ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութենէն պաշտօնական նամակ մը ստացայ ուր կþըսուէր. «Երկրիս վիճակուած արտակարգ պայմաններու բերումով, երբ մռայլ առօրեան իր ճնշիչ մթնոլորտով կþարձագանգէ հոգիներէ ներս, Համազգայինը Սուրիոյ Շրջանային վարչութիւնս հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահան Եպս. Սարգիսեանի, 11/11/2012, Կիրակի առաւօտեան ժամը 12։

30-ին, Ա.Մ. Լեւոն Շանթ սրահէն ներս յարմար նկատած է խորհրդաժողովի մը հրաւիրել գաղութիս ծանօթ մշակոյթի գործիչները, համատեղ խորհրդակցելու տիրող պայմաններու շուրջ եւ լսելու մտաւորական խաւի կարծիքն ու խօսքը։

Խորհրդաժողովը պիտի անդրադառնայ հետեւեալ հարցերուն.

*Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան մարմնի տարած աշխատանքը։ Զեկուցաբեր՝ ընկ. Ռաֆֆի Աւետիսեան։

*Մշակոյթի գործիչներու եւ միութիւններու դերակատարութիւնը։ Զեկուցաբեր տիար Հրազդան Թոքմաճեան։

*Սուրիոյ հայ համայնքի մշակութային ժառանգութիւնն ու անոր պահպանման հիմնախնդիրը։ Զեկուցաբեր՝ օրդ. Հուրի Ազէզեան։

*Զանգուածային լրատուական միջոցներով ինչպէ՞ս ներկայացնել հալէպահայութեան իրավիճակը։ Զեկուցաբեր՝ ընկ. Սարգիս Գասարճեան

Կը հրաւիրենք ձեզ մասնակից դառնալու այս խորհրդաժողովին օրակարգի հարցերէն իւրաքանչիւրին համար առիթ ունենալով ձեր միտքը արտայայտել (առաւելագոյն 3 վայրկեան)։

Յուսադրուած ենք որ Ձեր մասնակցութիւնը կը հարստացնէ մեր խորհրդաժողովը։

Կանխայայտ շնորհակալութեան մաղթանքներով՝ Համազգայինի կնիք Ուրախանալ պէտք է, որ Հալէպի Համազգայինի վարչութիւնը նման նամակով մը նախքան ուրիշներ դիմած է որոշ թիւով անհատներու եւ միութիւններու նաեւ։

Նպատակը խրախուսիչ է։

Կը մնայ ճիշդ ժամին ներկայ գտնուիլ այս խորհրդաժողովին ու հասնիլ համընդհանուր շինիչ եզրակացութեան մը։

Մինչ այդ սպասել վաղուան հանդիպումին ու մասնակցիլ այս մէկտեղումին պատրաստելով մեր խօսելիքը։

Տիրող պայմանները շուրջ երկու տարուան վաղեմիութիւն ունին, սա կը նշանակէ, թէ նման հաւաքի մը համար ուշացած ենք։

Անցնինք ըսելով.«Լաւ է ուշ, քան երբեք»։

Զեկուցաբեր Ռաֆֆի Աւետիսեանէն պիտի իմանանք, թէ «Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Մարմնի տարած աշխատանքները»երբ սկսած են եւ կատարուածը որպիսին է ծաւալով եւ իրականութեան մէջ, ու նոր միայն կարծիք յայտնենք։

Նոյնը Տիար Հրազդան Թոքմաճեանին զեկոյցին առիթով։

Օրդ. Հուրի Ազէզեանէն պիտի լսենք, թէ «Սուրիոյ Հայ Համայնքի Մշակութային ժառանգութիւնն ու անոր պահպանման հիմնախնդիրը» որն է, ու նոր միայն տանք նաեւ մեր կարծիքը։

Չորս տրուած հարցերուն պատասխանել երեքական վայրկեանով, թէեւ դժուար է, բայց վաղը, որոշեալ ժամուն կը փորձենք սեղմ գիծերու մէջ տալ մեր կարծիքը եւս։

Իսկ կարծիք յայտնելու ժամը ամէն վայրկեան կը մօտենայ… Որոշեալ ժամուն «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ հաւաքուած էին աւելի քան վաթսուն հոգի մասնակցելու համար այս հաւաքին։

Թէեւ համագումարը կազմակերպողը Համազգայինի վարչութիւնն էր, բայց ներկաները քաղաքիս բոլոր միութիւնները ներկայացնող ազգայիններն էին։

Խորհրդաժողովին բացումը կատարեց յուզիչ նկարներով Արտօ Համբարձումեան։

Օրուան զրուցավարը եղաւ գրող Գրիգոր Տունկեան։

Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան մարմնին տարած աշխատանքներուն մասին ընդարձակ տեղեկութիւններով հանդէս եկաւ Ռաֆֆի Աւետիսեանը, որ տուաւ այնպիսի մանրամասնութիւններ որոնք կþանգիտանայինք։

Ան խօսեցաւ նախ մեր կորուստներուն շուրջ, ունեցած էինք 63 վիրաւոր, որոնցմէ երկուքը ծանր, եւ երկու 50 նահատակ։

Յայտնուած էին անբնակելի աւերուած բնակարաններ, որոնց բնակիչներուն համար կրցած էին տուներ ապահովել։

Ոմանք տեղաւորուած էին իրենց ազգականներուն մօտ։

Այս մարմինը լայնօրէն զբաղած էր սննդակողովներու բաժանումով, օգնութիւն հասցնելով 2850 ընտանիքի։

Կրցած էին բազմաթիւ հայ երիտասարդներ մղել գիշերային հսկողութեան՝ հայկական թաղերու մէջ։

Եթէ տեղ մը հրդեհ էր, անոնք կը փութային մարել, վիրաւորնե՞ր կային, կը հասցնէին հիւանդանոց։

Զեկուցաբերը շեշտեց, որ կարիքը մեծ է, իսկ միջոցները անբաւարար։

Այս շտապ օգնութեան խումբը սկիզբը անփորձ, սակայն շուտով կազմակերպուած աշխատանք տանիլ յաջողած էր, բարեսիրական հայ թէ օտար կազմակերպութիւններու հետ փոխադարձ կապեր հաստատելով։

Ներկաները նշեցին երեխաներու հոգեկան ցնցումներու դէպքեր, եւ թէ ինչ միջոցներով կարելի է մեղմացնել այդ պարագաները. Երեխաներու կողքին, ժողովուրդին մէջ տարածուած է իշխող վախի զգացումը։

Այս մասին եւս եղան առաջարկներ, ինչպէս՝ խումբեր հրաւիրել ակումբներու մէջ բացատրական աշխատանքներ տանելու տիրող կացութեան շուրջ։

Զեկուցումը լայնօրէն քննարկուեցաւ պատշաճ առաջարկներու լոյսին տակ։

Մշակոյթի գործիչներու եւ միութիւններու դերակատարութեան շուրջ ելոյթ պիտի ունենար արուեստագէտ գեղանկարիչ Հրազդան Թոքմաճեանը, իր յարգելի բացակայութեան պատճառաւ անոր զեկուցումը կարդաց օրդ. Էմմա Ազարարիկեանը։

Թոքմաճեանը կը թելադրէր մտաւորականութեան, մօտիկ կանգնիլ ժողովուրդին, ինչպէս Մարտիրոս Սարեանն ու Յովհաննէս Թումանեանը, պարտադիր արտագաղթի ճնշումի տակ տասնեակ հազարաւոր արեւմտահայեր թափած էին Ս. Էջմիածինի պարիսպներուն շուրջ անօթի ու ծարաւ։

Անոնք ապրեցան խեղճութիւնը տարագրեալներուն ու ցնցուեցան։

Անհրաժեշտօրէն այս օրերուն, ըլլալ ժողովուրդի կողքին։

Դոկտ. Հուրի Ազէզեան խօսեցաւ Սուրիոյ հայ համայնքին մշակութային ժառանգութեան ու անոր պահպանման հիմնախնդրին շուրջ։

Հուրի Ազէզեան հայերու գոյութիւնը Սուրիոյ մէջ հասցնելէ ետք Ք.Ա. Մեծն Տիգրանի օրերուն, խօսեցաւ այն մասին որ 9-րդ դարուն արդէն հայաբնակ վայրեր եղած են Հալէպի, Դամասկոսի, Արամոյի, Եագուպիէի եւ Սուրիոյ այլ շրջաններուն մէջ։

Այս շրջանին մէջ ունեցած ենք 25 եկեղեցի, 1355ին ձեռագործ աւետարան մը գրչագրուած է Հալէպի մէջ։

1500-ականներուն համայնքներ ունեցած ենք Սուրիոյ մէջ, իսկ 1600-ականներուն հայ վաճառականներ։

Պատմական տուեալներով հարուստ զեկոյց մը վերջապէս, ուր այսօր եւս Հալէպի մէջ եւ այլուր ունինք մշակութային անգնահատելի գանձեր, որոնք հարկ է պահպանել ոչ միայն այսօրուան խառնակ օրերուն, այլ վաղը եւս։

Այդ արժէքները մեր գանձերն են։

Ձեռագիր, գրչութիւն, մամուլ, մատենադարան, գիրքեր, գեղանկար, խաչքար. գիտնալ պահպանել այդ բոլորը։

Ներկաներէն ոմանք անդրադարձան մեր մշակութային կորուստներուն։

Չորրորդ ու վերջին զեկուցաբերը՝ Սարգիս Գասարճեանն էր, նիւթը՝ զանգուածային լրատուական միջոցներով ինչպէ՞ս ներկայացնել հայութեան իրավիճակը։

Պարզ ու վարակիչ լեզուով զեկուցաբերը տիրապետած ըլլալով իր նիւթին-շեշտեց կարեւորութիւնը լրատուական միջոցներու մէջ իմացութեան եւ ապա… օգտուելով գիտութեան նոր բարիքներէն, գիտութիւն՝ զոր չօգտագործելու պարագային վնասողը մենք կþըլլանք։

Դարին հետ քայլ պահելը պարտադիր է մեզի համար։

Նոյն նիւթին շուրջ իր համոզիչ բացատրութիւններով հանդէս եկաւ հայաստանցի ժուռնալիստ Արման Սաղաթէլեան, որ համոզիչ օրինակներով թելադրեց մասնագիտանալ նորագոյն միջոցներու գործածութեան մէջ, շահեր ապահովելու համար վասն մեր ժողովուրդին։

Եղան լրացուցիչ հարցումներ եւ առաջարկներ, նաեւ առաջարկներ որպէսզի ոմանք ի չարս չկարենան օգտագործել լրատուական միջոցները։

Եզրափակիչ յայտարարութիւնը վաւերացուեցաւ ներկաներուն կողմէ. Այդ յայտարարութիւնը եռանդամ մարմնի մը կողմէ խմբագրուած էր։

Իր խորապէս մտածուած, շինիչ խօսքով երեկոն փակեց Հայոց Առաջնորդ Շահան Եպիսկոպոս Սարգիսեան, որ գնահատելէ ետք Համազգայինի այս նախաձեռնութիւնը, ներկաներու լրջութեամբ հետեւիլը զեկուցումներուն, յայտարարեց.Հայը չէզոք չէ իր հիւրընկալուած երկրին մէջ, այլ կը հետեւի դրական չէցոքութեան, այս երկուքը տարբեր եզրեր են։

Մենք, մե՛ր կողմն ենք,ըսաւ Սրբազանը, մեր համայնքը չþոչնչանար, մենք հասկնալու ենք թէ մեր դիմացինները ովքեր են. Հասկնալ եւ ըստ այնմ շարժիլ։

Սրբազանը ներշնչիչ գտաւ այս համաժողովը։

Ներկաներուն մասնակցութիւնը աշխոյժ էր։

Վստահ եմ որ բոլորը գոհ հեռացան սրահէն։

Տուն տանելով օրուան այն թելադրանքը, որ կազմակերպուելու պարագային կը գոյատեւէ Մայր գաղութը եւ նոր ուժեր կը հասցնէ այլ գաղութներու մէջ ապրող մեր ժողովուրդին, ինչպէս ըրած է միշտ։

Թող իրագործուին տրուած բազում առաջարկները։

Եւ այդ կարելի՛ է։

Հալէպ 12 Նոյեմբեր 2012

ՀԻՒԱՆԴԸ ՀՈԳԵՊԷՍ ԲՈՒԺՈՒԱԾ ԷՐ…

Հիւանդ մը, միշտ Հալէպի մասին է խօսքը, պատերազմական Հալէպի մէջ կը ներկայանայ Երեւանէն շրջանաւարտ բժիշկի մը ու կþըսէ.Տօքթոր, հիւանդ եմ, կþուզեմ որ քննէք զիս, բուժէք զիս։

Գըրպանիս մէջ ունիմ միայն երկու հարիւր սուրիական դրամ։

Այդ է ամբողջ ունեցածս։

Եթէ յօժար էք քննել զիս, տալիքս ամբողջ երկու հարիւր սուրիական պիտի ըլլայ։

Հիմա, մարմինս ձեր տրամադրութեան տակ է, եթէ յօժար էք քննել զիս ունեցած երկու հարիւր սուրիականով, երկննամ քննութեան սեղանին, եթէ ոչ ահա կը մեկնիմ։

Երբ հիւանդը կþաւարտէ իր խօսքը, բժիշկը հասկնալով հիւանդին վիճակը ցոյց կու տայ քննութեան սեղանը, ու կþաւելցնէ. Թող այդ երկու հարիւր սուրիականը մնայ գըրպանիդ մէջ, անով ալ դեղ մը կþառնես որպէս դարման։

Հիւանդը արդէն հոգեպէս բուժուած էր։

Նման կացութիւններու մատնուած մարդոց թիւը կարծէք քառապատկուած է այս օրերուն, երբ գիշեր ու զօր նռնակներ օդին վարագոյրը բզիկ-բզիկ կþընեն։

Մահը գողունը կողքէն բոլորիս կը նայի ու կը պատրաստուի նշանառութեան, մենք կը զգանք ու կþապրինք մահուան ներկայութիւնը բայց կը շարունակենք մեր երթը, դէպի ո՞ւր, մեզմէ ոչ ոք գիտէ, քանի ահա վայրկեաններ առաջ միջոցը լեցուեցաւ ահաւոր ու յաջորդական հինգ որոտներով, որոնք ցնցեցին Հալէպի Վիլլաներ թաղամասը։

Վայրկեաններ ետք, լրատուական նոր միջոցները արձանագրեցին.Մարդկային զոհեր չկան, պայթումներուն նշանակէտը եղած է Հայոց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մօտակայ շրջակայքը։

Կեանքը կը շարունակուի…

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ», 12 Փետրուար 2013