KANTSASAR /fb/Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 27-ին, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հաւատացեալները առիթ ունեցան հանդիպելու Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ. Շահան Սրբ․ Արք. Սարգիսեանին եւ ունկնդրելու սուրիահայութեան այսօրուան պատկերի մասին ներկայացուցած զեկոյցը: Հանդիպումը կազմակերպած էին Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին եւ Հ․Յ․Դ․ «Արմէն Գարօ» Կոմիտէութիւնը:

Բարի գալուստի եւ հանդիպման նպատակի մասին խօսք արտասանեց Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեան:

Հանդիսավար Մարի Մերտխանեան-Եարալեան անդրադարձաւ սուրիահայ, մասնաւորաբար՝ հալէպահայ գաղութի կենսունակ անցեալին եւ ներկային: Խօսեցաւ հայկական վարժարաններու նեցուկ կանգնելու կարեւորութեան մասին:

Հալէպահայ շրջաններու եւ հայկական վարժարաններու մասին պատրաստուած երիզներ ցուցադրելէ ետք, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հնարաւոր մանրամասնութեամբ ներկայացուց այսօրուան պատկերը, սուրիահայութեան եւ հալէպահայութեան դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները: Խօսեցաւ զանոնք լուծելու համար կատարուած հաւաքական աշխատանքի մասին:

Առանձնապէս ընդգծեց հայկական դպրոցական կառոյցը կենսունակ եւ ամուր պահելու անհրաժեշտութիւնը: Ան մէկէ աւելի անգամներ շեշտեց հայու նկարագրի կարեւոր յատկանիշները՝ աշխատասիրութիւն եւ ստեղծագործ միտք, որոնք մեր գոյատեւման երաշխիքներն են:

Սրբազան հօր խօսքը եւ ներկաներու հարցումներուն տուած պատասխանները իրատեսական, պարզ, անմիջական եւ յստակ էին:
Արեւելեան Ամերիկայի Թեմի Առաջնորդ Օշական Արք. Չոլոյեան շնորհակալութեան եւ երախտիքի խօսք ուղղեց Շահան Սրբազանին եւ Հալէպահայութեան եւ ընդգծեց, որ անոնց կեցուածքը մէկ բառով կարելի է ամփոփել. Հերոսութիւն:

Հանդիպումի պաշտօնական բաժինը աւարտեցաւ Տէր Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեանի գլխաւորութեամբ կատարուած նուիրահաւաքով:
Հիւրասիրութեան ընթացքին, ներկաները շարունակեցին հարցումներ տալ եւ լուսաբանութիւններ ստանալ հալէպահայ վարժարաններու եւ ընդհանրապէս՝ սուրիահայ գաղութը պահպանելու աշխատանքներու մասին: Ներկաները յոյսով եւ վստահութեամբ ներշնչուած մեկնեցան սրահէն:

Ծանօթ։ Վերջին նկարին մէջ Ս. Լուսաւորիչ Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտները Շահան Սրբազանին կը փոխանցեն իրենց հանգանակած գումարը: