kantsasar.com – Ընթացիկ տարուան 22-23 Մարտին Երեւանի մէջ «Հայոց Ցեղասպանութիւն. մարտահրաւէրներ հարիւրամեակի նախաշեմին» բնաբանով կազմակերպուած միջազգային գիտաժողովը դարձեալ հաստատեց, որ 2015 թուականի նախօրէին անգամ անկարող կը մնանք Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական ուսումնասիրութեան սովորամոլական գործելաոճէն անցնիլ դէպի մեր քաղաքական նպատակներու եւ պահանջքներու իրաւական ձեւակերպման առաջնորդող հանգրուան:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովը, որ յառաջիկայ Մայիս 30-ին իր երրորդ նիստը հրաւիրելու կը նախապատրաստուի, ցարդ կը շարունակէ մնալ սուգի եւ վերյուշի օրերու կամ ոգեկոչական ձեռնարկներու սկզբնական աշխատանքներ համադրող մարմնի իր դասական դերակատարութեան նեղ սահմաններուն մէջ: Բնականաբար, այսօրինակ մօտեցումը կը հակասէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի քաղաքական նշանակութեան լրիւ ու համարժէք ընկալման:
Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի հերթական տարելից չէ սոսկ 2015 թուականը, այլ ամբողջ դար մը ընդգրկող ժամանակահատուած-սահմանագիծ, որուն ընթացքին միջազգային քաղաքական ասպարէզի հարթութեան վրայ այնքան շատ խօսուած ու առատօրէն մելան հոսեցուած է մեր ժողովուրդի մեծագոյն ողբերգութեան մասին: Հետեւաբար` մենք այլեւս էական եւ նկատառելի ըսելիքներ գրեթէ չունինք այս առնչութեամբ: Աւելին, պատմական իրադարձութիւններու մանրամասնութեանց բացայայտմամբ տարուելով հաւանական է, որ այսուհետեւ մոլորինք ու կորսնցնենք անվիճարկելի, անհերքելի իրականութեան զգացողութիւնը:
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղար Հայկ Տեմոյեան գիտաժողովի ընթացքին իր ներկայացուցած զեկոյցին մէջ թէեւ նկատած է, որ 2015 թուականը աւարտ չէ, այլ` շատ մը առումներով մեկնարկ, սակայն ան մոռցած է անդրադառնալ կամ մատնանշել, թէ որո՞նք են այն «առումները», որոնց պարագային 2015 թուականի ընկալեալ ըմբռնողութեան հարկաւոր է վերջակէտ դնել: Ինչպէս նաեւ այն հանգամանքները, որոնք այդ թուականը նոր սկզբնաւորութեան կը վերածեն, զայն դարձընելով Հայոց Դատին նոր մղում եւ նոր բովանդակութիւն հաղորդող յուշարարի: Ճիշդ է որ 2015 թուականով ամէն ինչ պիտի չվերջանայ, սակայն նոյնիսկ նման զգուշաւոր խոստովանութիւն մը բացայայտ կը դարձընէ, որ մինչեւ այդ թուականը անհրաժեշտ է անպայման որոշակի ծրագիրներ համալրել, ինչպէս նաեւ որոշակի թիրախներ, նպատակներ նուաճել:
Հայ ժողովուրդի մեծ արհաւիրքէն հարիւր տարի ետք հնարաւոր չէ շարունակել նախկին անորոշ կացութիւնը, անհեռանկար գործունէութիւնը: Ճիշդ է` որ Հայասպանութեան մասին գիրքերու հրապարակումները, ցուցահանդէսներու կամ յիշատակի ձեռնարկներու կազմակերպումը կարելի է շարունակել դեռ երկար ժամանակով, այնուամենայնիւ` պէտք է ի վերջոյ պարզել թէ հայութիւնը ի՞նչ կ՛ակնկալէ միջազգային հանրութենէն եւ ի՞նչ կը պահանջէ մանաւանդ` ցեղասպանի ժառանգորդ թուրք պետութենէն:
Համաշխարհային պատմութեան մէջ արիւնալի տառերով գրանցուած այդ ահաւոր ու աննախադէպ յանցագործութենէն հարիւր տարի յետոյ իսկ, եթէ պիտի չկարողանանք համակարգել ու բիւրեղացնել մեր պահանջքները, ապա Հայոց Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան յիշողութեան մէջ բախտաւոր պարագային պիտի մնայ որպէս անօրինակ դաժան ոճրարարք մը, որուն համար ոչ ոք պատասխանատուութեան կանչըւած է կամ մեղաւոր նկատուած եւ ուրեմն` համապատասխանաբար զայն դարմանելու ու հատուցելու պարտաւորութեան տակ դրուած:
Գիտաժողովի ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ գերմանացի հանրահռչակ հայագէտ Թեսսա Հոֆման իրաւացիօրէն ուշադրութեան յանձնած է, թէ այսուհետեւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը կրնայ լուծուիլ համաշխարհային դատական ատեաններու մէջ, որովհետեւ այդ ճիւաղային Սպանդը իրականացնող եղեռնագործները ունին իրենց յայտնի եւ ճանչցուած իրաւայաջորդը` ի դէմս թուրք պետութեան:
Թուրքիա այսօր ըստ կամս եւ ընտրովի կերպով ինքզինք կը համարէ եւ կը յայտարարէ Օսմանեան Կայսրութեան իրաւայաջորդը: Պաշտօնական Անգարայի ներկայ վարիչները, գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան, յաճախ անվարանօրէն ու հպարտութեամբ կը յայտարարեն իրենց կապը անցեալի հետ, առիթ չեն փախցներ ընդգծելու օսմանեան ժառանգորդի իրենց հանգամանքը եւ հետեւողականօրէն հանդէս կու գան օսմանցիներու իրագործումներու նկատմամբ նախանձախնդիր պաշտպանի դերով: Սակայն երբ հարցը կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան, անոնք անմիջապէս կը հրաժարին իրենց անցեալէն եւ կը յայտարարեն որ մերօրեայ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը որեւէ աղերս չունի Օսմանեան Կայսրութեան հետ: Այս բոլորով հանդերձ` Թեսսա Հոֆման կը պնդէ, որ միջազգային դատական ատեաններ դիմելու պարագային կարելի է ընդունիլ յետադարձ գործադրական ուժ ներփակող փաստացի վճիռ, որովհետեւ Օսմանեան Կայսրութեան եւ ներկայ թրքական հանրապետութեան միջեւ ուղղակի առնչութիւնը իրաւաբանօրէն արդէն շատ վաղ կերպով ապացուցուած է:
Գլխաւոր եւ մտահոգիչ հարցը կը մնայ այն, թէ ինչպէս պէտք է դիմել նման միջազգային ատեաններուն, երբ Հայասպանութենէն գրեթէ հարիւրամեակ մը անց տակաւին չէ յստակացած այն միասնական իրաւական թղթածրարը, որ Հայաստանի ու ողջ հայութեան համար ընդհանրական բնոյթ զգենու, եւ այդ` այն պայմաններու մէջ, երբ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս թէ դուրս այսօր կը գործէ պետութեան անուղղակի զօրակցութիւնն ու հովանաւորութիւնը վայելող առանձնայատուկ կոմիտէ, որ հետեւողական ու յարաճուն թափով կը համակարգէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժըխտման քաղաքականութիւնը:
Հայութիւնը անմիջապէս պէտք է ձեռնարկէ իր բոլոր իրաւունքներն ու պահանջքները ամփոփող իրաւական յստակ, հիմնաւոր թղթածրար պատրաստելու անյետաձգելի աշխատանքին: Իսկ այդ նպատակը կենսագործելու համար 24 Ապրիլ 2015 թուականի նախօրեակին Երեւանի մէջ անհրաժեշտ է գումարել համաշխարհային տարողութեամբ համահայկական համաժողով` Հայաստանի, Արցախի ու հանուր գաղթաշխարհի մեր հայրենակիցները ներկայացնող պատուիրակներու մասնակցութեամբ, վաւերացնելու համար ողջ հայութեան պահանջքներու եւ ակնկալիքներու վերոնշեալ իրաւական թղթածրարը, ապա ներկայացնելու համար զայն Հայաստանի Հանրապետութեան, Թուրքիոյ ու Միջազգային հանրութեան դատին:
Սոսկ հերթական տարելից պէտք չէ ընդունիլ հայոց Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակը: Այս առիթով կազմակերպուելիք ձեռնարկներն ու ոգեկոչական արարողութիւնները հնարաւորութիւն պիտի ընծայեն մեզի հանուր աշխարհին ցոյց տալու մեր միասնականութիւնն ու համակամութիւնը` ոչ միայն ցեղասպանութեան բացասական հետեւանքները դարմանելու միտող մեր ազգային նուիրական առաքելութենէն չնահանջելու, այլ` հայ նորահաս սերունդներուն պայքարի ու մարտնչումի նոր ուղիներ, նոր եղանակներ կտակելու առումներով:
Գիտաժողովի տեւողութեան բաւական համարձակ, յանդուգն եւ անկաշկանդ քննարկումներ, ախտաճանաչումներ կատարուած են ապագայ քայլերու եւ կողմնորոշումներու ճշգրտման ու նպատակասլաց, առողջ ռազմավարութեան որդեգրման իմաստով: Այս գիտաժողովին արդիւնքով ամփոփուած առաջարկներն ու մատնանշումները իբրեւ ուղենիշ անպայման պէտք է հաշուի առնուին Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովին կողմէ` իր յառաջիկայ գործունէութեան ու նախաձեռնութիւններու յաջողութեան եւ ցանկալի եզրայանգումներու ի խնդիր:
Խ.Շ.