asbarez.com-ՀԱԼԷՊ.- Սուրիական տագնապի անցնող տարիներուն ընթացքին Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան անդամները զրկուած էին բանակումի մթնոլորտէն՝ պատերազմական իրավիճակին, անապահովութեան եւ երկրէն ներս քաղաքէ քաղաք երթեւեկութեան դժուարութիւններուն պատճառով:
5 տարի ետք պատանիները առիթն ունեցան մասնակցելու Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմինի կազմակերպած եռօրեայ բանակումին, որ տեղի ունեցաւ Հալէպի Ազգային Կիւլպէնկեան վարժարանէն ներս, 2, 3 եւ 4 Սեպտեմբեր 2016ին:
Բանակումը կը կոչուէր «Քրիստափոր Միքայէլեան»: Անոր մասնակցութիւն բերին Հալէպի երկու մասնաճիւղերէն 153 պատանի-պարմանուհիներ, Ընդհանուր վարիչ մարմինի, վարիչ եւ դաստիարակ կազմերու 25 անդամներու կողքին:
Դժբախտաբար պատերազմի պայմաններուն մէջ հնարաւոր չէր Սուրիոյ բոլոր շրջաններու պատանիները մասնակից դարձնել սոյն բանակումին:
Բանակումի օրակարգի կէտերն էին՝ մարզանք, դասախօսութիւն, զրոյց, հարց-պատասխան, երգի ուսուցում, յանձնախմբային աշխատանք, տեսերիզի ցուցադրութիւն եւ մարզական ու դաշտային խաղեր:
Բանակումի մասնակցող պատանիները, հակառակ քաղաքի ծանր ու դաժան պայմաններուն, շատ աշխոյժ, կարգապահ եւ տիպար ընթացք ունէին, երեւոյթ մը, որ գնահատանքի արժանացաւ բանակումի պատասխանատու կազմին կողմէ:
Յատկանշական էր բանակումի աւանդական խարուկահանդէսը: Մասնակիցները բարձր տրամադրութեամբ ճոխացուցին մթնոլոտը: Խարուկահանդէսը կ՛ընդգրկէր զաւեշտ՝ բանակումի առօրեայէն եւ Հալէպի կացութենէն պատկեր մը, հայկական պար, մարզական պատկերներ եւ խրախճանք:
Բանակողներուն այցելեցին ԿԿի անդամ Կարօ Իւզպաշեան եւ Հալէպի մօտ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան, որոնք իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին պատանիներուն՝ անոնց մաղթելով փայլուն ապագայ, իսկ սուրիական հայրենիքին՝ խաղաղութիւն:
Մասնակիցները յուզումնախառն պահեր ապրեցան, երբ Սուրիայէն մեկնած ընկերներ հեռակայ դրութեամբ իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին անոնց: Սրահէն ներս քար լռութիւն կը տիրէր, մասնակիցները կարօտով կ՛ունկնդրէին իրենց ընկերներուն խօսքերն ու բարեմաղթութիւնները:
Բանակումը իր աւարտին հասած էր արդէն: Մասնակիցները իրար հրաժեշտ տուին, նման բանակում մը կրկին կազմակերպելու յոյսով:
Աւարտին Ընդհանուր վարիչ մարմինը շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք թեւ ու թիկունք կը հանդիսանան Պատանեկան Միութեան՝ իրենց զաւակները վստահելով անոր: Անիկա շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր անոնց, որոնք ոչ մէկ ջանք խնայեցին սոյն բանակումի յաջողութեան համար: ԸՎ մարմինը մաղթեց, որ յառաջիկային կարելիութիւն կը ստեղծուի կազմակերպելու միջ-մասնաճիւղային տարեկան բանակում մը Սուրիոյ բոլոր մասնաճիւղերուն մասնակցութեամբ:
Տեղին է նշել, որ Հալէպի բանակումէն օրեր առաջ, Քեսապի «Քրիստափոր» մասնաճիւղի 47 պարման-պարմանուհիներ մասնակցեցան Քեսապի Վարիչ կազմին կազմակերպած երկօրեայ բանակումին 29-30 Օգոստոս 2016ին, Քեսապի «Սարդարապատ» սրահին մէջ:
Բանակումը կը կոչուէր «Արցախ»: Օրակարգի կէտերն էին՝ դասախօսութիւն, զրոյց, հարց-պատասխան, երգի ուսուցում, խմբային աշխատանք, տեսերիզի ցուցադրութիւն եւ մարզական խաղեր:
Քեսապի հրաշագեղ բնութեան մէջ պատանիները օգտաշատ բանակում մը վայելեցին՝ նոր յանձնառութեամբ շարունակելու իրենց վըստահուած աշխատանքն ու դառնալու տիպար հայորդիներ:
Պատանեկան Միութեան բանակումներուն ընդմէջէն հայ պատանիները հաւաքական աշխատանքի միջոցով ձեռք կը բերեն բազմաթիւ յատկանիշեր՝ գործակցութեան ոգի, ընկերասիրութիւն, ծրագրուած ու կազմակերպուած աշխատանքի վարժութիւն, համբերութիւն, իսկ ներկայացուած դաստիարակչական ծրագիրին հետեւելով կը ծանօթանան մեր հայրենիքին, հայոց պատմութեան, կը զարգացնեն իրենց գիտելիքներն ու կը սորվին առողջ մտածել, աշխոյժ գործել, զրուցել եւ, վերջապէս, խօսքը գործի վերածել:
«Գանձասար»