PERIO NEWS/fb/ – Քանի մը օրէ ի վեր Հալէպի մէջ եւ արուարձանները սուրիական բանակը զինուորական ծանր գործողութիւններ կը կատարէ զինեալ խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու դէմ:

Մինչ սուրիական բանակը նկատառելի յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ Հիւսիսային եւ արեւմտեան արուարձաններուն մէջ եւ քաղաքը, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ թիրախ կը դարձնեն քաղաքի խաղաղ բնակչութիւնը։
Այսօր, երեքշաբթի 17 փետրուար 2015-ին, կէսօրէ առաջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ հրթիռակոծման թիրախ դարձան քաղաքի զանազան շրջաններ: Մեծամասնութեամբ քրիստոնեայ եւ հայաբնակ Ազիզիէ շրջանի «Ֆորեսթա» Գաֆիթերիայի դիմացը եւ անոր մօտ վայրեր հրթիռակոծուեցան:

Միւս կողէ, քաղաքի կեդրոնը գտնուող Պըսթան Գըլափ վաճառախանութներու շրջանը եւս հրթիռակոծուեցան: Վերոնշեալ շրջանը 5 հրթիռնեու (կազի տակարներ) թիրախ դարձաւ: Նշենք, թէ շրջանի վաճառախանութներէն շատերը կը պատկանին հայերու՝ հրթիռներէն մէկը ինկաւ արհեստաւորի մը խանութը, բայց բարեբախտաբար չպայթեցաւ, ուրիշ մը «Հարամ» ընկերութեան մօտ:

Հրթիռակոծուեցան նաեւ Մոկամպօ, Թըշրին թաղամասը եւ այլն:

Արձակուած հրթիռներու պայթումին պատճառով արձանագրուեցան 8 զոհեր եւ 36 վիրաւորներ։

Յայտնենք, թէ պայթումները նիւթական ծանր վնասներ պատճառեցին շրջանի ինքնաշարժներուն, բնակարաններուն եւ խանութներուն։ Տակաւին չենք նշեր անոր պատճառած վախի, սարսափի ու հոգեկան խանգարումներու մասին:
Իսկ երէկ, երկուշաբթի օր նոյնպէս Հալէպի Սըրիան ալ-Ատիմ շրջանին մէջ ինկած հրթիռներուն պատճառով արձանագրուեցան բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ: