Շատերու բացասական ենթադրութիւններուն հակառակ, սուրիահայութիւնը տակաւին կը շարունակէ հաւաքականապէս կազմակերպուած հասարակութիւն մնալ։

Յատկապէս Հալէպի մէջ, հայութեան հաւաքականապէս կազմակերպուած ու չյուսալքուած ըլլալու փաստերը օրէ օր կը բազմանան։

Յոյժ գնահատելի է հայկական վարժարաններուն վերսկսիլը, տասնեակ աշակերտներու ուսումնական տարին առաւելագոյն չափով շահարկելու գաղափարն ու այս առթիւ կեանքի կոչուած աշխատելաձեւը։

Համեմատաբար ապահով շրջաններու մէջ հայ եկեղեցիներուն գործունէութիւնը, հայկական միութիւններուն, սկաուտական ու երիտասարդական միաւորներուն վերաշխուժացումը յուսադրիչ տուեալներ են հաւաքականութիւնը անկազմակերպուածութենէ փրկելու։

Վառ ապացոյցներ են մինչ օրս անընդմէջ գործող Հայ Ծերանոցը, Ազգային Պատսպարանն ու Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Կեդր. մարմնի խնամատարական ու մարդասիրական ծառայութիւնները։

Նոյնիսկ մօտիկ անցեալին Հ.Յ.Դ.-ի 122 ամեակը արժանավայել շուքով ու խուռներամ բազմութեամբ նշելը հաւաքականպէս համախմբուած ըլլալու փաստարկներ են։

Հակառակ ամէն դժուարութեան, «Գանձասար» շաբաթաթերթի գրեթէ անխափան հրատարակութիւնը կը վերահաստատէ խմբագրակազմին ու «Արեւելք» տպարանին վճռակամութիւնը՝ հայ մամուլը նոյնիսկ կրակի տակ հայ ընթերցողին հասցնելու։

Այս ծիրէն ներս մեծ է դերը «Երկիր Մետիա» եւ Հալէպէն տնօրինուող համացանցի ընկերային էջերու աշխատակազմերուն, որոնք արհեստավարժ ու առարկայական մօտեցումով սուրիահայութեան իսկական պատկերը կը փոխանցեն համայն աշխարհին։

Հաւաքական կազմակերպուածութեան պարունակին մէջ կը մտնեն բոլոր վերոնշեալները, ինչպէս նաեւ այն մեծ ու փոքր, յայտնի ու անյայտ ներդրումներն ու զոհողութիւնները, որոնք կը կատարուին նոյնինքն հաւաքականութեան ծնունդ՝ գիտակից երիտասարդութեան ու պատնէշի վրայ կանգնող ղեկավարութեան միջոցաւ։

Գալով ժողովուրդին կողմէ նկատուած բացթողումներուն, արձանագրուած թերութիւններուն, թերեւս դիւանակալական բարդոյթներուն, անոնք պէտք է շըրջահայեաց ու կառուցողական քննադատութեան վերածել, յանուն սրբագրութեան ու առաւե՛լ արդիւնաբեր աշխատանքի։

Վերջապէս, որո՞նք են այսօր Շտապ Օգնութեան ու ծառայողական մարմիններուն մէջ ծառայող նուիրեալները, եթէ ո՛չ նոյն հալէպահայութեան զաւակները՝ որոնք նո՛յն ցաւերն ու տագնապները, նո՛յն դժուարութիւնները կը կիսեն իրենց ժողովուրդին հետ։

Որո՞նք են եկեղեցիներն ու դպրոցները ձմրան բուքին, տուն-տեղ ձգած աչալրջօրէն հսկող հաւատրիմ միութենական երիտասարդները, եթէ ո՛չ հասուն պտուղը այս հաւաքականութեան։

Որո՞նք են կրակի տակ դպրոց գացող ուսուցիչն ու պատարագ մատուցող քահանան, կամ պարէն բաժնող սկաուտը, կամ հիւանդ քննող բժիշկը, վէրք դարմանող բոյժքոյրը, արձանգրութիւն կատարող գործավարուհին, ճաշ եփող ու հագուստ տրամադրող խաչուհին, եթէ ո՛չ նոյն ու մէ՛կ հաւաքականութեան զանազան բաղադրիչները։

Հետեւաբար, այդ բացթողումները կարելի է շրջանցել համատեղ ջանքերով ու մանաւանդ փոխադարձ հանդուրժողականութեամբ, զոհողութեամբ ու հասկացողութեամբ։

Պատերազմական ծանր օրերուն, նոյնիսկ պետական ամրակուռ համակարգեր կրնան փլուզիլ ու ժողովուրդը անորոշութեան ու անասելի դժուարութիւններու մատնել։

Անապահով ու վտանգաւոր կացութեան մէջ, անղեկ ամբոխի վերածուած ժողովուրդը կորուստէ փրկելը դիւրին ու պարզ աշխատանք չէ։

Այդ աշխատանքը կը պահանաջէ հաւաքական խոր գիտակցութիւն, անչափ զոհողութիւն, քաջութիւն ու մանաւանդ անպարտելի ոգի։

Սուրիահայութեան հաւաքական կեանքն ալ կրնար, երբ հասարակ ժողովուրդը անտէր ու անօգնական մնար, երբ համազգային տարողութեամբ կատարուած օժանդակութիւնները տեղ չհասնէին, դպրոցները փակ մնային, երբ պատսպարեալները, ծերերն ու տնազուրկ ժողովուրդը անօթի ու թափարական վիճակի մատնուէին, երբ չկատարուէին մարդասիրական, խնամատարական ու ծառայողական աշխատանքներ, երբ կալուածներն ու կառոյցները յանձնուէին այս կամ այն ճակատող կողմին սեփականութեան, երբ «Գանձասար»ի թուղթը դադրէր տպուելէ ու նոյնիսկ երբ Զարմիկն ու Մարիան դադրէին նկարահանումներէ…եւ վերջապէս երբ բոլոր հայկական կառոյցներուն դռները փակուէին ու երբ եկեղեցիներուն զանգերը դադրէին ղօղանջելէ…։

Փա՛ռք այն իրականութեան, որ այս նշուած վատ երեւոյթներէն ո՛չ մէկը իրականացած է մինչ օրս…։

Ուրեմն՝ ճակատաբաց կարելի է յայտարարել, թէ սուրիահայութիւնը շնորհիւ իր հաւաքական աշխատանքին, շնորհիւ իր գիտակից պատասխանատուներուն ու անձնուրաց երիտասարդութեան՝ մինչ օրս հաւաքական յաղթանակ կþարձանագրէ ընդդէմ հաւաքական փլուզման ու քայքայման։

Սուրիահայութիւնը հայոց պատմութեան հաւաքական յաղթանակի նոր օրինակը կը դառնայ։

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ», 12 Փետրուար 2013