Ներքին պատերազմը որ Սուրիոյ մէջ պայթեցաւ ու կը շարունակուի երկու տարիէ ի վեր, տակնուվրայ ըրաւ նաեւ Սուրիոյ մէջ ապրող Հայերու կեանքը։ Հալէպի Հայ գաղութը, որ մեր շրջանի ամէնէն աւանդապահ եւ ուժեղ գաղութն էր, մեծ հարուած կրեց, մեծ թիւով Հայեր, որոնք այնքան ներդրում ունէին թէ_ ազգային կեանքէն ներս, թէ_ Սուրիոյ ընդհանուր ապրումներէն ներս, արտասահման խոյս տուին եթէ կրցան ատենին շարժիլ ու իրենց օձիքը փրկել։ Բայց ասիկա օձիքը փրկելու պայմանաւոր ու վիճելի ձեւ մըն էր, որովհետեւ անոնք շատ անակնկալ որոշումով ու գրեթէ առանց լուրջ կարգադրութիւն մը ընելու, կը թողէին իրենց տունն ու գործատեղին, իրենց գրեթէ ամէն ինչը ու արտասահման խոյս կուտային կարծելով որ կարճ ժամանակ վերջ պիտի վերադառնան։ Անոնցմէ շատեր, ինչպէս հաղորդուեցաւ Ամերիկայի Ձայնի կողմէ, Սուրիայէն խոյս տուին ամառնային հագուստներով, առանց իրենց հետ առնելու նաեւ ձմեռնային հագուստ, որովհետեւ բնաւ չէին մտածեր որ պիտի չկարենային վերադառնալ։ Անոնք խոյս տուած էին նաեւ իրենց հետ տանելով քիչ դրամ եւ հիմա ապրուստի խնդիր ալ ծագած էր։
Ամերիկայի Ձայնի աշխատակից Ճէյմս Պրուքս Երեւանի մէջ ուսումնասիրեր է Հայաստան ապաստանած Սուրիահայերու կացութիւնը ու դրուագներ կը ներկայացնէ անոնց կեանքէն։ Բազմաթիւ դպրոցներու մէջ կարելի է տեսնել աշակերտներ որոնք զբօսանքի ժամուն քով քովի կուգան, բայց ասոնք Սուիրահայերու զաւակներ են, որոնք անցեալ տարի երկու շաբթուան համար Երեւան եկեր են ու անգամ մըն ալ չեն կրցեր Սուրիա վերադառնալ։ Այսօր Հայաստանի մէջ 6000 Սուրիահայեր կան։ Անոնցմէ ոմանց զաւակները կը յաճախեն Հայաստանի դպրոցները։ 17 տարեկան Կարէն Պալքեան կ՚ըսէ որ Հալէպ մնացած իր ընկերներուն հետ հեռաձայնով խօսիլ չ՚ուզեր, որովհետեւ չի կրնար խօսիլ առանց լալու։ Իր ընկերներէն ոմանք ալ Երեւան գալէ վերջ Գանատա կամ այլ երկիր անցեր են։ Անոնց ընտանիքները իրենց հետ բաւականաչափ դրամ չէին առած, որովհետեւ չէին մտածեր որ անգամ մըն ալ պիտի չկարենան վերադառալ։
Սարգիս Ռշտունի անուն Սուրիահայ մը, որ Երեւանի Անթէպի Ճաշարանին մէջ տարադրամի առեւտուր կ՚ընէ, կ՚ըսէ որ Հայերը շատ կը վախնան որ Սուրիան կ՚անցնի արմատական իսլամապաշտներու ձեռքը։ “Քրիստոնեաները այլեւս վստահութիւն չունին իրենց ապրած երկրին քաղաքականութեան վրայ, բայց անոնց վստահութիւնը ամուր կը մնայ Արաբ ժողովուրդին, Արաբ անհատներու նկատմամբ։ Իրականութիւն է սակայն որ Միջին Արեւելքի մէջ ապրողները այլեւս ապահով չեն այդ երկիրներուն մէջ։ Իսկ Սուրիացի Հայերը չեն ուզեր որ իրենք ալ քաշքշուին կրօնական պատերազմի մը մէջ։ Ամերիկացի թղթակիցը խօսած է նաեւ հետազօտիչ Ռիչըրտ Կիրակոսեանի հետ, որ նմանապէս կ՚ընդգծէ թէ մեծաթիւ Հայեր խոյս տուած են Միջին Արեւելեան երկիրներէն։ Ոմանք 1952 թուականին Ճէմալ Ապտիւլնասըրի ընկերվարական քաղաքականութեան հետեւանքով Եգիպտոսը լքեցին։ Այնուհետեւ Լիբանանի մէջ ծագեցաւ ներքին պատերազմ, Հայեր լքեցին Լիբանանը։ Այնուհետեւ, 1979-ին Իսլամական Յեղափոխութեան հետեւանքով մեծ թիւով Հայեր ստիպուեցան հեռանալ Իրանէն։ Հայերը երբեք չկրցան կայուն կեանք մը ապրիլ Միջին Արեւելեան երկիրներուն մէջ։
Երիտասարդ Սուրիահայեր կը հաւատան որ հիմա ապագան կախեալ է քաղաքական կեանքէ ներս առաձգական ըլլալէ։ Ամերիկայի մէջ համալսարան յաճախել, օր մը Սուրիա վերադառնալու երազը փայփայել, կամ Հայաստանի մէջ իրենց ապրուստը ճարել, ահա գործեր որոնք կը զբաղեցնեն անոնց միտքն ու առօրեայ կեանքը։
ՄԱՐՄԱՐԱ.- Տակաւին ի՞նչ հարցեր կը սպասեն այն Սուրիահայերուն, որոնք կը շարունակեն ապրիլ Սուրիոյ, մանաւանդ Հալէպի մէջ։ Այս մասին այսօր մեր Գ. էջին վրայ ու “Ազատ Բեմ”ի սիւնակով կը հրատարակենք Հրաչ Գալսահակեանի կողմէ գրի առնուած յօդուած մը, որ Սուրիոյ ներքին պատերազմի երրորդ տարուայ սեմին՝ կը վերլուծէ երկու տարիներէ ի վեր Սուրիահայութեան ապրած կեանքն ու քաղաքական պայմանները։
«ՄԱՐՄԱՐԱ», 13 Մարտ 2013