Perio News/fb/ ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Յունուար եւ Փետրուար ամիսներուն օժանդակութիւն ստացած է սուրիահայ շուրջ 300 ընտանիք։ Այս մասին յայտնած է Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը՝ վկայակոչելով 2 Մարտին աշխատանքային հերթական խորհրդակցութեան ընթացքին ընկերային ապահովութեան վարչութեան պետին զեկոյցը:
«Նշուած ժամանակահատուածում քաղաքապետարանի ենթակայ բուժհիմնարկներ են դիմել նաեւ շուրջ 261 սիրիահայեր, որոնց ցուցաբերուել է անվճար բուժօգնութիւն եւ սպասարկում: Յանձնարարուել է հետեւողականօրէն շարունակել սիրիահայերին ցուցաբերուող սոցիալական աջակցութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։