PERIO NEWS – Սուրիոյ պատերազմը չորրորդ տարին թեւակոխած ըլլալով, ցայտուն կերպով ակնյայտ կը դառնայ, որ տիրող իրավիճակին պատճառով ընդհանրապէս Հալէպը շարունակեց մնալ Սուրիոյ քաղաքներէն ամէնէն աւելի տուժողը` ապահովական, տնտեսական եւ կենցաղային առումներով:

Արդարեւ, բովանդակ Հալէպը, ելեկտրականութեան տագնապի կողքին, ոչ հերթական կերպով կը դիմագրաւէ նաեւ ջուրի տագնապ: Նշենք, թէ ջուրը երկու օրէ ի վեր արդէն անջատուած է:

Հեռահաղորդակցութեան տագնապը տակաւին կը շարունակուի, համացանցն ու հեռաձայնային կապերը, բջիջային կապերը կը գործեն տկար եւ տեղական գիծերու շրջանակներէն ներս միայն:

Միւս կողմէ, պէտք է ընդգծել, որ վառելանիւթի պակաս չկայ, իսկ կազի շիշերը (կազը միայն) շուկան արատ է եւ 1600 ս.ո.-իով կը վաճառուին (տագնապի օրերուն հասած էր 15.000: ս.ո.-ի):

Սննդամթերքը նոյնպէս արատ է եւ գիները թէեւ սուղ են բայց նախկինին հետ բաղդատելով աւելի յարմարէ: