Azad Or – Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ գոր­ծող ­Սու­րիոյ ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Հիմ­նադ­րա­մը (Ս.Հ.Օ.Հ.-SARF) 21 ­Փետ­րո­ւար 2016ին ­Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ պի­տի կազ­մա­կեր­պէ թե­լե­թոն մը՝ «­­Կեանք փրկէ՛» խո­րա­գի­րով:

Թե­լե­թո­նին նպա­տակն է, սու­րիա­կան ճգնա­ժա­մի ար­դէն 5րդ ­տա­րին, օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րել ­Սու­րիոյ մէջ բնա­կող հա­յե­րուն եւ ա­նոնց հա­մար յոյ­սի փոքր շող ստեղ­ծել:

Սու­րիա­կան 5 տարուան հա­կա­մար­տու­թեան ըն­թաց­քին կը շա­րու­նա­կո­ւին կոր­ծա­նիլ քա­ղաք­ներ ու գիւ­ղեր, տու­նե­րը կը հա­ւա­սա­րե­ցո­ւին հո­ղին, ըն­տա­նիք­նե­րը կը մաս­նա­տո­ւին, եւ որ ա­մէ­նէն ցա­ւա­լին է, ա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կո­ւի, եւ ան­մեղ կեան­քեր զոհ կ­­՛եր­թան բռնու­թեան:

Հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր քա­ղա­քա­ցի­ներ զրկո­ւած են հիմ­նա­կան կա­րիք­նե­րէն՝ ջուր, սնունդ, տա­նիք ու ջեր­մու­թիւն: ­Բար­բա­րո­սու­թիւ­նը ­Սու­րիոյ մէջ ապ­րող հա­յե­րուն եւս բա­ւա­կան ծանր վի­ճա­կի մատ­նած է: ­Հայ­կա­կան սփիւռ­քի հնա­գոյն գա­ղութ­նե­րէն ­Հա­լէ­պը վե­րա­ծո­ւած է դա­տար­կո­ւած ու­րո­ւա­կան քա­ղա­քի:

Բայց եւ այն­պէս ան­մարդ­կայ­նու­թեան ա­կա­նա­տես ըլ­լա­լով, մենք ա­ւե­լի կ­­՛ամ­րապն­դենք մեր մարդ­կա­յին յատ­կա­նիշ­նե­րը եւ կա­րի­քի մէջ գտնո­ւող ան­ձե­րուն օգ­նե­լու յանձ­նա­ռու­թիւ­նը: ­Սու­րիոյ մէջ ապ­րող մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը ա­մէն վայր­կեան զո­հո­ւե­լու սե­մին կը գտնո­ւին, այ­դու­հան­դերձ, տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կեն գո­յա­տե­ւել»,- նշո­ւած է ­Սու­րիոյ ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Հիմ­նադ­րա­մին յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։

Ա­ւար­տին կոչ կ­­՛ուղ­ղո­ւի բո­լո­րին՝ մաս­նակ­ցե­լու «­­Կեանք փրկէ՛» հե­ռուս­տա­մա­րա­թո­նին եւ նպաս­տե­լու ա­պա­հով­ման ­Սու­րիոյ մէջ բնա­կող մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն ա­մե­նա­տար­րա­կան կա­րիք­նե­րուն, ինչ­պէս՝ կտոր մը հաց, ջուր կամ տաք հա­գուստ: