Perio News – Հալէպի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող մարմինը երկուշաբթի, 23 մարտ 2015-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ժողովասրահին մէջ գումարեց իր հերթական նիստը, նախագահութեամբ մարմինի երկու ատենապետներուն՝ Տիար Ժիրայր Ռէյիսեանի եւ Հրանդ Աթթարեանի:

Ատենադպիր` Լարա Տիրարեան ընթերցեց ժողովի օրակարգի կէտերը եւ անոր հիման վրայ համապատասխան քննարկումներ եւ նոր առաջդրանքներ տեղի ունեցան:

Արդարեւ, մանրամասնօրէն ժողովին նիւթ դարձաւ յառաջիկայ օրերուն Հալէպի մէջ տեղի ունենալիք զանազան տեսակի ձեռնարկներուն յայտագիրները եւ թուականները:

Գործադիր մարմինի ատենապետները լայն գիծերու մէջ ներկայացուցին Սուրիոյ Խորհրդարանին մէջ հնչած Ցեղասպանութեան դատապարտումի եւ Հայ ժողովուրդին զօրակցութեան ու յարգանքի արտայայտութեան իբրեւ պատասխան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Սուրիոյ Կեդրոնական մարմինի յղած նամակները Սուրիոյ Նախագահին եւ Խորհրդարանին: Ժողովականները վերոնշեալ աշխատանքը բարձր գնահատեցին շեշտելով սուրիահայութեան կարեւոր դերակատարութիւնը Հայ դատի եւ պահանջատիրական գործընթացի աշխատանքներուն մէջ, հակառակ Սուրիոյ պատերազմական ծանր պայմաններուն:

Այնուհետեւ միութիւններու ներկայացուցիչները փոխանցեցին, որ Անմոռուկ ծաղիկը կրող պաստառները արդէն տեղադրուած են Հալէպի հայկական եկեղեցիներուն, միութիւններուն եւ այլ կառոյցներու պատերուն, իսկ միւս կողմէ 100-ամեակի նախատեսուած աշխատանքները արդէն իր յունին մէջն է: