kantsasar.com –

Լալա Միսկարեան-Մինասեան

Լալա Միսկարեան-Մինասեան


Ո՜վ իմանայ` ո՛ւր ընկանք,
Քանի՛ օրուայ հիւր ընկանք,
Սէրն ու սիրտն էլ երբ չկայ`
Կրա՜կ ընկանք, զո՜ւր ընկանք:

Ամէն ան­գամ որ կ՛որո­շեմ ա՛լ դադ­րեց­նել «Օրագ­րու­թիւն»ս, դէպք մը, վի­ճակ մը կու գայ, կը խթէ միտքս, հան­գիստ չի ձգեր: Այ­սօր ալ նոյնն է, ու իմ ցաւս` Հա­լէպն ու հա­լէպ­ցին:

Օթել­լօն կ՛ըսէր` «Հա­լէ՜պ, Հա­լէ՜պ…», բայց հի­մա ո՜ւր է Հա­լէպ եւ ո՞ւր` հա­լէպ­ցին. գնա՛ ու աշ­խար­հին հար­ցուր…
Իսկ ես, որ չեմ տե­սած Պէյ­րու­թը ու միայն անոր գով­քը լսած եմ` անձ­կան­քով կը բա­ցա­կան­չեմ` «Պէյ­րո՜ւթ, Պէյ­րո՜ւթ…»: Չէ՛, անձ­կու­թիւնս կա­րօտ չ՛են­թադ­րեր. չտե­սածդ երա­զել կր­նաս, բայց ոչ` կա­րօտ­նալ: Կանչս անձ­կու­թե­նէ աւե­լի զար­մանք է, քա­նի որ վեր­ջերս` «մեր պա­տե­րազ­մի» տա­րի­նե­րուն, Պէյ­րու­թի գով­քը չէ որ կը լսեմ, այլ պէյ­րութ­ցի­նե­րու այ­լա­մեր­ժու­թիւնը, ուղղ­ուած սուր­ի­ա­ցի­նե­րուն: Եղ­բայրդ «այլ» կր­նա՞յ նկատ­ուիլ: Զար­մա­նա­լի զար­մանք, պի­տի ըսէր Չա­րենց:

Մենք` հա­յերս ու նա­եւ «նուաստ», «գիւ­ղա­ցի» հա­լէպ­ցի­ներս (քա­ռա­սուն տա­րի հոս ապ­րե­լով կար­ծեմ հա­լէպ­ցի նկատ­ուե­լու իրա­ւուն­քը շա­հած եմ, մա­նա­ւանդ որ ծնուն­դով ալ գիւ­ղա­ցի եմ) Պէյ­րու­թը գի­տէ­ինք իր տար­բեր երես­նե­րով. ոմանք` որ­պէս գոր­ծի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու վայր, ոմանք` որ­պէս բազ­մա­զան զուար­ճանք­նե­րու, պեր­ճան­քի, աշ­խոյժ առեւ­տու­րի, ծո­վա­փի յա­տուկ եռու­զե­ռի ու աչ­քա­բա­ցու­թեան, բազ­մազգ հա­մա­կե­ցութ­եան, եւ­րո­պա­կան հո­վե­րու, «ռա­պիզ» Պուրճ Հա­մուտ­եան հո­գե­հա­րա­զա­տու­թեան, նա­եւ` հայ մշա­կոյ­թի օր­րան որ­պէս եւայլն: Ամէն պա­րա­գա­յի, հի­ա­ցող­ներ աւե­լի էին ան­տար­բեր­նե­րէ ու ին­ծի պէս ան­տեղ­եակ­նե­րէ:

Յե­տոյ եղաւ Պէյ­րու­թի կոր­ծա­նիչ պա­տե­րազ­մը. շա­տեր փախըս­տա­կան` ապաս­տա­նե­ցան Հա­լէպ, ու, թէ­եւ, ան­կաս­կած լաւ հիւ­րըն­կա­լու­թիւն վա­յե­լե­ցին, բայց «լաւ»ին չա­փա­նի­շը ան­ձէ անձ տար­բեր է, ու «Մե՛ր Պէյ­րու­թը» մնաց գե­րա­կայ: Ոչինչ կայ զար­մա­նա­լի, ծնն­դա­վա՛յր ու աւե­լի զար­գա­ցա՛ծ. սա­կայն երբ ան մի­ա­ցաւ հա­լէպ­ցի­նե­րու հան­դէպ քա­մահ­րան­քին ու հիւ­րըն­կա­լութ­եան նուա­զա­գոյն պատ­շա­ճու­թիւն­նե­րը չյար­գե­լուն, «կե­րած պնա­կին մէջ…», հոն ալ հա­լէպ­ցի­նե­րը մնա­ցին զար­մա­ցած, բայց միշտ նե­րո­ղա­միտ. պարզ է, հասկ­ցա՛ն, Հա­լէ­պը Պէյ­րութ չէ՜…

Ու ահա «Նոյն ուղ­տը մեր դրան առ­ջեւ չո­քեց», ինչ­պէս ժո­ղո­վուր­դը կ՛ըսէ: Ու բո­լորս ալ գի­տենք, թէ այդ ուղ­տը կը սի­րէ միշտ ճամ­բոր­դել, մա­նա­ւանդ` մեր կող­մե­րը, ու ոչ ոք անոր այ­ցե­րէն ապա­հո­վագր­ուած է:

Արդ` պա­տե­րազ­մը որ տե­սաւ ու կը տես­նէ Հա­լէպն ու հա­լէպ­ցին` քսան­մէ­կե­րորդ դա­րուն տա­կա­ւին ծաղ­կե­լիք ար­հա­ւիրք­նե­րու դռ­նե­րու բա­ցումն է ըն­դա­մէ­նը: Միայն սե­փա­կան մոր­թին վրայ զգա­ցո­ղը կր­նայ լի­ո­վին պատ­կե­րաց­նել այս զա­հան­դան­քին բնոյթն ու ահա­ւո­րու­թիւնը: Հե­տե­ւան­քը` աւե­րակ­նե­րու վե­րած­ուող հնա­դար­եան քա­ղա­քը կը պարպ­ուի: Կը հե­ռա­նան բո­լոր անոնք որ կր­նան, կը հե­ռա­նան հե­ռան­կա­րով կամ առանց հե­ռան­կա­րի. նպա­տա­կը կեանք փր­կելն է. միա՛յն: Մնա­ցող­ներս, մեր անձ­նա­կա­նը ան­տե­սել փոր­ձե­լով` մեր գա­ղու­թի կոր­ծա­նու­մին ու փլու­զու­մին, մեր դպ­րոց­նե­րու ցամ­քու­մին, մեր ակումբ­նե­րու պար­պու­մին, մեր ար­ժէք­նե­րու շոգ­ի­ա­ցու­մին ակա­նա­տես` տա­կա­ւին ակ­ռայ սեղ­մած` կը ջա­նանք մեր կա­րել­ւոյն չա­փով սա­տա­րել գա­ղու­թի ցա­ւե­րու բու­ժու­մին: Նոյն ատեն կը տուայ­տինք կաս­կած­նե­րու մէջ. ամե­նա­հա­մար­ձակ երե­ւա­կա­յու­թեամբ եթէ հա­ւա­տանք մօ­տա­լուտ խա­ղա­ղու­թեան գա­լուս­տին, ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ նախ երկ­րին, քա­ղա­քին ու ապա` մեր գա­ղու­թին վի­ճա­կը. պի­տի վե­րա­դառ­նա՞ն հե­ռա­ցած­նե­րը, կեան­քի ինչ­պի­սի՞ նոր որակ պի­տի ծնի, մենք հոս հա­րա­զա՞տ, թէ այ­լեւս խորթ զա­ւա­կի կար­գա­վի­ճա­կով պի­տի մնանք, հնա­րա­ւո՞ր է արդ­եօք անց­եա­լի պատ­կե­րին վե­րա­կանգ­նու­մը, պի­տի ապ­րի՞ մայր գա­ղու­թը: Քիչ չեն մտա­ծում­ներն ու կաս­կած­նե­րը: Մինչ­դեռ ան­դին, հե­ռա­ցող բա­րե­կամ­նե­րուն ալ հա­զար ու մէկ տե­սակ ցա­ւե­րը լսել ու շալ­կել կը ստիպ­ուինք: Հա­լէպ­ցին հի­մա կ՛անդ­րա­դառ­նայ, թէ «դրախ­տի մէջ կ՛ապ­րէ­ինք» (թէ­եւ դրախտ հաս­կա­ցո­ղութ­եան ըն­կա­լումն ալ յա­րա­բե­րա­կան է): Ու մինչ ան, օտա­րու­թեան մէջ (երբ նոյ­նիսկ հայ­րե­նի­քը օտա­րութ­եան համ կու ­տայ) կորս­ուած դրախ­տը կը սգայ, ան­դին ինք­զինք կը գտ­նէ մեծ ՄԵՐ­ԺՈՒ­Մի առ­ջեւ: Եւ մեր­ժում` որ­մէ՞… եղ­բայր­նե­րէն: Ահա ցա­ւի աղ­բիւր մը եւս:

Պի­տի չանդ­րա­դառ­նա­յի այս հար­ցին, թէ­եւ շատ ու շատ յա­ճա­խա­կի, շա­տե­րէ կը լսէի սու­րա­ցի­նե­րու հան­դէպ լի­բա­նան­ցի­նե­րու մեր­ժո­ղա­կան կեց­ուած­քի մա­սին: Կը լսէի ու կը մոռ­նա­յի: Ին­ծի ի՞նչ իրենց ներ­քին ազ­գա­միջ­եան հա­կակ­րանքն ու հա­մակ­րան­քը: Բայց նե­րե­ցէ՜ք, խօս­քը սուր­ի­ացի­ին ու լի­բա­նանցի­ին չէ եղեր. խօս­քը հա­յո՜ւն է… Հա­յուն մեր­ժումն ու ար­հա­մար­հան­քը հա­յուն հան­դէպ: Նուաստ նկա­տե­լու կրկ­նա­կի գաղ­թա­կան դար­ձած եղ­բայրդ, որուն դրան առ­ջեւ այ­սօր ալ քե­զի ծա­նօթ ուղ­տը չո­քեր է (այս թր­քա­հոտ բա­ռը կ՛ատեմ, բայց ասոյ­թը այս է):

Չէի ու­զեր հա­ւա­տալ. յայտ­նի է թէ ժո­ղո­վուր­դը կը չա­փա­զան­ցէ, մա­նա­ւանդ` ար­հա­ւիր­քէն հա­րա­զա­տի գիր­կը փախ­չող ու անոր գուր­գու­րան­քը ակն­կա­լո­ղին հի­աս­թա­փու­թե­նէն ծնած չա­փա­զան­ցու­մը: Ու սա­կայն այս օրե­րուս Պէյ­րու­թէն վե­րա­դար­ձած ու ին­ծի հա­մար վս­տա­հե­լի, գի­տա­կի՛ց (հա­լէպ­ցի­ներ ալ կըր­նան գի­տա­կից ըլ­լալ…) քա­նի մը ան­ձեր ցա­ւով նոյ­նը հաս­տա­տե­ցին` «Պէյ­րութ­ցի­նե­րը կ՛ար­հա­մար­հեն ու կ՛ատեն հա­լէպ­ցի­նե­րը»: «Հա­յե՞րն ալ», հար­ցու­ցի զար­ման­քով ու լսե­ցի քա­նիցս հաս­տա­տու­մը… թէ պէյ­րու­թա­հա­յեր Հա­լէ­պէն գաղ­թած հա­յե­րուն ստո­րին ան­ձեր կը նկա­տեն, գոր­ծի չեն առ­ներ, առ­նե­լու պա­րա­գա­յին քիչ կը վճա­րեն եւայլն, եւայլն: Առա­ջին անդ­րա­դարձս, բնա­կա­նօ­րէն, զար­ման­քէ զար­մանք ոստ­նուլ էր: Ապա սկ­սայ վեր­լու­ծե­լու փոր­ձեր կա­տա­րել, քա­նի որ երբ ին­ծի հետ գէշ կը վար­ուին, առա­ջին ցա­ւէն ան­մի­ջա­պէս ետք կը սկ­սիմ իմ մե­ղա­ւո­րու­թիւնս փնտ­ռել` ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար դէ­մինս. «Մի՞թէ մար­դը ան­տե­ղի կը վի­րա­ւո­րէ», կը խոր­հիմ…Կր­նայ տն­տե­սա­կան հարց ըլ­լալ` գի­նե­րու սղաճ, աժան աշ­խա­տու­ժի հոսք եւայլն: Բայց որո­շի­չը ա՞յդ է:

Զա­նա­զան միտ­քեր կը խու­ժեն: Նախ կը յի­շեմ երկ­րորդ հա­մաշ­խար­հա­յի­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք Հա­յաս­տան ներ­գաղ­թած հա­յե­րուն հան­դէպ «տե­ղա­ցի­նե­րուն» վե­րա­բեր­մուն­քը, որուն մնա­ցորդ­նե­րուն ակա­նա­տես եղայ: Դեռ մա­նուկ` առանց հասկ­նա­լու, սա­կայն անար­դա­րու­թիւնը կը զգա­յի, որ մեր գիւ­ղը ապաս­տա­նած արեւմ­տա­հայ ըն­տա­նի­քին «գաղ­թա­կան­նե­րը» յոր­ջոր­ջու­մը խա­րան­ուած էր, ար­գա­հա­տան­քի շեշ­տով մը: Անոնց­մէ մէ­կը դա­սըն­կերս եղաւ կարճ շր­ջան, մին­չեւ որ հե­ռա­ցան զի­րենք օտա­րող այդ նեղ շր­ջա­նա­կէն ու իմ մէջ ձգե­ցին մե­ղա­ւո­րու­թեան զգա­ցու­մը: Ու­րեմն հար­ցը տն­տե­սա­կա­նին չի կապ­ուիր միայն. քա­նի որ չկար մաս­նա­ւոր սե­փա­կա­նու­թեան հարց. հոն սե­փա­կան գե­րա­կա­յու­թիւնը ու­րի­շի վրայ հաս­տա­տե­լու հարց կար նա­եւ: Գի­տեմ, որ բարդ ու բազ­մա­շերտ էր խն­դի­րը ու հոն, «ախ­պա­րի» ու «ախ­պե­րի» մի­ջեւ սկզբ­նա­կան շր­ջա­նի ու բա­ւա­կա­նին եր­կար տե­ւած ոչ միայն պա­ղու­թեան, այլ նա­եւ փո­խա­դարձ մեր­ժու­մի մէջ ան­տե­սե­լի չէր պե­տու­թեան կեց­ուած­քը:

Կը յի­շեմ նա­եւ դեռ մօտ անց­եա­լին Ազր­պէյ­ճա­նէն` բա­ռացի­օ­րէն ջար­դե­րու հուր ու սու­րէն ճո­ղոպ­րած հա­յե­րու հան­դէպ երե­ւան­ցի­նե­րու մեր­ժո­ղա­կան կեց­ուած­քը` այս ան­գամ «թուրք» պի­տա­կով դա­տակնքը­ւած: Կա­րե­լի է այլ օրի­նակ­ներ եւս յի­շել: Պար­զա­պէս հար­ցը բազ­մա­կող­մա­նի ծալ­քեր ու­նի եւ քն­նութ­եան, վեր­լու­ծու­մի կա­րօտ է, մինչ­դեռ ես ըն­կե­րա­բան-հո­գե­բան չեմ: Գի­տեմ բան մը` նման պա­րա­գա­յի երկ­րի ղե­կա­վար տար­րի, մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան, մա­մու­լի, գրա­կա­նութ­եան ու բո­լոր կա­րե­լի մի­ջոց­նե­րու աշ­խա­տան­քը անհ­րա­ժեշտ է:

Ապա կը յի­շեմ, թէ հա­լէպ­ցի­ներ իմ աչ­քե­րուս առ­ջեւ քա­նի ան­գամ հիւ­րըն­կա­լե­ցին, օգ­նե­ցին, «նեղ ընենք, տեղ ընենք» սկզ­բուն­քով իրենց տու­նե­րուն մէջ առին ո՛չ միայն Պէյ­րու­թէն փախս­տա­կան­նե­րը, այլ նա­եւ իրաք­ցի­ներ, Թուրք­իա­յէն փա­խած ու Հա­յաս­տան գաղ­թել ու­զող ար­մա­տով հա­յեր (որոնց ճա­կա­տա­գի­րը ի վեր­ջոյ դուրս մնաց Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նէն): Միու­թե­նա­կան մը աւե­լի ման­րա­մաս­ներ կր­նար տալ: Ես ըն­դա­մէ­նը շեշ­տել կ՛ու­զեմ հա­լէպ­ցի­նե­րուն յա­տուկ սրտ­ցա­ւու­թիւնն ու հիւ­րա­մե­ծա­րու­թիւնը, որ կաս­կած չի վերց­ներ (ու­րիշ բան, եթէ գաղ­թա­կան եկո­ղը պա­լատ­նե­րու մէջ ըն­դուն­ուիլ կը յա­ւակ­նի):

Ու հի­մա կար­գը հա­լէպա­հա­յուն է` իր եղ­բօր­մէն ըմբռ­նո­ղու­թիւն ու սրտ­ցա­ւու­թիւն ակն­կա­լե­լու: Վըս­տա­հա­բար միշտ եւ ամէ­նուր կան բա­ցա­ռու­թիւն­ներ, բայց երբ մե­ծա­մաս­նու­թեան ձայ­նը հա­մա­հունչ է` հոն հան­գոյց կայ: Կը հասկ­նանք, երբ եր­կու եր­կիր­նե­րու, եր­կու քա­ղաք­նե­րու, գիւ­ղե­րու, նոյ­նիսկ թա­ղա­մա­սե­րու մի­ջեւ ըլ­լայ փո­խա­դարձ հեգ­նանք, թե­թեւ նա­խանձ, թե­րու­թիւն­նե­րը խո­շորց­նե­լով եր­գի­ծել: Ինչ­պէս` կը ծաղ­րենք Գա­ւառցի­ին օղե­մո­լու­թիւնը (ոչ` գի­նե­մո­լու­թիւն), Լո­ռեցի­ին ու Սա­սունցի­ին մի­ամ­տու­թիւնը, Այն­թապցի­ին խո­րա­գի­տու­թիւնը, Ուր­Ֆացի­ին «չորգը­լուխ»ու­թիւնը, Գիւմ­րեցի­ին սրամը­տու­թիւնն ու մեծ­խօ­սի­կու­թիւնը եւայլն: Հոն բա­րե­միտ ծաղ­րանք է, առողջ ծի­ծա­ղով: Բայց դժ­բախ­տութ­եան մէջ յայտն­ուա­ծը առա­ւել օտա­րե­լը ու նուս­տաց­նե­լը ինչ­պէ՞ս բա­ցատ­րել: Երե­ւոյթ մը, որ եթէ հա­լէպա­հա­յու­թեան հան­դէպ երե­ւան­ցի­նե­րու պա­րա­գա­յին եւս անըն­դու­նե­լի, բայց ինչ որ տեղ բա­ցատ­րե­լի է, ապա աւե­լի «հա­րա­զատ», կեն­ցա­ղով մօտ ու բախ­տա­կից եղ­բօր պա­րա­գա­յին միայն զար­մանք կը յա­րու­ցա­նէ: Մա­նա­ւանդ` երբ հա­լէպ­ցին «գիւ­ղա­ցի» նկա­տող­նե­րուն մէջ քիչ չեն նոյ­նինքն նախ­կին հա­լէպ­ցի­ներ… Հոս է որ չեմ կր­նար զըս­պել ինք­զինքս ու չկրկ­նել լո­ռե­ցի­նե­րուս դի­պուկ ասոյ­թը` «Կուրի­է­նը խա­նի­ցը դուս ա էկել` խա­նը հւա­նում չի»…*

Նախ հարց` որ­մէ՞ հա­լա­ծա­կան են այդ մար­դիկ: Պա­տաս­խա­նը գաղտ­նիք չէ` հիմ­նա­կա­նին մէջ մե­ծե­րու սպա­սա­ւոր­ներ` «հան­ճա­րա­միտ» Սաուտի­էի ու «մեծ մար­դա­սէր» Թուրք­իոյ կող­մէ: Յիշ­եալ­նե­րը մե­զի բա­րե­կա՞մ, թէ՞ թշ­նա­մի կը նկա­տենք: Եթէ նոյ­նիսկ կաս­կա­ծի տակ առ­նեմ առա­ջի­նը, քա­նի ծա­նօթ չեմ անոնց հան­դէպ պէյ­րութ­ցի­նե­րու վե­րա­բեր­մուն­քին, (թէ­եւ յօ­շոտ­ուած Ար­դա­րու­թիւնը աւե­լի քան խօ­սուն է), բայց ի՞նչ անուն տամ երկ­րոր­դի պա­րա­գա­յին: Հա­յեր, հա­լած­ուած հա­մա­հա­յոց ար­եան ծա­րա­ւի թուր­քի նոյն հա­յա­ջինջ գոր­ծե­լա­կեր­պէն` ապաս­տան խնդ­րած են իրենց բախ­տա­կից եղ­բօր­մէն:

Մինչ­դեռ կը լսենք, թէ իբ­րեւ հա­կադ­րու­թիւն իր պատ­կա­նե­լիու­թեան մեր­ժու­մին ու կորսն­ցու­ցա­ծը յե­տա­դարձ ձե­ւով ար­ժե­ւո­րե­լուն` սուր­ի­ա­հա­յը կը կարծ­րա­նայ իր սուր­ի­ա­ցիու­թեան, իր նա­խա­գա­հը սի­րե­լու, իր դրօ­շը ցու­ցադ­րա­բար յար­գե­լու մէջ, մինչ պէյ­րութ­ցին, ան­տե­սե­լով անոր ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թիւնը… կը կարծ­րա­նայ զայն սուր­ի­ա­ցի նկա­տե­լու մէջ: Ու սուր­ի­ա­հա­յեր Պէյ­րու­թի մէջ կ՛ապ­րին կրկ­նա­կի գա­ղութ կազ­մած, իրենց հա­մընդ­հա­նուր ցա­ւին հետ առան­ձին ու չհասկց­ուա­ծի ծայ­րա­յե­ղաց­ուած դժ­գո­հան­քով:

Եղ­բայր­նե՛ր, իսկ ո՞ւր կը մնայ հա­յը…

Յա­ջորդ միտ­քը` ու­րեմն լի­բա­նան­ցի հա­յը ինք­նու­թեան զգա­ցո­ղու­թեամբ այն­քա՞ն լի­բա­նան­ցի է, որ հայ ըլ­լա­լը երկ­րորդ դիր­քի վրայ է (գի­տակց­ուած կամ ոչ) ու ինք, կի­սե­լով կարգ մը տե­ղա­ցի­նե­րու` Սուր­իոյ հան­դէպ հա­կակ­րան­քը, զայն կը տա­րա­ծէ նա­եւ հա­յե­րուն վրայ:

Եր­բեք հակ­ուած չեմ գոյ­նե­րը միայն սեւ ու ճեր­մակ տես­նե­լու եւ հա­մա­հար­թե­ցում կա­տա­րե­լու: Աւե­լին` վս­տահ եմ նա­եւ կա­րեկ­ցող ու օգ­նող­նե­րու գո­յու­թեան, բայց դժ­գո­հան­քի ձայ­նե­րը բա­զում են ու ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նի:

Պա­տէ պատ զար­նուող ու սե­փա­կան գլ­խու ճա­րը սե­փա­կան կա­րո­ղու­թեամբ լու­ծել փոր­ձող այս ժո­ղո­վուր­դի իւ­րա­քան­չիւր զա­ւակ մեր թանկ, շատ թանկ արիւնը կը կրէ, ու բա­րի վար­մունք մը կր­նայ ճա­կա­տա­գիր փո­խել:

*«Կր­ի­ան պատ­եա­նէն ելեր է, պատ­եա­նը չի հաւ­նիր»

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ