asbarez.com – ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆ.- Արեւելեան Ամերիկայի ՀՕՄը կը տեղեկացնէ, թէ նախորդ վեց ամիսներուն ընթացքին իրականացուած դրամահաւաքի շարք մը նախաձեռնութիւններու շնորհիւ, կարելի եղած է աւելի քան 100,000 տոլար հանգանակել, ի նսպատ սուրիահայութեան օժանդակութեան ծրագիրներուն։

Վերջերս, այդ գումարէն 44,000 տոլար փոխանցուած է «Սուրիահայ ընտանիք մը հովանաւորէ» ծրագիրին, որ Արեւելեան Ամերիկայի ՀՕՄի նախաձեռնութեամբ ծնունդ առած էր 2013ին, տարրական օգնութիւն հասցնելու համար կարիքաւոր ընտանիքներու։ Այդ ծրագիրին շնորհիւ, ցարդ կարելի եղած է 112,000 տոլարի օժանդակութիւններ տրամադրել սուրիահայ ընտանիքներու, Սուրիոյ Օգնութեան Խաչին (ՍՕԽ) միջոցաւ։

Սոյն ծրագիրին կողքին կ՛իրականացուին նաեւ տաք ուտեստեղէն եւ բնակարաններ ապահովելու ծրագիրները։ Վերջերս 8000 տոլար փոխանցուած է առաջինին համար՝ ցարդ այդ նպատակին տրամադրուած գումարը հասցնելով 38,000 տոլարի։ Այս ծրագիրը նախապէս կ՛իրականցուէր Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանի ՍՕԽի կեդրոնէն, սակայն կեդրոնին կրած վնասներուն պատճառով, անիկա այժմ կ՛իրականացուի «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնի «Գառնի» սրահէն։ Որոշ պարագաներու, ճաշեր կը հասցուին նաեւ կարիքաւոր ընտանիքներու բնակարանները։

Առողջապահական սպասարկութիւններ տրամադրելու նպատակով, վերջերս աւելի ապահով վայր մը փոխադրուած է նաեւ Հալէպի ՍՕԽի դարմանատունը, որ օժանդակութիւններ կը ստանայ Արեւելեան Ամերիկայի ՀՕՄէն։

Իսկ բնակարանային օժանդակութեանց համար, Արեւելեան Ամերիկայի ՀՕՄէն ցարդ տրամադրուած են 20,000 տոլարի նպաստներ։

Արեւելեան Ամերիկայի ՀՕՄը Սուրիոյ հայկական վարժարաններուն, որբանոցներուն, ՍՕԽի դարմանատան ու Շտապ օգնութեան ծառայութեան 184,866 տոլարի օժանդակութիւն տրամադրած է ցայսօր։

Նաեւ, սուրիահայութեան օժանդակելու նպատակով, կարելի եղած է 33,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը ապահովել «Աթլենթիք» բարեսիրական կազմակերպութենէն. գումարէն 8000 տոլար տրամադրուած է ՀՕՄի հովանիին տակ գործող Հալէպի ապաստանարանին. 10,000 տոլար տրամադրուած է Լիբանան հասած սուրիահայ գաղթականներու առողջապահական կարիքներուն, իսկ 10,000 տոլար՝ Հայաստանի ՀՕՄին, օժանդակելու համար Հայաստան հասած 100 սուրիահայ ընտանիքներու։

Վերջապէս, նկատի ունենալով, որ պատերազմին սկիզբէն ի վեր, Հալէպէն եւ Գամիշլիէն մեծ թիւով հայեր համեմատաբար աւելի ապահով վայր նկատուող Լաթաքիա քաղաքը հաստատուած են, Արեւելեան Ամերիկայի ՀՕՄը «Աթլենթիք» բարեսիրական կազմակերպութեան տրամադրած նպաստէն 5000 տոլար յատկացուցած է ՍՕԽի Լաթաքիոյ մասնաճիւղին, օգնելու համար Լաթաքիոյ հայկական վարժարանները յաճախող գաղթական աշակերտներուն։