KANTSASAR /fb/ – Այսօր, Ուրբաթ 30 Յունուար 2015-ի երեկոյեան, Հալէպի բնակչութեամբ հոծ «Ազիզիէ» շրջանի «Սինեմա Զահրաա» պողոտան եւ «Սէլլում» հիւանդանոցի մօտակայքը հրթիռակոծման ենթարկուեցաւ։ Զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ արձակուած հրթիռներու պայթումին հետեւանքով արձանագրուեցան վիրաւորներ՝ երեքը հայ։

Պայթումը պատճառ դարձաւ նաեւ նիւթական մեծ վնասներու եւ հրդեհի մը բռնկման։