kantsasar.com – Գրու­թեանս մե­լա­նը հա­զիւ չոր­ցած եւ կամ հա­զիւ լրատ­ուա­կան մի­ջոց­նե­րուն հա­սած, ար­դէն կ՛աւար­տի Քե­սա­պի ազա­տագ­րութ­եան առա­ջին տա­րե­դար­ձը:

Քե­սա­պը ճանչ­ցո­ղին, Քե­սա­պը սի­րող ամէն մար­դու միտ­քը չարչըր­կո­ղը Քե­սա­պի այ­սօր­ուան իրա­վի­ճակն է, անց­նող տա­րին եւ ապա­գան` նոյն­պէս:

Հա­զիւ մէկ շա­բաթ ան­ցած էր, անց­եալ տա­րի Հա­յաս­տա­նէն վե­րա­դար­ձիս (ուր գա­ցած էի մաս­նակ­ցե­լու Հա­մազ­գա­յին Հայ կր­թա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վին), հա­զիւ Լա­թաք­իա ոտք կո­խած, ական­ջա­լուր կ՛ըլ­լա­յի զա­նա­զան լու­րե­րու, թէ ծանր մար­տեր տե­ղի կ՛ու­նե­նան Քե­սապ գա­ւա­ռա­կի Սըլ­տը­րան լե­րան լան­ջե­րուն, անոր կից Չալ­մա կոչ­ուած վայ­րին (պար­տէզ­ներ եւ միայ­նակ գողտ­րիկ ճա­շա­րան մը, բարձ­րա­դիր սառ­նո­րակ, զու­լալ, սքան­չե­լի աղ­բիւր մը եւ սօ­սի հնա­մե­նի ծա­ռի մը տակ), ու նա­եւ Տա­փա­սա` առանձ­նա­տու­նե­րու բարձ­րա­դիր գա­գա­թի մը շր­ջան­նե­րուն մէջ: Քա­նի մը օր եւ մար­տա­դաշ­տը կը փո­խադր­ուէր Էքի­զո­լուխի բիւ­րեղ հա­յա­ւա­նի դու­ռե­րուն:

Մեր Լա­թաք­իա եռամս­եայ կե­ցու­թեան ըն­թաց­քին ոչ մէկ րո­պէ կաս­կա­ծած էինք, որ շու­տով պի­տի վե­րա­դառ­նանք Քե­սապ, հիմն­ուած` մեր պե­տա­կան, հա­մա­հայ­կա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին վե­րա­բե­րում­նե­րէն, Քե­սա­պի հա­մար: Սա­կայն ազա­տագ­րու­թեան ժա­մուն այդ­քան մօտ ըլ­լա­լը ան­հա­ւա­տա­լի կը թուէր, ինչ­պէս որ երազ թուա­ցած էր Քե­սա­պէն տե­ղա­հա­նու­թիւնը:
Կի­րա­կի օր, Յու­նի­սին, Լա­թաք­իոյ Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նար նոյն Չալ­մա­յի աղ­բիւ­րին մօ­տա­կայ վայ­րին մէջ նա­հա­տակ­ուած, Գա­լա­տու­րան գիւ­ղի, Սուլ­եան թա­ղի բնիկ­նե­րէն, եր­կու զա­ւա­կի հայր, աշ­խար­հա­զօ­րա­յին Վար­դան Անտր­եա­նին, եւ նոյն գիւ­ղէն վա­ղա­մե­ռիկ Մայ­տա Տե­միրճ­եան-Ման­ճիկ­եա­նին հո­գե­հան­գիստ­նե­րը: Եւ նա­խոր­դող շա­բաթ օր­ուան շր­ջող լու­րե­րուն կ՛ու­զէ­ինք հա­ւատք ըն­ծա­յել, թէ Քե­սա­պը ազա­տագր­ուած է, սա­կայն տա­կա­ւին «գործ կար ընե­լիք® հո­գե­հան­գիստ® Քաֆ­րուն պտոյտ` կա­րի­քա­ւոր ըն­տա­նիք­նե­րու (հո­գե­կան վե­րա­կանգ­նու­մի ծրագ­րի ծի­րէն ներս)® եւայլն:
Սա­կայն լու­րե­րը իրա­կա­նու­թիւն էին:

Այո՛, Քե­սապ ազա­տագր­ուած էր:

Քե­սապ­ցի երկ­տասն­եակ մը երի­տա­սարդ տղաք, որոնք մաս կը կազ­մէ­ին ժո­ղովր­դա­յին ազ­գա­յին պաշտ­պա­նո­ղա­կան բա­նա­կին (զին­եալ ու­ժե­րու զու­գա­հեռ զօ­րա­խումբ), մե­զի կ՛իմաց­նէ­ին, որ մեր ականջ­նե­րով լսա­ծը իրա­կա­նու­թիւն է. եւ կը թե­լադ­րէ­ին, ան­պայ­ման եւ ան­յա­պաղ բարձ­րա­նալ Քե­սապ` «վա­յե­լե­լու» հա­մար ազա­տագ­րու­թեան քաղցր հա­մը նա­եւ անիշ­խա­նա­կան քա­ո­սին մէջ տէր կանգ­նե­լու տու­նին, հո­ղին ու գիւ­ղին:

Փոքր խումբ մը Կի­րա­կի, 14 Յու­նիս 2014-ին, շտա­պած էր Քե­սապ բարձ­րա­նալ:

Եր­կու­շաբ­թի առա­ւօտ կա­նուխ Լա­թաք­իոյ Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ թա­ղը խճող­ուած էր Քե­սա­պի ժո­ղո­վուր­դի ինք­նա­շարժ­նե­րով, որ­պէս­զի մի­ա­սին, մեծ խում­բով, շքա­խում­բով, ազա­տագր­ուած Քե­սապ բարձ­րա­նա­յին:

Ի՛նչ հոգ: Քա­ղա­քա­կան ճն­շում­նե­րու, թէ սուր­ի­ա­կան ազ­գա­յին բա­նա­կի նուի­րա­կան մար­տիկ զին­ուոր­նե­րու կրունկ­նե­րու ճն­շու­մով® կա­րե­ւո­րը Քե­սապ վե­րա­դար­ձաւ հայ­րե­նի­քին գիր­կը:

Ճամ­բան, վա­ճա­ռա­տու­նե­րէն, հա­ցա­տու­նե­րէն` մթերք­նե­րով բեռ­նա­ւոր­ուած, (մե­զի թէ պա­տա­հա­կան զի­նուոր­նե­րուն հա­մար եւ քա­նի մը օր­ուան հա­մար), ինք­նա­շարժ­նե­րու խում­բը առա­ւօտ­եան ժա­մը 8:00-9:00 հա­սաւ Քե­սապ:
Գա­ւա­ռա­կի մուտ­քին, Էքի­զո­լուխ գիւ­ղի ար­ուար­ձան­նե­րուն, պատ­կե­րը մխի­թա­րա­կան չէր կըր­նար ըլ­լալ: Հո­ղա­թում­բեր, քանդ­ուած ու հր­կիզ­ուած տու­ներ, այ­րած պար­տէզ­ներ® եւայլն: Սա­կայն երբ Քե­սապ մտանք, աւե­րա­ծու­թեան ծա­ւա­լը, հա­մե­մա­տա­բար, մեր ակն­կա­լա­ծէն նուազ էր:

Մեր ու­րա­խու­թիւնը եւ ար­ցուն­քը խառն­ուած «Մի­սաք­եան Մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի» հրա­կէզ ծու­խին` իրա­րու վիզ էինք կախ­ուած, գըր­- կա­խառն կու լա­յինք®

Մեր հո­գե­կան լոյ­սի տու­նե­րը` եկե­ղե­ցի­նե­րը, այ­րած էին: «Մի­սաք­եան» կեդ­րո­նը, կարգ մը տու­ներ, վա­ճա­ռա­տու­ներ կը մխա­յին: Եկե­ղե­ցի­նե­րը առա­ջին շա­բաթ­նե­րուն, զին­եալ­նե­րու գրա­ւու­մէն, պատ­կե­րաս­փիւ­ռա­յին «բե­մադ­րա­կան» նկա­րա­հա­նում­նե­րէն ետք, հր­կիզ­ուած եւ պղծ­ուած էին:
Հրա­պա­րա­կի «ստու­գում»ը կա­տա­րե­լէ ետք ամէն մարդ կ՛ուղղ­ուէր դէպի իր տու­նը` ստու­գե­լու, ամ­րաց­ը- նե­լու, պահ­պա­նե­լու, մաք­րե­լու® մէկ խօս­քով` վէր­քե­րը դար­մա­նե­լու:
Յա­ջոր­դող օրե­րուն Քե­սապ «կ՛ար­շա­ւէ­ին», պե­տա­կան պատ­ուի­րա­կու­թիւն­ներ (նա­հան­գա­պետ, նա­խա­րար­ներ®), լրատ­ուա­կան տե­սալ­սո­ղա­կան մի­ջոց­ներ, են­թա­կա­ռոյ­ցի վե­րա­կանգ­նու­մի պա­տաս­խա­նա­տու­ներ` հա­մա­պա­տաս­խան թեք­նիք անձ­նա­կազ­մե­րով, ազ­գա­յին, հա­մայն­քա­յին մեր հայ­կա­կան աւա­գա­նին, ժո­ղովրդ­եան լայն զանգ­ուած­ներ, բա­նա­կա­յին-ոս­տի­կա­նա­կան ջո­կատ­նե­րու ու նա­եւ եր­բեմն անիշ­խա­նա­կան ու պա­տա­հա­կան տար­րեր:

Մէկ խօս­քով, երեք չա­րա­բաս­տիկ ամիս­նե­րու պար­տա­դիր դա­դա­րէն ետք, կեան­քը վերս­տին կ՛եռար Քե­սա­պի մէջ: Ելեկտ­րա­կա­նու­թեան չգո­յու­թեան իրո­ղու­թեան դի­մաց խա­րոյկ­նե­րու, մո­մե­րու լոյ­սե­րուն տակ Քե­սա­պը սկ­սած էր «փայ­լիլ»:
Պե­տա­կան թէ քա­ղա­քա­կան կա­ռոյց­նե­րու եւ են­թա­կա­ռոյց­նե­րու վե­րա­կանգ­նու­մի ճի­գե­րուն զու­գա­հեռ, Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան Շտապ Օգ­նու­թեան եւ Վե­րա­կանգ­նու­մի Քե­սա­պի Գոր­ծա­դիր Մար­մի­նը իր մօտ գտն­ուող խնայ­ուած լու­մա­նե­րը կը տրա­մադ­րէր ժո­ղո­վուր­դին, որ­պէս­զի տան մէջ եր­դիք մը սար­քե­լու կամ, ինչ­պէս օրին կոչ­ուե­ցաւ, «տան դու­ռը, կղ­պան­քը եւ պա­տու­հա­նը նո­րո­գե­լու» փող ու­նե­նայ:

Ըն­տա­նիք­նե­րը աւե­լի ուշ բարձ­րա­ցան Քե­սապ:

Երկ­րորդ շօ­շա­փե­լի նպաս­տը եկաւ Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան Շտապ Օգ­նու­թեան եւ Վե­րա­կանգ­նու­մի Կեդ­րո­նա­կան Մար­մի­նին կող­մէ` որ­պէս պար­տէզ­նե­րու եւ կա­ռոյց­նե­րու վե­րա­կանգ­նու­մին նպաս­տող օժան­դա­կու­թիւն, երբ առա­ջին իսկ օրե­րուն Քե­սապ այ­ցե­լե­ցին հա­մայն­քա­պետ­նե­րը` ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ազ­գա­յին պատ­ուի­րա­կու­թեան մը:
Անոր յա­ջոր­դե­ցին Սուր­ի­ա­կան Կար­միր Մա­հի­կի (նե­րառ­եալ` Մ.Ա.Կ.-ի եւ Մի­ջազ­գա­յին Կար­միր Խա­չի), ինչ­պէս նա­եւ Յոյն Ուղ­ղա­փառ եկե­ղեց­ւոյ պատր­ի­ար­քա­րա­նի ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան` Եկե­ղե­ցի­նե­րու Մի­ջազ­գա­յին Խոր­հուր­դի կեն­ցա­ղա­յին նպաստ­նե­րը (պա­րէն, մաք­րութ­եան դե­ղեր, ծած­կոց­ներ, ներք­նակ­ներ® եւայլն):

Եւ կա­մաց-կա­մաց Քե­սա­պը եռամս­եայ «սո­վէն» ետք սկ­սաւ «միս եւ ոս­կոր կա­պել» ու վե­րա­կանգ­նիլ:

Քե­սա­պը ու­նե­ցաւ բեր­քա­հա­ւաք, Ս. Աստ­ուա­ծած­նի Վե­րա­փոխ­ման Տօն, Նոր տա­րի, Ս. Ծնունդ, Ս. Զա­տիկ եւ մա­նա­ւանդ յաղ­թա­կա­նօ­րէն նշեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան` Մեծ Եղեռ­նի հա­րիւ­րամ­եա­կը, հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին մաս­նակ­ցութ­եամբ:
Ի դէպ, նա­եւ ապ­րե­ցաւ (քա­նի մը ան­գամ) դառն պա­հեր, երբ «հին­գե­րորդ զօ­րա­սիւ­նին» տա­րա­ծած ստա­պա­տիր լու­րե­րով ալե­կոծ­ուե­ցաւ նոր հան­դար­տած կեան­քը վերս­տին խան­գա­րե­լով: (Բա­րե­բախ­տա­բար ազա­տագր­ուած Քե­սա­պի առա­ջին օրե­րուն Ս.Շ.Օ.Վ. Քե­սա­պի Գոր­ծա­դիր Մար­մի­նը նկա­րա­հա­նել տուաւ Քե­սա­պի կի­սա­կոր­ծան թա­ղե­րը, տու­նե­րը, կա­ռոյց­նե­րը, պար­տէզ­նե­րը®):

Քե­սա­պը ան­ցուց ծանր եւ խըս­տա­շունչ ձմեռ մը:

Քե­սապ­ցին վա­ռե­լա­նիւ­թի դըժ­ուա­րու­թիւն­ները շր­ջան­ցեց, մեր­ձա­կայ հր­կիզ­ուած ան­տա­ռի փայ­տի օգ­տա­գոր­ծու­մով, որ նա­եւ ջեր­մա­ցուց պաշտ­պա­նո­ղա­կան բա­նա­կին վրան­ներն ու թի­թեղ­եայ տնակ­նե­րը:

Այո՛, ծանր, դժ­ուար տա­րեշր­ջա­նը բո­լոր­ե­ցաւ եւ այ­սօր հա­սաւ առա­ջին տա­րե­դար­ձին:
Քե­սա­պի աշա­կեր­տու­թիւնը մաս­նակ­ցե­ցաւ 9-րդ եւ 12-րդ կար­գի (պրո­վէ եւ պա­քա­լո­ր­էա) պե­տա­կան քն­նու­թիւն­նե­րուն:
* * *
Այ­սօր մի­ամ­եա­կի այս հանգըր­ուա­նը ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին կը թուի ըլ­լալ:

Մի­ջազ­գա­յին եւ շր­ջա­նա­յին վե­րի­վայ­րում­նե­րը յոյ­սեր կու տան, որ շր­ջա­նը կ՛ապ­րի ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին հանգր­ուան մը:
Եղեռ­նի 100ամ­եա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան օրե­րուն քե­սա­պա­հա­յու­թիւնը, իմա` սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը, կ՛ապ­րէր մղ­ձա­ւան­ջա­յին պա­հեր: Հա­լէ­պի հայ­կա­կան թա­ղե­րու հր­թի­ռա­կո­ծում­նե­րը քե­սա­պա­հա­յու­թեան սիր­տե­րը թունդ հա­նե­ցին, սա­կայն միաժա­մա­նակ ան­զօ­րու­թիւնն ալ զայն սմ­քե­ցուց:

Իրա­րու ետեւ թա­ւալգ­լոր տրոհ­ուած քա­ղաք­նե­րու ան­կու­մի լու­րե­րը ան­շուշտ, ինչ­պէս հա­մայն սուր­ի­ա­ցի ժո­ղո­վուր­դին, նոյն­պէս ալ քե­սա­պա­հա­յու­թեան հո­գի­նե­րը ցն­ցե­ցին:

Հո­գե­բա­նա­կան պա­տե­րազ­մի մըթ­նո­լոր­տը կլա­նեց նա­եւ Քե­սա­պի ռա­միկ ժո­ղո­վուր­դին վի­րա­ւոր հո­գի­նե­րը:

Պէտք չէ մտա­հան ընել, որ ամե­նա­մօտ կի­զա­կէ­տը Քե­սա­պէն հե­ռու չէ, Տիւ­զա­ղաճ գիւ­ղին կից, հա­զիւ 500 մեթր:
Փա­րա­տոք­սա­յին մթ­նո­լորտ կը տի­րէ մեր մօտ: Երբ հայ­րե­նի բա­նա­կին թն­դա­նօ­թը կամ հրա­սայ­լը գրե­թէ առօր­եայ հե­ռա­կայ հրար­ձա­կում­ներ կա­տա­րէ, ան­շուշտ որ մեր սըր­տե­րը թունդ կ՛ել­լեն. կի­ներ, մա­նուկ­ներ լե­ղա­պա­տառ կ՛ըլ­լան: Սա­կայն այն օրը, որ անոնց սո­վո­րա­կան դար­ձած գո­ռա­լը չլս­ուի, այս ան­գամ մտա­հո­գու­թիւնը կը կլա­նէ մեր մըտ­քե­րը: Ին­չո՞ւ լռած է թն­դա­նօ­թը:

Արդ­եօք ի՞նչ է պա­տա­հած: Բնա­կան հար­ցադ­րում:

Պէտք է խոս­տո­վա­նիլ, որ ժո­ղո­վուր­դին երեք չոր­րոր­դը կառ­չած է գիւ­ղին: Հա­մեստ թիւ մը, ան­գոր­ծութ­եան եւ այլ պատ­ճառ­նե­րով կը գտն­ուին Լա­թաք­իա, եւ նոյն­քան` Լի­բա­նան եւ Հա­յաս­տան: Փոք­րա­գոյն թիւ մըն է, որ մեկ­նած է, գու­ցէ ան­վե­րա­դարձ, հե­ռա­ւոր ափեր: Հրաշ­քի հա­մա­զօր երե­ւոյթ է այս:

Թէ­եւ պար­տէզ­նե­րու անց­եալ տար­ուան եռամս­եայ անխ­նա­մութ­եան պատ­ճա­ռով (ինչ­պէս նա­խա­տե­սած էինք եւ մա­մու­լով ար­տա­յայ­տած) այս տար­ուան բեր­քը աւե­լի քան հա­մեստ է, վրան ալ «աղ ու պղ­պե­ղի» նման, աւեր գոր­ծած կար­կու­տը. սա­կայն ասոնց դի­մաց հա­սած են ճիշդ պա­հուն օգ­տա­գործը­ւած նպաստ­նե­րը (ամէն կող­մե­րէն ստաց­ուած), ժո­ղո­վուր­դը կառ­չած կը պա­հեն հո­ղին ու գիւ­ղին` հա­կա­ռակ հո­րի­զո­նին վրայ քա­նիցս պարզը­ւած սեւ ու մրա­բեր ամ­պե­րու սպառ­նա­լի­քին:
Քե­սա­պա­հա­յու­թիւնը մտա­հոգ էր թր­քա­կան երես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թեանց քա­րո­զար­շա­ւի օրե­րուն թր­քա­կան դա­ւա­դիր ար­շա­ւի մը կրկ­նու­թե­նէն, ինչ­պէս պա­տա­հե­ցաւ 2014-ի Մար­տին, երբ քա­ղա­քա­պե­տա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն (քա­նի մը ձայն մու­րա­լու հա­մար) Թուրք­իոյ իշ­խող կու­սակ­ցու­թիւնը Քե­սա­պը «մա­տաղ» տուաւ թուրք ծայ­րա­յե­ղա­կան խմ­բա­ւո­րում­նե­րուն եւ անոնց գոր­ծա­կից Ճապ­հէթ նուս­րա­յի եւ միւս խմ­բակ­նե­րուն, որ Քե­սա­պի կո­ղո­պու­տի պա­տե­րազ­մը կո­չե­ցին «Ան­վալ»ի պա­տե­րազմ (անց­եա­լի կո­ղո­պու­տի ար­շա­ւան­քի մը ան­ուա­նու­մը):

Նոյն «կա­տա­կը» կր­նար կրկնը­ւիլ: Եւ կատ­ուին խա­ղը մկան հա­մար մահ կը նշա­նա­կէ: Եւ այդ վա­խի սպառ­նա­լի­քին տակ քե­սապ­ցին խուռ­նե­րամ ներ­կա­յու­թեամբ, վա­խի ու ցա­սու­մի, վրէ­ժի ու ատե­լու­թեան հո­գե­վի­ճա­կով նշեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամ­եա­կը, որուն զոհ­ուած էին մեր մեծ ծնո­ղաց երեք չոր­րոր­դը, երբ կա­ռափ­նատ տար­ուած է 8000-ի հաս­նող քե­սա­պա­հա­յու­թիւնը (2400-ը վե­րապ­րած էր):

Ճիշդ այ­սօր տեղ-տեղ ար­ձա­նագր­ուած մար­տա­կան յաղ­թա­նակ­ներն ու այլ տեղ նա­հանջ­նե­րը տա­կա­ւին կ՛ալե­կո­ծեն քե­սապցի­ին միտ­քը, սիրտն ու հո­գին:

Ամուր կառ­չած գիւ­ղին, ի տես իրեն սպառ­նա­ցող Թուրք­իոյ երես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թեանց ար­դիւն­քին, ու­րա­խա­նա­լու, կամ իր վախն ու ահը փա­րա­տած ըլ­լա­լու խաբ­կան­քը չի կր­նար ու­նե­նալ քե­սապ­ցին:
Թուր­քը թուրք է: Էր­տո­ղան­եան, թէ այլ:

Քե­սապ­ցին դրա­ցի Թուրք­իոյ քա­ղա­քա­կան հո­րի­զո­նին վրայ ոչ թէ խա­ղա­ղա­բեր աղաւ­նի տա­կա­ւին չի տես­ներ, այ­լեւ չի տես­ներ, թէ հո­րի­զո­նը սկ­սած է պարզ­ուիլ, կա­պոյտ դառ­նալ: Նոյն այդ հո­րի­զո­նը տա­կա­ւին կը շա­ռա­գու­նի ցայ­սօր թափ­ուող ան­մեղ սուր­ի­ա­ցի­նե­րու, մա­նա­ւանդ` խա­ղա­ղա­սէր խա­ւին, ար­եան գոյ­նով:

Քե­սապ­ցին տա­կա­ւին հա­մոզ­ուած կը մնայ, որ թր­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ամ­րագ­րած ազ­գա­յին ուխ­տը կը մնայ նոյ­նը` բնաջն­ջել հայ ժո­ղո­վուր­դը ի «սէր» իր փան­թու­րա­նա­կան, փա­նիս­լա­մա­կան ձգ­տում­նե­րուն, սկ­սած` Կար­միր սուլ­թան­նե­րէն, հաս­նե­լով Երի­տա­սարդ թուր­քե­րուն, քե­մա­լա­կան­նե­րուն թէ էր­տո­ղան­նե­րուն:

Նոյն սել­ճուքն է: Նոյն թա­թա­րը, նոյն օս­ման­ցին: Գլու­խը ֆէս հա­գած, լա­չակ դրած, թէ ամե­րիկ­եան կամ «պոր­սա­լի­նօ» գլ­խար­կով, եւ կամ` առանց գլ­խա­շո­րի:

Քե­սապցի­ին մէջ ան­խախտ կը մնայ մեր պա­պե­րուն այն հաս­տա­տու­մը, որ` «Օս­ման­ցին նա­պաս­տա­կը սայ­լով կ՛որ­սայ» (Օս­ման­լը արա­պա­յըն­տա տավշան թու­թար):

Բայց եւ այն­պէս ան հո­ղին վրայ է ու կ՛ու­զէ այս­տեղ ապ­րիլ:

Հի­մա, որ հայ­րե­նի այս աւա­նի ազա­տագ­րու­թեան առա­ջին տա­րե­դարձն է, հա­զիւ այս տո­ղե­րուն թա­նա­քը չոր­ցած, Կի­րա­կի, 14 Յու­նիս 2015-ին, քե­սապ­ցին որո­շած է Ու­սում­նա­սի­րաց Ճե­մա­րա­նի «Սար­դա­րա­պատ» սրա­հին դի­մաց, բա­ցօ­թ­եայ` «Ուշ­բա­ղէն»ի դաշ­տին վրայ տօ­նախմ­բել այդ տօ­նը (կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նութ­եան 100ամ­եա­կի Քե­սա­պի յանձ­նա­խում­բին):
Ու այդ օրը քե­սապ­ցին պի­տի պա­րէ, ոտ­քը գե­տին պի­տի զար­նէ, մին­չեւ որ գե­տի­նը պատռ­ուի եւ ան­կէ դուրս գան քա­ջե­րը, Տիգ­րան­ներն ու Տր­դատ­նե­րը, Վար­դան­ներն ու Վա­հան­նե­րը, մա­յիս­եան մար­տե­րու եւ Ար­ցա­խի գո­յա­պայ­քա­րի ազա­տա­տենչ քա­ջե­րը, որոնց ոգի­ով պի­տի պա­հէ ու պաշտ­պա­նէ հայ­րե­նի հո­ղը:

Քե­սապ
10 Յու­նիս 2015
(Ծա­նօթ: Վե­րո­յիշ­եալ տօ­նա­կա­տա­րու­թիւնը կամ­քէ ան­կախ պատ­ճառ­նե­րով յե­տաձգ­ուած է 26 Յու­նիս 2015-ին):
Կարօ Վ. Մանճիկեան