Ծ. Խմբ.- Դժբախտաբար հետզհետէ առաւել սաստկութեամբ կը շարունակուի սուրիացի ժողովուրդի, նաեւ սուրիահայերու ողբերգութիւնը։ Կացութիւնը կրկնապէս ցաւալի է հալէպահայութեան պարագային, մեր ամէնէն պատուական գաղութներէն մէկը։
Վստահելի մեր աղբիւրէն ստացանք նոր տեղեկատուութիւն մը, մասնաւորաբար Հալէպի մէջ տիրող կացութեան մասին։ Հալէպ որ այլեւս շատ հեռացած ըլլալ կը թուի «Երազային» գեղեկցութիւններու իր համբաւէն։ Մեր ստացած թղթակցութիւնն ալ գրի առնուած է յուզիչ եւ քիչ մըն ալ բանաստեղծական դառնութեամբ։
Մինչ աշխարհի գեր-պետութիւնները անտարբերութեամբ, արհամարհանքով, բայց նաեւ չարախինդ ժպիտով կը դիտեն Սուրիոյ իրադարձութիւնները ու կռնակ կը դարձնեն այս բարի ու շինական ժողովուրդին պարտադրուած անտանելի տառապանքներուն ու զրկանքներուն, գետնի վրայ՝ կռուող երկու արիւնակից ճակատներուն միջեւ պատերազմական գործողութիւննները կը շարունակուին ամենայն սաստկութեամբ։
Ինչպէս երկրին գրեթէ բոլոր նահանգներուն, Հալէպի մէջ եւս կացութիւնը կը շարունակէ մնալ վտանգաւոր եւ յուսահատական։ Մարդկային տեսակէտով՝ ժողովուրդը կþապրի իսկական ողբերգութիւն մը։ Անկախ՝ ելեքտրականութեան, վառելանիւթի, հանրային սպասարկութիւնններու ու բազմաթիւ այլ կենսական անհրաժեշտութիւնններու չգոյութենէն, հրետանիները, հրթիռարձակ սարքերը (ռուսական մատակարարումով) եւ հրացանաձգութիւննները կը պարտադրեն որ քաղաքացին զգուշանայ փողոց ելլելէ, մասնաւորաբար երեկոյեան ժամերուն, արեւամարէն ետք, երբ բովանդակ Հալէպը կը վերածուի «ուրուական քաղաք»ի մը։ Ռումբերու եւ հրթիռակոծութիւններու խլացուցիչ որոտն ու թնդիւնը լսելի է քաղաքին բոլոր թաղամասերէն, օրուան բոլո՛ր ժամերուն, գիշեր-ցերեկ։
Վերջին տասը օրերու ընթացքին Հալէպի մարտերը առաւելաբար կեդրոնացած էին 3 գօտիներու մէջ։
Նախ՝ ԷշրէՖիյյէ եւ Պէնի Զէյտ թաղամասերը, որոնք կը գտնուին քաղաքին հիւսիսակողմը։ ԷշրէՖիյյէն երբեմնի հայաբնակ բարձրադիր Տաւուտիէն է, որ 70-ական թուականներէն ետք լրիւ հայաթափուած էր, տեղւոյն խիտ հայութեան դէպի աւելի կեդրոնական թաղամասեր տեղափոխուելուն պատճառով։ Հիմա, այս թաղամասը ջախջախիչ տոկոսով քրտաբնակ է, վերջին մէկ տարիէ ի վեր հոս տեղափոխուած են նաեւ Հալէպի գաւառային շրջաններէն փախուստ տուած հազարաւոր գաղթական ընտանիքներ։ Ահա, ա՛յս թաղամասն է որ ներկայիս ականատես կþըլլայ բուռն ընդհարումներու ու մերթ ընդ մերթ կը ռմբահարուի պետական ուժերու կողմէ, հոն ապաստանած «ահաբեկիչ»ները պատժելու նպատակով։ Բայց, դա՛րձեալ ու մի՛շտ՝ պարզ քաղաքացին է որ կը տուժէ, անո՛ր տունն է ր կը քանդուի, անո՛ր ընտանիքին անդամներն են որ կը սպաննուին։ Այսպէս, ամէն օր կ՚իյնան տասնեակ զոհեր։ ԷշրէՖիյյէի ու Պէնի Զէյտի մէջ հայութիւն կամ հայկական հաստատութիւն չկայ, բացի Մխիթարեան հայրերու գեղակառոյց վարժարանէն, որ կը գտնուի թաղամասին մուտքին ու բարեբախտաբար հեռու է (գէթ առայժմ) բախումներու անմիջական շրջագօտիէն։
Երկրորդ «տաք» շրջանը, ներկայիս, հին Հալէպի այն հատուածն է, ուր կը գտնուին Փակ Շուկան, Սապաա Պահրաթ հրապարակը եւ Պապ Էլ Նասըրի ու Խանտէքի պողոտաները։ Այս վերջինը շատ մօտ է Բերիոյ Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանին ու Ս. Քառասուն Մանկանց մայր տաճարին, որուն պատմական երկարավիզ զանգակատունը դիւրաւ տեսանելի է այս թաղամասերէն։
Անցեալ շաբաթ, իշխանամէտ ջոկատներու եւ ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներու միջեւ սաստիկ մարտեր մղուած են այստեղ, տասնեակներով զոհեր կան երկու կողմէն ալ։ Հայոց Առաջնորդարանին կից գտնուող հայ ոսկերիչներու կամ արհեստաւորներու խանութները փակ են, իսկ հոն բնակող սակաւաթիւ հայ ընտանիքներէ շատեր հեռացած են շրջանէն՝ ապահովական նկատումներով։ Հաղորդուեցաւ, որ քիչ անդին, Հարթ Սիսի կոչուող նեղլիկ փողոցին մէջ գտնուող Կիլիկեան Ճեմարանի նախակարթարանի շէնքը եւս տուժած է բախումներէն, հոգաբարձութեան սենեակին ելեքտրական արժէքաւոր իրերը կողոպտուած են թաղին «հսկողութիւն»ը ստանձնած պետական բանակի միաւորներուն կողմէ…
Երրորդ վտանգալից շրջանն ալ կը շարունակէ մնալ Հալէպի քաղաքային օդակայանը, որ այլեւս մնայուն թիրախը դարձեր է ընդդիմութեան եւ փակ է ամիսներէ իվեր։ Կ՚ըսուի որ ընդդիմադիրները կ՚ուզեն չէզոքացնել զայն՝ պաշտօնական բանակին մատակարարուող զինական օժանդակութիւնները խափանելու համար։
Օդակայանին փակուած ըլլալը շատ ժխտական անդրադարձ կ՚ունենայ նաեւ Հայաստան հաստատուած 7000 հայերուն վրայ, քանի որ անոնցմէ շատ-շատեր կը փափաքին իրենց բնօրրանը վերադառնալ՝ չկարենալով տոկալ Հայաստանի տնտեսական ոչ-դիւրատար ճնշիչ պայմաններուն։ Այս կացութեան մէջ, հիմա հայաստանաբնակ սուրիահայերու գաղթի նոր շարժում մը սկսած է դէպի… Շուէտ, «ապաստանեալ»ի կարգավիճակով։
Իր անչափահաս երեխաներով կամ ընտանեկան պարագաներով սքանտինաւեան այդ հեռու ու ապահայացնող երկրին մէջ ի՞նչ պիտի ընէ սուրիահայը, ի՞նչպէս պիտի հաղորդակցի տեղաբնակներուն հետ, ի՞նչպիսի նուաստացուցիչ պայմաններու մէջ պիտի ստիպուի ապրիլ, ի՞նչպէս պիտի պահպանէ իր հայկականութիւնը, ի՞նչպիսի ապագայ մը պիտի կերտէ։ Ահա մտահոգիչ հարցումներ, որոնց պատասխանը ցարդ ոչ ոք ունի։
* * *
Ահաւոր սղաճը ու անհատներու եկամուտի աղբիւրներուն ցամքած ըլլալու պարագան՝ մղած է հալէպահայ բազմաթիւ միութիւններ՝ օգնութեան ձեռք երկարելու կարօտեալներուն։ Արտասահմանի մէջ հանգանակուած նպաստները տակաւ առ տակաւ կը բաշխուին հայ ընտանիքներու։ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինը (որ կը համախմբէ գաղութին մայր կառոյցները) վերջերս հաղորդեց, որ ընթացիկ տարեսկիզբին դրամական օժանդակութիւն կատարուած է 5072 հայ ընտանիքերու։
Իսկ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Սուրիոյ Շրջանային Յանձնաժողովին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը կը յայտնէ, որ միութեան երդիքին տակ «Արտակարգ վիճակի մարմին»ներ կազմուած են Հալէպի, Դամասկոսի, Գամիշլիի ու Լաթաքիոյ մէջ։ Անցեալ տարուան Օգոստոսէն սկսեալ՝ Հալէպի մարմինը երեք հանգրուաններով սննդեղէնի տուփեր բաժնած է 2705 ընտանիքներու։ Միութեան կամաւոր երիտասարդներուն ջանքերով՝ պաշարի այս տուփերը յաճախ հասցուած են մինչեւ նպաստընկալներու բնակարանները։ Դամասկոսի մէջ նմանօրինակ նպաստաբաշխում կատարուած է 250 ընտանիքի, Գամիշլիի մէջ ալ 550 ընտանիքի։
Հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ նաեւ, որ Հ.Բ.Ը.Մ.ը օժանդակած է նաեւ 20 հայ վիրաւորեալներու բուժման ծախսերուն, ձմեռնային հագուստներ բաժնած է կարօտեալ երեխաներու, նոյնիսկ՝ տաք ճաշի սպասարկութիւն կատարուած է տեղացի (ոչ հայ) անտուն 300 հոգիի։
Միւս կողմէ, վերջերս, Հալէպի հայկական բոլոր վարժարաններու բազմահարիւր հայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն եւ պաշտօնեաներուն 10.000-ական սուրիական թղթոսկի (շուրջ 110 տոլար) նուէր բաժնուեցաւ հանրածանօթ «ԳՈՀԱՐ» երգչախումբին կողմէ (լիբանանահայ Խաչատուրեան եղբարք)։ Մարդասիրական այս եզակի նախաձեռնութիւնը բացառիկ ոգեւորութիւն ստեղծեց ու գնահատուեցաւ բոլորին կողմէ։
Հալէպի ազգային-գաղութային կեանքը սառած է անշուշտ, ի բաց առեալ դպրոցներէն, որոնք կը ջանան խտացեալ դասաւանդութիւններով գէթ փրկել կրթական տարեշրջանը։ Այս իմաստով, հայկական վարժարանները բախտաւոր կը նկատուին, որովհետեւ Հալէպի պետական հարիւրաւոր միւս դպրոցները փակ են դէպքերու սկիզբէն իվեր. անոնք վերամուտ չունեցան ու հետեւաբար՝ հարիւր հազարաւոր տեղացի աշակերտներ զրկուած մնացին ուսումնառութենէ։
Փետրուարին կայացած հրապարակային միակ ձեռնարկը եղաւ Վարդանանց աւանդական միջ-յարանուանական տօնախմբութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի 3 Փետրուարի կէսօրին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ մէջ։ Եկեղեցական կեանքը կը շարունակուի կարելի բնականութեամբ՝ միշտ սահմանափակուած մնալով «Վիլլաներ» թաղամասի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ առանցքին շուրջ։ Նոր Գիւղի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի փողոցը ութը ամիսէ իվեր կը շարունակէ մնալ անմարդաբնակ ու անանցանելի։ Այս շրջանը հիմնովին զրկուած է նաեւ ելեքտրական հոսանքէ։
Առաջնորդարանի «Գանձասար» շաբաթաթերթը կը շարունակէ լոյս տեսնել, ազգապատկան կարգ մը հաստատութիւններ տեղափոխուած են ապահով նկատուած այլ վայրեր (զորօրինակ, Պոսթան Փաշայի Հայ Ծերանոցի պատսպարեալները փոխադրուած են Նոր Գիւղի Վերժին Կիւլպէնկեան Մայրանոց, Ս.Օ.Խաչի Պատսպարանը՝ Արամ Մանուկեան Ժող. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահը, Ազգ. Առաջնորդարանը՝ Սիւլէյմանիէի «Սիմոն Վրացեան կեդրոն»…)։
Միով բանիւ՝ Հալէպ կը շարունակէ հիւծիլ ու արիւնիլ։ Պիտի գա՞յ օր մը, երբ ան իր ետին թողլով «ձմրան ձախորդ օրերը»՝ ի վերջոյ կարենայ ողջունել բաղձալի գարունը։ Որպէսզի,- ինչպէս սրտախօսիկ ոճով գրեր էր հալէպահայ գրահրատարակիչ Մաթիկ Էպլիղաթեան «Ազդակ»ի մէջ (Փետրուար 14),- հայկական Հալէպը վե՛րստին ապրէր այն համով օրերը, երբ «Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ զոյգ կաթողիկոսներ Հալէպէն Տէր Զօր ուխտի կը մեկնէին, երբ ԳՈՀԱՐի համոյթները կը նուաճէին Հալէպի պատմական բերդը, երբ Հայաստանի անկախ հանրապետութեան նախագահներ Հալէպ կ՚այցելէին, երբ կրթական օճախներու տարեվերջի հանդէսներուն հարիւրաւոր աշակերտներ կը տողանցէին բեմերու վրայ, երբ Գամիշլիի ու Քեսապի (Գալատուրան) մէջ նոր եկեղեցիներ կը կառուցուէին, երբ Տեառնընդառաջի նախատօնակին՝ մոմը կը սպառէր բանկալներուն մէջ, երբ Ծաղկազարդին եկեղեցիներուն շուրջ ծնողներ իրենց նորածինները գրկած՝ Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքի թափօրին կը մասնակցէին, երբ Աւագ Ուրբաթ երեկոյեան ժողովուրդը եօթը եկեղեցիներ կը շրջէր, երբ Համբարձման տօնին հազարաւոր հայուհիներ պարտիզագնացութիւններ կը կատարէին, երբ հայ ոսկերիչներ լեցուն պայուսակներով առեւտուր կ՚ընէին Սուրիոյ քաղաքներուն մէջ, երբ լիբանանահայ օրաթերթերը ամէն կէսօր փուռէն ելած տաք հացի նման կը հասնէին հալէպահայ ընթերցողներուն, երբ նոր անցագիր ստանալու համար առաւօտուն դիմում կը ներկայացնէինք եւ կէսօրին կը ստանայինք, երբ ամէն վերամուտին ոչ մէկ դպրոցական հայորդի հայ դպրոցէ կը զրկուէր, երբ Ներսի Շուկայի առատութենէն եւ բարիքներէն շլացած ու ծանրաբեռնուած՝ տուն կու գայինք, երբ օտար զբօսաշրջիկներու տասնեակ փոխադրակառքեր շարուած կ՚ըլլային Հալէպի բերդին դիմաց, երբ Ս. Պսակի արարողութեան ժամադրութեան տոմարը ամիսներ առաջ խճողուած կ՚ըլլար Առաջնորդարանէն ներս, երբ արաբերէնի կը թարգմանուէին ու կը հրատարակուէին Հայ Դատի գիրքեր, երբ մշակութային ձեռնարկներ զիրար կը խաչաձեւէին, երբ Ս. Աստուածածնայ տօնին հայ սկաուտներ կը տողանցէին Քեսապի մէջ, երբ միայն յիսուն սուրիական թղթադրամ վճարելով՝ ընտանիք մը Ֆուլի ճաշկերոյթ կը սարքէր»։
«ՄԱՐՄԱՐԱ», 26 Փետրուար 2013