kantsasar.com – Սուրիոյ տագնապի անցնող երեքուկէս տարիները ալեկոծեցին ինչպէս Սուրիոյ ողջ ժողովուրդին, նոյնպէս սուրիահայութեան կեանքը: Տագնապի ընթացքին եղան, ու բնականաբար պիտի ըլլային, գաղթողներ, աւելի խաղաղ ու հանգիստ պայմաններ որոնողներ, հայրենադարձներ, միաժամանակ սակայն եղան սուրիական հողին ու հայ համայնքին պաշտպան հայ արիներ, որոնք քաղաքակրթութիւններու այս բնօրրանին համար զոհեցին իրենց ամենաթանկագինը` կեանքը:
Սուրիական հողին վրայ չապրողին համար թերեւս անհասկնալի թուի նմանօրինակ նուիրումը հայրենամերձ, ասպընջական այս հողին: Հայ գաղթաշխարհի պատմութեան էջերը թերթատողը սակայն հաստատ պիտի իմանայ, որ հայ նահատակներու արեամբ սրբացած այս հողը եղած է միաժամանակ տարագիր ժողովուրդի մը աւանդապահ գոյերթին, ծաղկման ու վերելքին վկայարանը:
Համայնքի տասնեակ տարիներու քաղաքական փորձը եւս ունեցած է իր ազդեցութիւնը` հողին կառչելու եւ երկրին հայրենական շահերը պաշտպանելու սուրիահայուն ուղղուածութեան վրայ:
Այո՛, երբեմնի եռուն գաղութը անցնող տարիներուն տագնապահար դարձաւ, սակայն չներքաշուեցաւ զինեալ բախումներու մէջ, ջատագովը եղաւ երկրի հայրենական շահերու պաշտպանութեան ու տագնապի խաղաղ լուծման: Հաւատաց ու կը շարունակէ հաւատալ, որ Սուրիոյ ժողովուրդը, իր ընդհանրութեան մէջ, վեր է ծայրայեղական մօտեցումներու կործանարար դրսեւորումներէն եւ ունի Սուրիական հայրենիքը վերակառուցելու գիտակցութիւնն ու ներուժը:
Սուրիական հողին վրայ հարիւրամեակներու եւ հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող հայը ինչպէս պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն, այնպէս ալ այս հանգրուանին չզլացաւ քաղաքացիական իր պարտաւորութիւնները կատարել: Ունենալով մարդկային զոհեր, նիւթական հսկայ վնասներ, կենցաղային դժուարութիւններ, շարունակեց հաւատալ Սուրիոյ ապագային եւ իր կարելին ի գործ դրաւ` խաղաղասիրութեան եւ հայրենասիրութեան օրինակ ծառայելով յաճախ: Ատելութիւնն ու անհանդուրժողականութիւնը հրահրող կոչերը պարարտ հող չգտան երբեք հայ համայնքէն ներս: Ընդհակառակն. ապրելով ծանր պայմաններու մէջ, համայնքը մնաց զուսպ, հաւասարակշռուած ու շարունակեց գործել երկրի համընդհանուր շահերուն համահունչ:
Հայ տղաք ոգի ի բռին պայքարեցան ե՛ւ համայնքի, ե՛ւ երկրի ապահովութեան համար: Մեր տղաքը ըլլալով խիզախ երիտասարդներ, ընտանիքներու հայրեր, ապահովական վատագոյն վիճակներու մէջ յայտնուեցան, թիրախ դարձան անխընայ ռմբակոծումներու, այսուհանդերձ մնացին անշահախընդիր, անտեսեցին մահը, անձնուրացութեամբ ծառայեցին իրենց ժողովուրդին ու դարձան հայուն վեհանձնութեան խորհրդանիշը:
Մեր տղաքը սուրիական տագնապին մէջ ուրուագծեցին սուրիահայ երիտասարդին նկարագրային յատկութիւնները, երբեմն տեղացիին անգամ օրինակ ծառայելով:
Վկայ նահատակ Յովսէփ Պչաքճեանը, որուն խիզախ կեցուածքին ու նուիրումի օրինակին դիմաց խոնարհեցան սուրիական բանակի սպաներն անգամ եւ ի զուր չէր, որ անոր շնորհեցին յետմահու «Պատուոյ Սպայ» կոչումը:
Ո՞ւր պէտք է փնտռել մեր տղոց զոհողութեան խորհուրդը վերջապէս, եթէ ոչ, սուրիական բարդ տագնապին մէջ, համայնքի ապահովութեան երաշխիքներու որոնման կենաց մահու պայքարին մէջ:
Զ.Պ.