Ինչպէս երկրին գրեթէ բոլոր նահանգներուն, Հալէպի մէջ եւս կացութիւնը կը շարունակէ մնալ վտանգաւոր եւ յուսահատական։ Մարդկային տեսակէտով՝ ժողովուրդը կþապրի իսկական ողբերգութիւն մը։ Անկախ՝ ելեքտրականութեան, վառելանիւթի, հանրային սպասարկութիւնններու ու բազմաթիւ այլ կենսական անհրաժեշտութիւնններու չգոյութենէն, հրետանիները, հրթիռարձակ սարքերը (ռուսական մատակարարումով) եւ հրացանաձգութիւննները կը պարտադրեն որ քաղաքացին զգուշանայ փողոց ելլելէ, մասնաւորաբար երեկոյեան ժամերուն, արեւամարէն ետք, երբ բովանդակ Հալէպը կը վերածուի «ուրուական քաղաք»ի մը։ Ռումբերու եւ հրթիռակոծութիւններու խլացուցիչ որոտն ու թնդիւնը լսելի է քաղաքին բոլոր թաղամասերէն, օրուան բոլո՛ր ժամերուն, գիշեր-ցերեկ։
Վերջին տասը օրերու ընթացքին Հալէպի մարտերը առաւելաբար կեդրոնացած էին 3 գօտիներու մէջ։Նախ՝ ԷշրէՖիյյէ եւ Պէնի Զէյտ թաղամասերը, որոնք կը գտնուին քաղաքին հիւսիսակողմը։ ԷշրէՖիյյէն երբեմնի հայաբնակ բարձրադիր Տաւուտիէն է, որ 70-ական թուականներէն ետք լրիւ հայաթափուած էր, տեղւոյն խիտ հայութեան դէպի աւելի կեդրոնական թաղամասեր տեղափոխուելուն պատճառով։ Հիմա, այս թաղամասը ջախջախիչ տոկոսով քրտաբնակ է, վերջին մէկ տարիէ ի վեր հոս տեղափոխուած են նաեւ Հալէպի գաւառային շրջաններէն փախուստ տուած հազարաւոր գաղթական ընտանիքներ։ Ահա, ա՛յս թաղամասն է որ ներկայիս ականատես կþըլլայ բուռն ընդհարումներու ու մերթ ընդ մերթ կը ռմբահարուի պետական ուժերու կողմէ, հոն ապաստանած «ահաբեկիչ»ները պատժելու նպատակով։ ԷշրէՖիյյէի ու Պէնի Զէյտի մէջ հայութիւն կամ հայկական հաստատութիւն չկայ, բացի Մխիթարեան հայրերու վարժարանէն, որ կը գտնուի թաղամասին մուտքին ու բարեբախտաբար հեռու է (գէթ առայժմ) բախումներու անմիջական շրջագօտիէն։Երկրորդ «տաք» շրջանը, ներկայիս, հին Հալէպի այն հատուածն է, ուր կը գտնուին Փակ Շուկան, Սապաա Պահրաթ հրապարակը եւ Պապ Էլ Նասըրի ու Խանտէքի պողոտաները։ Այս վերջինը շատ մօտ է Բերիոյ Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանին ու Ս. Քառասուն Մանկանց մայր տաճարին, որուն պատմական երկարավիզ զանգակատունը դիւրաւ տեսանելի է այս թաղամասերէն։
Անցեալ շաբաթ, իշխանամէտ ջոկատներու եւ ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներու միջեւ սաստիկ մարտեր մղուած են այստեղ, տասնեակներով զոհեր կան երկու կողմէն ալ։ Հայոց Առաջնորդարանին կից գտնուող հայ ոսկերիչներու կամ արհեստաւորներու խանութները փակ են, իսկ հոն բնակող սակաւաթիւ հայ ընտանիքներէ շատեր հեռացած են շրջանէն՝ ապահովական նկատումներով։ Հաղորդուեցաւ, որ քիչ անդին, Հարթ Սիսի կոչուող նեղլիկ փողոցին մէջ գտնուող Կիլիկեան Ճեմարանի նախակարթարանի շէնքը եւս տուժած է բախումներէնԵրրորդ վտանգալից շրջանն ալ կը շարունակէ մնալ Հալէպի քաղաքային օդակայանը, որ այլեւս մնայուն թիրախը դարձեր է ընդդիմութեան եւ փակ է ամիսներէ իվեր։
Կþըսուի որ ընդդիմադիրները կþուզեն չէզոքացնել զայն՝ պաշտօնական բանակին մատակարարուող զինական օժանդակութիւնները խափանելու համար։
Օդակայանին փակուած ըլլալը շատ ժխտական անդրադարձ կþունենայ նաեւ Հայաստան հաստատուած 7000 հայերուն վրայ, քանի որ անոնցմէ շատ-շատեր կը փափաքին իրենց բնօրրանը վերադառնալ՝ չկարենալով տոկալ Հայաստանի տնտեսական ճնշիչ պայմաններուն։ Այս կացութեան մէջ, հիմա հայաստանաբնակ սուրիահայերու գաղթի նոր շարժում մը սկսած է դէպի…Շուէտ, «ապաստանեալ»ի կարգավիճակով։Իր անչափահաս երեխաներով կամ ընտանեկան պարագաներով սքանտինաւեան այդ հեռու ու ապահայացնող երկրին մէջ ի՞նչ պիտի ընէ սուրիահայը, ի՞նչպէս պիտի հաղորդակցի տեղաբնակներուն հետ, ի՞նչպիսի նուաստացուցիչ պայմաններու մէջ պիտի ստիպուի ապրիլ, ի՞նչպէս պիտի պահպանէ իր հայկականութիւնը, ի՞նչպիսի ապագայ մը պիտի կերտէ։ Ահա մտահոգիչ հարցումներ, որոնց պատասխանը ցարդ ոչ ոք ունի։
Ահաւոր սղաճը ու անհատներու եկամուտի աղբիւրներուն ցամքած ըլլալու պարագան՝ մղած է հալէպահայ բազմաթիւ միութիւններ՝ օգնութեան ձեռք երկարելու կարօտեալներուն։ Արտասահմանի մէջ հանգանակուած նպաստները տակաւ առ տակաւ կը բաշխուին հայ ընտանիքներու։ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինը (որ կը համախմբէ գաղութին մայր կառոյցները) վերջերս հաղորդեց, որ ընթացիկ տարեսկիզբին դրամական օժանդակութիւն կատարուած է 5072 հայ ընտանիքերու։
Իսկ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Սուրիոյ Շրջանային Յանձնաժողովին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը կը յայտնէ, որ միութեան երդիքին տակ «Արտակարգ վիճակի մարմին»ներ կազմուած են Հալէպի, Դամասկոսի, ամիշլիի ու Լաթաքիոյ մէջ։ Անցեալ տարուան Օգոստոսէն սկսեալ՝ Հալէպի մարմինը երեք հանգրուաններով սննդեղէնի տուփեր բաժնած է 2705 ընտանիքներու։
Միութեան կամաւոր երիտասարդներուն ջանքերով՝ պաշարի այս տուփերը յաճախ հասցուած են մինչեւ նպաստընկալներու բնակարանները։ Դամասկոսի մէջ նմանօրինակ նպաստաբաշխում կատարուած է 250 ընտանիքի, ամիշլիի մէջ ալ 550 ընտանիքի։Հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ նաեւ, որ Հ.Բ.Ը.Մ.ը օժանդակած է նաեւ 20 հայ վիրաւորեալներու բուժման ծախսերուն, ձմեռնային հագուստներ բաժնած է կարօտեալ երեխաներու, նոյնիսկ՝ տաք ճաշի սպասարկութիւն կատարուած է տեղացի (ոչ հայ) անտուն 300 հոգիի։Միւս կողմէ, վերջերս, Հալէպի հայկական բոլոր վարժարաններու բազմահարիւր հայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն եւ պաշտօնեաներուն 10.000-ական սուրիական թղթոսկի (շուրջ 110 տոլար) նուէր բաժնուեցաւ հանրածանօթ «ՈՀԱՐ» երգչախումբին կողմէ (լիբանանահայ Խաչատուրեան եղբարք)։ Մարդասիրական այս եզակի նախաձեռնութիւնը բացառիկ ոգեւորութիւն ստեղծեց ու գնահատուեցաւ բոլորին կողմէ։Հալէպի ազգային-գաղութային կեանքը սառած է անշուշտ, ի բաց առեալ դպրոցներէն, որոնք կը ջանան խտացեալ դասաւանդութիւններով գէթ փրկել կրթական տարեշրջանը։ Այս իմաստով, հայկական վարժարանները բախտաւոր կը նկատուին, որովհետեւ Հալէպի պետական հարիւրաւոր միւս դպրոցները փակ են դէպքերու սկիզբէն իվեր. անոնք վերամուտ չունեցան ու հետեւաբար՝ հարիւր հազարաւոր տեղացի աշակերտներ զրկուած մնացին ուսումնառութենէ։
Փետրուարին կայացած հրապարակային միակ ձեռնարկը եղաւ Վարդանանց աւանդական միջ-յարանուանական տօնախմբութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի 3 Փետրուարի կէսօրին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ մէջ։ Եկեղեցական կեանքը կը շարունակուի կարելի բնականութեամբ՝ միշտ սահմանափակուած մնալով «Վիլլաներ» թաղամասի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ առանցքին շուրջ։ Նոր իւղի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի փողոցը ութը ամիսէ իվեր կը շարունակէ մնալ անմարդաբնակ ու անանցանելի։ Այս շրջանը հիմնովին զրկուած է նաեւ ելեքտրական հոսանքէ։Առաջնորդարանի «անձասար» շաբաթաթերթը կը շարունակէ լոյս տեսնել, ազգապատկան կարգ մը հաստատութիւններ տեղափոխուած են ապահով նկատուած այլ վայրեր (զորօրինակ, Պոսթան Փաշայի Հայ Ծերանոցի պատսպարեալները փոխադրուած են Նոր իւղի Վերժին Կիւլպէնկեան Մայրանոց, Ս.Օ.Խաչի Պատսպարանը՝ Արամ Մանուկեան Ժող. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահը, Ազգ. Առաջնորդարանը՝ Սիւլէյմանիէի «Սիմոն Վրացեան կեդրոն»…)։
«ՀՈՐԻԶՈՆ», 27 Փետրուար 2013