kantsasar.com – «Գան­ձա­սար» դի­մեց Սուր­իոյ Խորհր­դա­րա­նի երես­փո­խան տի­ար Ժի­րայր Րէ­իս­եա­նին, խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր­ներ­ու աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին պար­բե­րա­կան զե­կոյց­ներ լսե­լու առա­ջար­կով` մեր ըն­թեր­ցող­նե­րը իրա­զեկ դարձ­նե­լու խորհր­դա­րա­նի, յատ­կա­պէս Հա­լէ­պի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ ծրա­գիր­նե­րուն:

Երես­փո­խան տի­ար Ժի­րայր Րէ­իս­եան սի­րա­յօ­ժար ըն­դա­ռա­ջեց մեր առա­ջար­կին, «Գան­ձա­սար»ին ներ­կա­յաց­նե­լով հե­տեւ­եալ զե­կոյ­ցը.

– Սուր­իոյ նո­րըն­տիր խորհր­դա­րա­նը իր անդ­րա­նիկ նիս­տը գու­մա­րեց 6 Յու­նիս 2016-ին: Նիս­տի ըն­թաց­քին նախ տե­ղի ու­նե­ցաւ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու երդ­ման պաշտօ­նա­կան արա­րո­ղու­թիւն, որ­մէ ետք` խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հի ընտ­րու­թիւն: Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը մի­ա­ձայ­նու­թեամբ խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ ընտ­րե­ցին դոկտ. Հատիէ Ապ­պա­սը, իսկ փոխ­նա­խա­գահ ընտր­ուե­ցաւ հան­րա­ծա­նօթ ար­ուես­տա­գէտ բե­մադ­րիչ Նեճ­տէթ Ան­զուր: Երկ­րորդ օր­ուան նիս­տին Սուր­-ի­ա­կան Արա­բա­կան Հան­րա­պե­տութ-եան մե­ծար­գոյ նա­խա­գահ Նո­րին Վսե­մու­թիւն տոքթ. Պաշ­շար ալ Ասատ այ­ցե­լեց խորհր­դա­րան, իր պատ­գա­մը փո­խան­ցեց, ապա շնոր­հա­ւո­րեց­ նո­րըն­տիր պատ­գա­մա­ւոր­-նե­րը: Իր խօս­քի աւար­տէն ետք, նա­խա­գա­հը ան­ձամբ շնոր­հա­ւո­րեց եւ տե­սակ­ցու­թիւն ու­նե­ցա­ւ իւ­րա­քան­չիւր երես­փո­խա­նի­ հետ:

Աշ­խա­տան­քա­յին յա­ջորդ նըս­տաշր­ջա­նին, ըստ խորհր­դա­րա­նի կա­նո­նագ­րին, կազմ­ուե­ցան մաս­նա­գի­տա­կան յանձ­նա­խում­բեր, որոնց­մէ մէ­կուն կամ եր­կու­քին սո­վո­րա­բար մաս կը կազ­մէ իւ­րա­քան­չիւր երես­փո­խան` իր տու­եալ­նե­րուն, կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն: Ես մաս կազ­մե­ցի եր­կու յանձ­նա­խում­բի, մէ­կը Տե­ղե­կա­տուու­թեան եւ Հա­ղոր­դակ­ցու­թեան Մի­ջոց­նե­րու Յանձ­նա­խումբն է, իսկ միւ­սը` Ազա­տու­թիւն­նե­րու եւ Մարդ­կա­յին Իրա­ւանց Յանձ­նա­խում­բը: Եր­կու յանձ­նա­խում­բերն ալ կը նկատ­ուին խորհըր­դա­րա­նի հիմ­նա­կան եւ գոր­ծուն­եայ յանձ­նա­խում­բերէն:

Այս մի­ջո­ցին ­նա­եւ նո­րա­կազմ Նա­խա­րա­րաց Խոր­հուր­դը ներ­կա­յա­ցուց իր աշ­խա­տան­քա­յին ծրա­գի­րը: Ծրա­գի­րը խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ման­րա­մաս­նօ­րէն քն­նարկ­ուե­ցաւ, բնա­կա­նա­բար մեկ­նելով լու­ծում­նե­րու առաջ­նա­հեր­թու­թե­նէն, երկ­րի կա­րիք­նե­րէն: Ժո­ղո­վը կարգ մը հար­ցե­րու գծով լ­սեց նա­եւ ­կա­ռա­վա­րու­թ-եան լու­սա­բա­նու­թիւն­նե­րը ու յետ քն­նար­կում­նե­րու, կա­ռա­վա­րու­թիւնը սկ­սաւ ծրագրի կիրառումը:

Յու­լի­սի 31-ին, առա­ջին նըս­տաշր­ջա­նի աւար­տով, ժո­ղո­վը ըստ կա­նո­նագ­րի դա­դար առաւ ամառ­նա­յին ար­ձա­կուր­դի հա­մար, մին­չեւ Սեպ­տեմ­բե­րի աւար­տը:

Հա­լէ­պի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը, քա­ղա­քէն ներս տի­րող ապա­հո­վա­կան, տն­տե­սա­կան եւ կեն­ցա­ղա­յին իրա­վի­ճա­կին­ լոյ­սին տակ, որ­պէս սրտ­ցաւ քա­ղա­քա­ցի­ներ, նկա­տի ու­նե­նա­լով տի­րող շատ մը դժ­ուա­րու­թիւն­ներն ու իրա­վի­ճա­կի բա­ցա­սա­կան երե­ւոյթ­նե­րը, որո­շե­ցին յա­ջոր­դա­կան հան­դի­պու­մնե­րով կա­րե­ւո­րու­թեան եւ կա­րե­լիու­թեան շար­քով ճշ­դել հար­ցե­րու լուծ­ման, մի­ջամ­տու­թեա­ն ու­ հե­տապնդ­ման աշ­խա­տան­քա­յին յա­տուկ ծրա­գիր մը:

Դժ­բախ­տա­բար Հալէպի մէջ պե­տա­կա­նօ­րէն ցարդ երես­փո­խան­նե­րու աշ­խա­տա­կեդ­րո­նի կամ գրա­սեն­եակ­նե­րու հաս­տա­տում չէ կա­տար­ուած, այդ պատ­ճա­ռով ալ շնոր­հա­կալ առա­ջարկ մը ստա­ցանք ար­դիւ­նա­բե­րա­կան գրա­սեն­եա­կէն, որուն նա­խա­գա­հը երես­փո­խան երկչփ. Ֆա­րես Շա­հա­պին է, ար­դիւ­նա­բե­րա­կան գրա­սեն­եա­կը տրա­մադ­րելու մե­զի` հան­դի­պում­նե­րու եւ ժո­ղով­նե­րու հա­մար: Մենք այն­տեղ սկ­սանք մեր հան­դի­պում­նե­րը, որոնց ըն­թաց­քին քն­նար­կե­ցինք գլ­խա­ւո­րա­բար տասն­մէկ հիմ­նա­կան օրա­կար­գեր, որոնք ման­րակր­կիտ քըն­նարկ­ումէ եւ բա­նա­ձեւ­ուե­լէ ետք, խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հին ճամ­բով ան­մի­ջա­պէս ներ­կա­յաց­ուե­ցան կա­ռա­վա­րութ­եան` Դա­մաս­կոս:

Կ՛ու­զեմ այդ ուղ­ղու­թեամբ մէկ եր­կու հիմ­նա­կան նշում կա­տա­րել:

Այդ տասն­մէկ հիմ­նա­կան կէ­տե­րէն առա­ջինն էր` պա­հան­ջել Հա­լէ­պի հա­մար վա­ռե­լա­նիւ­թի բա­ւա­րար յատ­կա­ցում, յատ­կա­պէս մա­զու­թի պա­րա­գա­յին, որուն յատ­կա­ցու­մը նուա­զած էր: Անհ­րա­ժեշտ նկատ­ուե­ցաւ աւելց­նել ընդհ. յատ­կա­ցու­մի քա­նա­կը ու լրիւ յատ­կա­ցում տրա­մադ­րել Հա­լէ­պի ելեկտ­ր­ա­ծին գործիքնե­րու բո­լոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն կամ գոր­ծառ­նու­թիւնը կա­տա­րող­նե­րուն, իրենց հա­մար ճշդ­ուած քա­նա­կով` առիթ չտա­լու չա­րա­շա­հում­նե­րու: Որով­հե­տեւ անոնց­մէ շա­տեր ոչ միայն նիւ­թա­կան չա­րա­շա­հում­նե­րու սկ­սած էին, այ­լեւ սկ­սած էին կր­ճա­տել ելեկտ­րա­կա­նու­թեան յատ­կա­ցու­մի ժա­մե­րը: Այն­պէս որ թէ՛ սա­կի գծով, թէ՛ ժա­մա­նա­կի կր­ճա­տու­մի գծով չա­րա­շա­հում­նե­րու առիթ չտա­լու եւ ժո­ղո­վուր­դին դժ­ուա­րու­թիւնը աւե­լի չծան­րաց­նե­լու հա­մար շատ արագ մի­ջամ­տու­թեան ան­ցանք: Այս գոր­ծը հե­տապն­դե­լու հա­մար ան­մի­ջա­պէս յա­ռա­ջա­ցաւ փոքր յանձ­նա­խումբ մը երես­փո­խան մեր պաշ­տօ­նա­կից­նե­րէն, որոնք յա­րա­բե­րա­կան եւ ծրագ­րի գործ­նա­կան հե­տապընդ­ման աշ­խա­տան­քները ուղ­ղակի­օ­րէն պիտի կա­տա­րեն: Յանձ­նա­խում­բին մաս կազ­մե­ցին երես­փո­խան­ներ, որոնք իրա­ւա­բա­նա­կան դաշ­տի մէջ մաս­նա­գէտ­ներ են եւ կր­նա­ն ար­դիւ­նա­ւո­րել աշ­խա­տան­քի կազ­մա­կեր­պու­մը:

Ի պա­տիւ խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հուհի­ին եւ գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն, Դա­մաս­կոս շատ արագ ըն­դա­ռա­ջեց մեր պա­հան­ջին: Հարկ եղած յատ­կա­ցու­մը եղաւ` մեր ակն­կա­լած քա­նա­կով, ճշդ­ուե­ցան ելեկտ­ր­ա­ծին գործիքնե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն տրա­մադր­ե­լի քա­նակ­ները, մի­ա­ժա­մա­նակ որոշ­ուե­ցաւ ելեկտ­ր­ա­ծին գործիքնե­րու աշ­խա­տան­քա­յին ժա­մե­րը` օրա­կան տա­սը ժամ, իւ­րա­քան­չիւր ամ­բե­րի հա­մար 1000 սուր­ի­ա­կան վճա­րու­մով: Խախ­տում­նե­րու պա­րա­գա­յին ճշդ­ուե­ցան յս­տակ եւ ան­վի­ճե­լի պա­տիժ­ներ, սկզբ­նա­կան շր­ջա­նի հա­մար բա­ւա­կան մե­ծա­գու­մար տու­գան­քով, կրկն­ուե­լու պա­րա­գա­յին նա­եւ այլ պա­տիժ­նե­րու սահ­մա­նու­մով, ինչ­պէս` բան­տար­կու­թիւն: Հաս­տա­տե­ցինք նա­եւ, թէ ոե­ւէ քա­ղա­քա­ցի, իր իրա­ւունք­նե­րու ոտ­նա­հար­ման պա­րա­գա­յին, կր­նայ բո­ղո­քել. այդ բո­ղո­քը կ՛ար­ձա­նագր­ուի, կը ստուգ­ուի առանց բո­ղո­քո­ղին անունը յիշ­ե­լու: Այս մի­ջո­ցա­ռու­մը երես­փո­խա­նա­կան հա­մախըմ­բու­մին հա­մար շատ ան­մի­ջա­կան, շտապ լու­ծու­մ մըն էր: Ասոր կող­քին, մենք գրա­ւոր կեր­պով Ելեկտ­րա­կա­նու­թեան Նա­խա­րա­րու­թե­նէն պա­հան­ջե­ցինք հե­տապն­դել այն աշ­խա­տան­քը եւ խոս­տու­մը, որ նա­խորդ կա­ռա­վա­րու­թեան օրով իսկ տր­ուած էր. այն էր Հա­լէ­պի հա­մա­ր կարճ ժամանակի ընթացքին ապա­հո­վել պե­տա­կա­նօ­րէն մա­տա­կա­րա­րուող ելեկտ­րա­կան հո­սանք: Եթէ ելեկտ­րա­կա­նու­թեան մա­տա­կա­րար­ման մի­ջոց­նե­րը ան­բա­ւա­րար ըլ­լա­յին, նա­խա­րա­րու­թիւնը խոս­տա­ցած էր ապա­հո­վել ելեկտ­ր­ա­ար­տադ­րիչ մեծ գործիքներ կամ փո­խա­րի­նող ջեր­մու­ժի այլ մի­ջոց­ներ, որոնց ճամ­բով ժո­ղո­վուր­դին պի­տի հաս­նէր ելեկտ­րա­կա­նու­թիւն: Հե­տե­ւա­բար մեր առա­ջին հար­ցի լու­ծու­մին առն­չուո­ղ անմի­ջա­կան ելքն էր, մին­չեւ որ պե­տու­թիւնը կա­րե­նայ հո­սան­քի մա­տա­կա­րար­ման իր տար­բե­րա­կը ապա­հո­վել, որ­պէս­զի այս մի­ջո­ցին ժո­ղո­վուր­դը զրկ­ուած չըլ­լայ ելեկտ­րա­կա­նու­թե­նէն: Միաժամանակ հե­տապն­դելու նա­խա­րա­րու­թեան նախորդ ծրա­գի­րին իրա­գործումը, որպէսզի ելեկտ­րա­կան հո­սան­քը ­ժո­ղո­վուր­դին պե­տա­կա­նօ­րէն մա­տա­կա­րար­ուի: Ան­շուշտ այս բո­լո­րը առնչ­ուած են նաեւ ջու­րի մա­տա­կա­րար­ման հետ, որով­հե­տեւ երբ ելեկտ­րա­կան հո­սան­քի մա­տա­կա­րա­րու­մը ըլլայ, վա­ռե­լա­նիւ­թը ապահովուի, նա­եւ ջու­րի մա­տա­կա­րար­ման ջրհաննե­րը կր­նան աշ­խա­տիլ, այ­լա­պէս ար­դէն բո­լորս ալ գի­տենք, որ որ­քան յա­ճա­խակի­օ­րէն ե՛ւ ջու­րէ ե՛ւ հո­սան­քէ զրկ­ուած պի­տի ըլ­լայ Հա­լէ­պի բնակ­չու­թիւնը:

Երես­փո­խա­նա­կան մեր հան­դի­պում­նե­րուն քն­նարկ­ուած կա­րե­ւոր այլ կէ­տե­րէն մէկն ալ ար­դիւ­նա­բե­րա­կան գրա­սեն­եա­կի կա­տա­րած մէկ ու­սում­նա­սի­րու­թիւնն էր, թէ ինչ­պէ՛ս կա­րե­լի է Հա­լէ­պի անա­պա­հո­վու­թեան, քան­դում­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս ար­դիւ­նա­բե­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու թա­լա­նին ի տես վե­րա­կանգ­նել ար­դիւ­նա­բե­րա­կան կեան­քը: Փաս­տօ­րէ­ն ար­դիւ­նա­բե­րութիւնը երկ­րի տն­տե­սու­թիւնն է: Ար­դիւ­նա­բե­րա­կան գրա­սեն­եա­կը­ ու­սում­նա­սի­րա­կան սկզբ­նա­կան նա­խա­գիծ մը պատ­րաս­տած էր: Այդ նա­խա­գի­ծը քն­նար­կե­ցինք, ապա սեր­տե­ցին­ք ա­նոր գործ­նա­կա­նաց­ման եւ հե­տապնդ­ման մե­քա­նիզմ­նե­րը, որ­պէս­զի ձգձ­գում­ներ չըլ­լան: Այլ կէտ մը, որ նոյն­պէս կա­րե­ւոր նկատ­ուե­ցաւ, ար­դիւ­նա­բե­րա­կան գրա­սեն­եա­կին ճամ­բով Փաս­տա­բան­նե­րու Միու­թեան ներ­կա­յաց­ուած առաջարկն էր, որուն հիմամբ դա­տա­կան թղ­թած­րար մը ­պիտի պատ­րաս­տուի` հաշ­ուի կան­չե­լու յատ­կա­պէս Լե­րա­մու­նի գործարաններու թա­լա­նի մաս­նա­կից­նե­րը, վնա­սից հա­տու­ցում պա­հան­ջելու յս­տակ հաս­ցէ ու­նե­ցող կող­մե­րէն, ըլ­լան անոնք ան­հատ­ներ կամ ինչ որ այլ կողմեր` ձե­ւով մը թե­թեւց­նե­լու, դիւ­րաց­նե­լու ար­դիւ­նա­բե­րա­կան վե­րա­կանգ­նու­մի աշ­խա­տանք­նե­րը: Քն­նարկ­եցինք նա­եւ, թէ ինչ­պէ՛ս կա­րե­լի է մի­ջոց­ներ գտ­նել, պատ­կան կող­մե­րուն գոր­ծակ­ցութ­եամբ, ժո­ղո­վուր­դի կեն­ցա­ղա­յին տար­րա­կան պէտ­քե­րու չա­րա­շա­հու­մը կան­խե­լու հա­մար: Այս մար­զին մէջ ի պա­հանջ­եալ հար­կին ճշ­դե­լով սպա­ռո­ղա­կան նիւ­թե­րու պե­տա­կան գի­նե­րը, որ­պէս­զի առիթ չտր­ուի վա­ճա­ռա­կան­նե­րուն, խա­նութ­պան­նե­րուն­ գիները կա­մա­յա­կա­նօ­րէն բարձ­րաց­նե­լ: Յար­մար նկա­տե­ցինք նա­ե­ւ ե­լեկտ­րո­նա­յին կտրօննե­րու դրու­թիւնը կի­րար­կել, յատ­կա­պէս տն­տե­սա­կան լուրջ դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րու մէջ գտ­նուող գաղ­թա­կան, տե­ղա­հան­ուած ըն­տա­նիք­նե­րուն համար: Մենք գի­տենք նա­եւ որ վրան­նե­րու տակ ապ­րող տնա­զուրկ ու գաղ­թա­կան դար­ձած ­հա­րիւ­րա­ւոր մար­դիկ կան. օրե­րը կ՛անց­նին, կը մտ­նենք աշուն, եւ նման ըն­տա­նիք­ներ կլի­մա­յա­կան դժ­ուար պայ­ման­նե­րու են­թա­կայ պի­տի ըլ­լան, հե­տե­ւա­բար այդ ուղ­ղու­թեամբ ան­մի­ջա­պէս աշ­խա­տանք տար­ուե­ցաւ նա­հան­գա­պե­տա­րա­նի ճամ­բով, մաս­նա­ւո­րա­բար կր­թա­կան տնօ­րէ­նութ­եան գոր­ծակ­ցու­թեամբ, որպէսզի ոչ օգ­տա­գո­րծե­լի կարգ մը կեդ­րոն­ներ կամ դպ­րոց­ներ յատ­կաց­ուին նման պա­րա­գա­նե­րու մէջ յայտն­ուած ըն­տա­նիք­նե­րուն, որ­պէս ապաս­տան: Այս բո­լո­րին կող­քին մենք աշ­խա­տանք ­տա­րինք, որ արագ կար­գադ­րու­թիւն մը կա­տար­ուի եւ երես­փո­խա­նա­կան գրա­սեն­եա­կը յս­տակ իր հաս­ցէն ու­նե­նայ, որ­պէս­զի նա­եւ ժո­ղո­վուր­դին հետ իր հա­ղոր­դակ­ցու­թիւնը աւե­լի հե­զա­սահ ըն­թա­նայ: Կ՛են­թադ­րենք որ առա­ջի­ն այս հանգր­ուա­նին, շա­բա­թա­կան յա­ջոր­դա­կա­ն եւ մաս­նա­կի մեր հան­դի­պում­նե­րով, նոյ­նիսկ ար­ձա­կուր­դա­յին օրե­րը աշ­խա­տան­քա­յին օրե­րու վե­րա­ծե­լով, ար­դիւ­նա­ւէտ քայ­լե­րու կը ձեռ­նար­կենք թե­թեւց­նե­լու Հա­լէ­պի բնակ­չու­թեան այս ծանր պայ­ման­նե­րը»:

06/09/2016

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԺԻՐԱՅՐ ՐԷԻՍԵԱՆԻ ՀԵՏ