Լալա Միսկարեան-Մինասեան

Լալա Միսկարեան-Մինասեան

kantsasar.com – «… յայտն­ուե­ցաւ նոյ­նիսկ կա­մա­ւոր ստըր­կու­թիւնը.
տկար­ներ հա­ճոյ­քով կ՛են­թարկ­ուէ­ին զօ­րեղ­նե­րուն,
միայն անոր հա­մար, որ անոնք օգ­նէ­ին իրենց ճն­շել իրենց­մէ տկար­նե­րը»:

Ֆ. Տոս­թո­եւս­կի

Բա­րե­կա­մու­հի մը ինք­նա­շար­ժով պտոյ­տի տա­րաւ զիս, թէ­եւ հի­մա պտոյ­տի ել­լե­լը ար­կա­ծախնդ­րու­թիւն է: Հին Հա­լէ­պը ար­գիլ­ուած գօ­տի է, կր­նա­յինք մտ­նել միայն հոն, ուր որ ար­գե­լա­պատ­նէշ­ներ չկան:

Նոր Հա­լէ­պի շքեղ թա­ղա­մա­սե­րը անվ­նաս են, միայն վե­րած­ուած են հա­մա­տա­րած «պա­զա­րի»: Պո­ղո­տա­նե­րու եւ նեղ փո­ղոց­նե­րու մէջ կտա­ւէ կամ նայ­լո­նէ շին­ուած ան­թիւ ան­հա­մար կից տնակ­ներ, որոնք երկ­րորդ` միա­յարկ քա­ղաք մը եւս շի­նած են, եւ ուր կը ծախ­ուին աշ­խար­հի բո­լոր բա­րիք­նե­րը` պտուղ-բան­ջա­րե­ղէ­նէն սկս­եալ մին­չեւ գրե­նա­կան ու ար­հես­տա­ւո­րա­կան պի­տոյք­ներ. մսա­վա­ճառն ու բա­ցօ­թ­եայ սափ­րի­չը քով քո­վի… կեան­քը կ՛եռայ, մար­դիկ կը վխ­տան, մին­չեւ արե­ւա­մուտ, որ­մէ ետք ամա­յու­թիւն կը տի­րէ: Հեք­ի­ա­թի մեռ­եալ քա­ղաքն է, որ կը վե­րապ­րէր գի­շե­րա­յին կեան­քով:

Նոյնն է պատ­կե­րը աւե­լի «ժո­ղովր­դա­կան» թա­ղա­մա­սի` Ճա­միլի­էի, ուր­կէ մին­չեւ կեդ­րո­նա­կան հան­րա­յին զբօ­սայ­գի` «Մեշ­տել», անընդ­մէջ մայ­թա­յին շու­կայ է, փո­ղոց­նե­րէն անց­նե­լիք տեղ գրե­թէ չկայ: Կը թուի, որ «Ներ­սի շու­կան» հոս տե­ղա­փոխ­ուած է` արե­ւել­եան հա­մե­մունք­նե­րէն (Ներ­սի շու­կա­յի բու­րում­նե­րը յի­շե­ցի…) մին­չեւ գի­տու­թեան վեր­ջին ար­գա­սիք հա­մա­կար­գիչ­ներ` մայ­թե­րու վրայ, ու` շար­ժակ­ներ: Չար լե­զու­ներ կ՛ըսեն, թէ ելեկտ­րա­կա­նու­թիւնը այս­չափ կտ­րե­լը ասոնք նե­րա­ծող ինչ որ «մե­ծա­ւո­րի» շա­հե­րուն հետ կապ ու­նի: Հնա­րա­ւոր է, կրկն­ուած պատ­կեր` երբ բո­լոր խա­նութ­նե­րու «տա­րա­պա­նե­րը» կա­նաչ ներ­կել տր­ուե­ցաւ, ինչ-որ մէ­կուն պա­հեստ­նե­րուն մէջ կա­նաչ ներ­կը մնա­ցած էր… կը պա­տա­հի՛: Իսկ ջու­րի՞ն կտր­ուի­լը, իսկ հե­ռա­ձայն­նե­րո՞ւ. չէ՛, աւե­լի լաւ է` չբամ­բա­սենք:

Հա­մալ­սա­րա­նա­կան թա­ղա­մաս. հան­րա­կա­ցա­րան­նե­րու քո­վէն երբ կ՛անց­նէ­ինք, գնչուա­կան տե­սա­րան­նե­րը աչ­քի զար­կին` մարդ­կա­յին թշ­ուա­ռու­թեան պատ­կեր­ներ, որոնք, թե­րեւս, հոն տե­ղա­ւոր­ուած­նե­րէն ոմանց հա­մար առօր­եայ կեն­ցաղ են, նոյ­նիսկ` շքե­ղու­թիւն. սա­կայն հա՞յը… Ու­ղեկ­ցու­հիս ըսաւ, թէ անոնց հետ մի­ա­սին հայ ըն­տա­նիք­ներ ալ կ՛ապ­րին… Հա­յը նոյն­պէս մարդ է ու ազգ, ինչ­պէս` ու­րիշ­ներ, բայց մենք սո­վոր չենք հա­յը տես­նել գնչ­ուա­կան մթ­նո­լոր­տի մէջ: Չե՛նք ու­զեր տես­նել:

Սուր­ի­ան հա­յա­թափ կ՛ըլ­լայ շատ արա­գօ­րէն: Մնա­ցող­նե­րուն մէկ մասն ալ օդա­կա­յա­նի բաց­ուի­լը կը սպա­սէ, քա­նի որ ոչ բո­լորն են, որ կը քա­ջա­լեր­ուին Թուրք­իոյ մէ­ջէն ճամ­բոր­դել դէ­պի «լայ­նօ­րէն բաց­ուած մայ­րա­կան գիրկ»: Բազ­մա­թիւ են տա­կա­ւին թշ­ուառ ու օգ­նու­թեան կա­րօտ հայ ըն­տա­նիք­ներ, ու եթէ այ­սօր ար­տա­կարգ մի­ջոց­նե­րու չձեռ­նար­կենք,վա­ղը պի­տի չու­նե­նանք նա­եւ դպ­րոց­ներ ու նա­եւ` այլ բա­ներ…
Ես ոչինչ կր­նամ ընել:

***
«Երա­զա­յի՜ն Հա­լէ­պը», այժմ ար­դէն ո՛չ տաս­նամ­եակ­նե­րու հեռ­ուէն դիտ­ուած, ինչ­պէս պի­տի ընէր Օթել­լօ մը կամ Ծա­ռուկ­եան մը, այլ ըն­դա­մէ­նը… եր­կու տար­ուան: Երա­զա­յին ու անձ­կա­լի` իր մէջ ապ­րող­նե­րուս հա­մար իսկ: Քա­նի որ այն ինչ ան­ցաւ, հա­զիւ թէ ետ դառ­նայ: Իսկ այդ Հա­լէ­պը ե՛ւ աղա մըն էր միջ­նա­դար­եան, ե՛ւ քսան­մէ­կե­րորդ դա­րու գի­տու­նիկ մա­նուկ. ե՛ւ քի­լո­նե­րով ոս­կին միայն վս­տա­հու­թեան վրայ առ­նող ու ծա­խող վա­ճա­ռա­կան էր, ե՛ւ «աչ­քի սիւր­մա թռց­նող» փե­րե­զակ, ե՛ւ խա­նում-խա­թուն տի­կին էր, ե՛ւ եւ­րո­պա­կան բար­քե­րու հե­տե­ւող արդ­ի­ա­կան օրի­որդ, ե՛ւ ոտ­քէ գլուխ ծածկ­ուած խորհր­դա­ւոր գե­ղեց­կու­հի: Հա­լէ­պը ե՛ւ մզ­կիթ­նե­րէն ալի­քուող գի­շե­րա­յին աղօթք էր, ե՛ւ եկե­ղե­ցի­նե­րու զուարթ զան­գա­հա­րու­թիւն: Հա­լէ­պը բազ­մա­խոր­հուրդ ու բազ­մա­ծալք, Հա­լէ­պը` կա­թի ու մեղ­րի քա­ղաք, Հա­լէ­պը` իր բազ­մազ­գու­թեամբ ու անոնց մշա­կու­թա­յին գոյ­նե­րով հարս­տա­ցած իր հնա­դար­եան ու նո­րօր­եայ խճան­կա­րով. Հա­լէ­պը` երա­զա­յին, այ­սօր` վի­րա­ւոր ու որ­դե­կո­րոյս մայր, նս­տած` աւե­րակ­նե­րու մո­խիր­նե­րուն: «Եւ արդ­եօք ո՞վ է երա­զել այս­քան դա­ժան», պի­տի ըսէր հա­յոց բա­նաս­տեղ­ծը:

Ու անոր վէր­քե­րով ցա­ւող­նե­րու առա­ջին կար­գի վրայ են անոնք, որոնք չե՛ն այս հո­ղին զա­ւա­կը, որոնք հիւըն­կալ­ուած են այս եր­կի­րը ու սա­կայն կապ­ուած են անոր հա­յու իրենց տաք հոգի­ով: Յա­ճախ նոյ­նիսկ կր­նան իրենց սի­րոյ ու նուի­րու­մի ջեր­մու­թեամբ մր­ցիլ բնիկ տե­ղա­ցի­նե­րուն հետ: Լայն մար­դա­սի­րու­թիւն, այ­լա­սի­րու­թիւն` այ­լա­պէս ազ­գա­յին լա­ւա­գոյն յատ­կա­նիշ­ներ, որ սա­կայն նոյ­նիսկ առա­ջի­նը` հայր-ակա­նը մոռց­նե­լու չափ ծայ­րա­յեղ կր­նան ըլ­լալ: Դա­րե­րով գաղ­թա­կա­նի վի­ճա՞կն է, որ անոր մէջ խո­րա­ցու­ցեր է աշ­խար­հա­քա­ղա­քացիի մեծ սէ­րը Եր­կիր մո­լո­րա­կի բո­լոր ան­կիւն­նե­րու հան­դէպ ու ամէ­նուր հա­րա­զատ զգա­լու, սի­րե­լու, նուիր­ուե­լու, երկ­րորդ հայ­րե­նիք ստեղ­ծե­լու պատ­րան­քին կա­պեր զայն:
Փոքր Մհե­րի ժո­ղո­վո՛ւրդ, երա­նի՜ աշ­խարհն ալ քե­զի վե­րա­բե­րէր այն­պէս, ինչ­պէս դուն կը վե­րա­բե­րիս անոր:

***
Այ­լեւս բա­ռե­րը կորսն­ցու­ցեր են իրենց կշիռն ու տա­րո­ղու­թիւնը, եւ ամե­նա­դի­պուկն իսկ չի կր­նար բնո­րո­շել կա­տա­րուո­ղը: Մարդ­կա­յին այս ան­կու­մին դի­մաց կը մնաս կար­կա­մած, ու աղ­քատ կը թուին նոյ­նիսկ ամե­նա­ժանտ թշ­նա­մի­նե­րը ու­նե­ցած հայ ազ­գին բա­ռա­րան­նե­րը: Հրէշ, գա­զան, ճիւաղ, թուրք բա­ռե­րը այ­լեւս շատ տկար կը մնան բնո­րո­շե­լու հա­մար այս մո­լա­գա­րու­թիւնը: Ու բառ փնտ­ռե­լու, ճշգ­րիտ բնո­րո­շու­մը գտ­նե­լու քու տագ­նա­պիդ մէջ յան­կարծ կ՛անդ­րա­դառ­նաս, որ ի զուր են ճի­գերդ` անուն տա­լու օրէ­ցօր «զար­գա­ցող» վայ­րա­գու­թեանց: Կը մնայ միայն դր­ուագ­ներ պատ­մել ու պատ­կե­րը կ՛ամ­բող­ջա­նայ: Բա­ռե­րով չես զար­մաց­ներ մար­դը, որ գի­տէ, թէ սա՛ է յա­ւեր­ժա­կան մար­դը, որուն ան­ցած հա­զա­րամ­եակ­նե­րու ճամ­բա­նե­րէն ար­եան գե­տեր կը հո­սին:

***
Յա­րա­բե­րա­կան խա­ղաղ օրե­րէ ետք կր­կին աշ­խոյժ կը գոր­ծէ ռազ­մա­դաշտ-քա­ղա­քը: Չեն լռեր հրե­տա­նին ու հրա­զէն­նե­րը, գի­շեր­ուան խա­ւա­րը կը ճեղ­քեն հր­թիռ­նե­րը ու կր­կին իր լայն թիկ­նո­ցը կը տա­րա­ծէ մահ­ուան ստ­ուե­րը: Քա­նի՜ հիւանդ ու ծեր չտո­կա­ցին ցն­ցում­նե­րու եր­կիւ­ղին, հար­ցու­ցէ՛ք պա­տե­րը լեց­նող չա­րա­գուժ մա­հազդ­նե­րուն, որոնք այս օրե­րուն ըն­թեր­ցու­մի մեր կա­րե­ւոր «թեր­թերն» են: Եւս քա­նի՜ տուն առանց առաս­տա­ղի մնաց, քա­նի՜ մայր` սգա­ւոր, քա­նի մա­նուկ` որբ, ո՜վ է կա­րե­ւո­րո­ղը:

Ան­դին մեր հիւ­սի­սա­յին բա­րե­կա­մը գլու­խը կ՛օրօ­րէ, թէ քիմ­ի­ա­կան զէնք գործ­ուած է Հա­լէ­պի մէջ, հե­տե­ւա­բար հար­ցը լր­ջա­ցա՛ծ է ու այ­լեւս հա­մա­ձայ­նու­թեան պէտք է գալ: Այ­սինքն մին­չեւ հի­մա եղած արիւն­հե­ղու­թիւն­ներն ու սպանդ­նե­րը լուրջ հար­ցեր չէ­ին… Ահա փաստ մը եւս, որ բա­ռե­րը այ­լեւս կորսն­ցու­ցեր են իրենց ար­ժէ­քը:

Թէ՞ անոնց Սուր­ի­ան եւս պէտք է առանց սուր­ի­ա­ցի­նե­րու, ինչ­պէս որ Հա­յաս­տա­նը` առանց հա­յե­րու…

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ