա­րան­նե­րը ծայ­րը ծայ­րին լե­ցուն են եւ կանգ­նող­նե­րու բազ­մու­թիւնը այն աս­տի­ճան խտա­ցած, որ ան­կա­րե­լի կ’ըլ­լայ յա­ռա­ջա­նա­լը, մարդ կը մտա­ծէ թէ հա­յոց թիւը Հա­լէ­պի մէջ 60 հա­զա­րի կը մօ­տե­նայ:

Մեր բազ­մա­մարդ ըլ­լա­լը գա­ղու­թը լե­ցուն ըլ­լա­լու տպա­ւո­րու­թիւնը կը թո­ղու եւ լաց­կան հա­յեր, որոնք յա­ճախ կը կրկ­նեն, թէ մեր թիւը 30 հա­զար ըլ­լա­լու է, կը դի­տեն ներ­կա­նե­րու խիտ շար­քե­րը, ժպիտ մը կ՛ուր­ուագծ­ուի անոնց դէմ­քին, որ կար­ծէք կը բար­բա­ռէ.-Չէ՜, մեր թիւը հոս Հա­լէ­պի մէջ կր­կի­նը ըլ­լա­լու է: Կ՛ոգե­ւոր­ուին եւ գա­ղու­թիւն ծա­ռա­յե­լը իրենց կէտ նպա­տա­կը կը դարձ­նեն, գէթ այդ րո­պէ­ին:

Առի­թով մը հո­գե­լոյս գիտ­նա­կան, Կի­լիկ­եան Աթո­ռի գա­հա­կալ Գա­րե­գին Յով­սէփ­եանց իր մէկ ճա­ռը, հրա­պա­րա­կա­յին ելոյ­թը, 1951 թուա­կա­նին, սկ­սած էր այս­պէս.- Տու­նը հի­մամբ է տուն, իսկ ծա­ռը ար­մա­տով է ծառ:

Եթէ հա­ւատ­քի սիւնը այս խօս­քե­րը որ­պէս հիմ ու ար­մատ ըն­դու­նինք, մենք տա­կա­ւին եր­կար ժա­մա­նակ կր­նանք պա­հել սուր­ի­աբ­նակ հա­յու­թիւնը, որ դա­րե­րէն կու գայ, որ կան­խած էր Քրիս­տո­սի գա­լուստն ան­գամ:

Հա­յը այս եր­կի­րը ար­մա­տի ու հի­մի վե­րա­ծած է կառ­չե­լով իր գի­րին, Ս. Մես­րո­պին, իր դա­րա­ւոր պատ­մու­թեան, իր մշա­կոյ­թին. Գիրք ձե­ռագ­րաց ու գե­ղան­կար­ներ ստո­րագ­րած է եւ տա­կա­ւին նոր օրե­րու քստմ­նե­լի պա­տա­հար­նե­րու բեմ այս երկ­րին հա­յը վասն իր գո­յու­թեան ու վասն արա­բա­կան Սուր­իոյ ընե­լիք ու­նի, կա­տա­րե­լիք գործ ու­նի:

Ահա թէ ին­չու պէտք է գո­յա­տե­ւէ Սուր­իոյ մէջ ապ­րող հա­յու­թիւնը ` իր պարտ­քը կա­տա­րե­լու հա­մար այս երկ­րին հան­դէպ, գո­յա­տե­ւե­լու հա­մար նա­եւ իր մշա­կոյ­թով:

Օդին մէջ կան ռում­բե­րու որոտ եւ փամ­փուշտ­նե­րու սու­լոց:

Մեր զէն­քը մեր մշա­կոյթն է: Մեր զէն­քը մարդ սպան­նե­լը չէ՛:

Մեր զէն­քը ի խո­րոց սր­տի Սուր­ի­ան կան­գուն պա­հելն է ու արաբ ժո­ղո­վուր­դը բար­գա­ւաճ տես­նե­լը:
Յան­ցա­ւոր չենք երբ բար­գա­ւաճ տես­նել կ’ու­զենք Սուր­ի­ան, երբ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան օրե­րուն իր դռ­նե­րը բա­ցաւ հայ տա­րա­գիր­նե­րու լայն հո­սան­քին առ­ջեւ:

Ու կ’աւելց­նենք նա­եւ.- Մենք սի­րե­ցինք Սուր­ի­ան, մենք` իբ­րեւ տա­րա­գիր զանգ­ուած եր­բեք չմու­րա­ցինք: Ար­հեստ­ներ ու ար­ուեստ բե­րինք այս երկ­րին: Այս իրո­ղու­թիւնը եւս հպար­տօ­րէն կը բարձ­րա­ձայ­նենք: Սուր­ի­ա­ցի արա­բը ոչ միայն ասի­կա գի­տէ, այլ` այս մա­սին կը գրէ ալ իր մատ­եան­նե­րուն մէջ:

Սուր­ի­ան իրա­ւունք ու­նի ազատ ապ­րե­լու:
Հա­լէպ, 25 Նո­յեմ­բեր 2012