aztagdaily.com – Լիբանան ապաստանած սուրիահայերու հարցերով զբաղող միջբարեսիրական մարմինին կազմակերպութեամբ, երէկ ընթացք առին նպաստաբաշխումի երկրորդ հանգրուանի աշխատանքները, որոնք ընդգրկեցին մարտ ամսուան ընթացքին լիբանանահայ բարեսիրական մարմիններուն մօտ արձանագրուած սուրիահայ ընտանիքները:

Լիբանանի Փրկարար աշխատանքներու գերագոյն խորհուրդին կողմէ տրամադրուած նպաստները կ՛ընդգրկեն սննդեղէն եւ խոհանոցային մաքրութեան նիւթեր:
Նպաստաբաշխումի աշխատանքներուն կը մասնակցին Հայկական երեսփոխանական պլոքի գրասենեակը, «Ճինիշեան» յիշատակի հիմնարկը, Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, «Գարակէօզեան» հիմնարկը եւ Հայ կաթողիկէ համայնքի ընկերային ծառայութեան գրասենեակը: Նշենք, որ նպաստաբաշխումի առաջին հանգրուանի աշխատանքները կատարուած էին փետրուարին:

Նպաստաբաշխումի երկրորդ հանգրուանի աշխատանքներուն հետեւելու համար երէկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտ այցելեց եւ նպաստընկալ պարագաներու կարիքներուն մօտէն ծանօթացաւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: