kantsasar.com – Հալէպահայութիւնը չորս տարիէ ի վեր տօնական պահերու ծարաւը ունէր։ Համայնքի ազգային կեանքը թէեւ աշխոյժ էր, սակայն ՍԵՄ- ի Կեդր. Վարչութեան կազմակերպութեամբ ազգային-յեղափոխական երգերու անզուգական մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանի զոյգ համերգները մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին։

ՀՅԴաշնակցութեան 125 ամեակին առիթով, Ազգային-յեղափոխական երգերը մասունքի պէս պահած հալէպահայութիւնը հոծ բազմութեամբ ներկայացաւ զոյգ համերգներուն, երգեց Գառնիկին հետ, անմահացուց մեր հերոսներն ու ազգային հպարտութիւն արթող անոնց սխրանքները ու իր ծափողջոյններով, երգերով ու ոգեւորիչ կանչերով թնդացուց «Գէորգ Եսայեան» սրահը։

Գառնիկ Սարգիսեանի զոյգ համերգները տեղի ունեցան Հինգշաբթի 9 եւ Շաբաթ 11 Դեկտեմբերին, յետմիջօրէի հայ 5:00-ին։ Իւրաքանչիւր համերգի ընթացքին «Եսայեան» սրահը կը յորդէր աւելի քան ութը հարիւր հանդիսատեսներով։

Զոյգ համերգներուն Գառնիկ Սարգիսեան աւելի քան երկուքուկէս ժամ անընդհատ երգեց ու իր եզակի կատարումներուն միացան հանդիսատեսները՝ ուրուագծելու հայ յեղափոխութեան ուղին լուսաւորող հերոսներու սխրանքները, 125ամեայ ժողովրդանուէր կուսակցութեան կէս դար ու քառորդ աննահանջ պայքարը, մեծարելու սուրիահայ մեր քաջերն ու ներշնչուելու մեր պատմութեան լուսաւոր էջերով։

Բացման խօսքով Հուրի Սրուրեան յայտնեց, որ 36 տարի առաջ Հալէպի մէջ հիմնուեցաւ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութիւնը։ ՍԵՄ-ը տարիներու իր գործունէութեամբ վկայեց, որ ՀՅԴաշնակցութիւնը իր անձնուէր երիտասարդութեամբ սուրիահայութեան կողքին է ու պիտի շարունակէ քալել ժողովուրդին հետ՝ անոր տէր կանգնելով, յոյս ներշնչելով եւ օժանդակելով։

Անդրադառնալով ազգային-յեղափոխական երգերու դաստիարակչական դերին, Սրուրեան շեշտեց, որ ազգային երգերը ոչ միայն կ՚ոգեւորեն, այլեւ կը համախմբեն մեզ մեր նպատակներուն շուրջ։

Համերգները ընթացան տօնական ջերմ մթնոլորտի մէջ։

Հալէպահայ երիտասարդներն ու պատանիները եռագոյն դրօշները պարզած, ուս-ուսի տուած խանդավառ երգեցողութեամբ յիշեցին Արծիւներու բոյն Գետաշէնը, երկար ժամանակ ծառայելու անկեղծ զինուորին ուխտը, արցախեան հերոսներն ու սուրիահայ քաջերը։

Համերգին մէկ երգով մասնակցեցաւ երիտասարդ մեկնաբան, հալէպահայ Սուրէն Աճէմեան։

Համերգները սփռուեցան Ռատիօ Երազի ուղիղ եթերով, իսկ երկիր մետիայի Հալէպի գրասենեակը յատուկ հաղորդումով անդրադարձաւ անոնց։

Աւարտին կազմակերպիչ մարմինը խորհրդանշական յուշանուէրով պարգեւատրեց Գառնիկ Սարգիսեանը, որ անտեսելով առկայ վտանգները միացաւ հալէպահայութեան, ոգեւորեց եւ զոյգ համերգները նուիրեց Հալէպի աննկուն ժողովուրդին։
Հայ յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան իր կեցութեան ընթացքին այցելեց նաեւ ազգային կեդրոններ եւ վարժարաններ։