asbarez.com – ՓԱՐԻԶ.- Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղը Նոյեմբեր 5 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ ճիհատականներու յարձակումներուն դէմ Հալէպի եւ Քեսապի հայերը նոր օժանդակութեան կարիքը ունին՝ պահպանել կարենալու համար իրենց դպրոցները, համայնքային հիմնարկները եւ ընկերա-առողջապահական ենթակառոյցները:
Այդ նպատակին սատարելու համար, «Հայաստան» հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղը 40,000 եուրոյի նոր օժանդակութիւն մը կը յատկացնէ սուրիահայութեան, որ կու գայ աւելնալու այն 250,000 եուրոյին, զոր Ֆրանսայի «Հայաստան» հիմնադրամը Կիլիկիոյ կաթողոկոսութեան միջոցով արդէն տրամադրած է այդ համայնքներուն:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ «Ֆոնեթոն»ի ծիրին մէջ, որ պիտի կազմակերպուի Փարիզի, Լիոնի, Մարսէյի եւ Թուլուզի մէջ Նոյեմբեր 19էն 23, սուրիահայութեան օժանդակութեան ծրագիրը պիտի շարունակուի:
Այս առթիւ, «Հայաստան» հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղը կոչ կ՛ընէ նուիրատուութիւն կատարելու, ղրկելով ձեր չէքերը Fonds Armenien de France, BP 12, 75660, Paris Cedex 14 հասցէին, կամ դրամական փոխանցում կատարելով հիմնադրամի կայքին միջոցով՝ www.fondsarmenien.org
14/11/2014