Perio News /fb/ – Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան սուրիահայութեան օժանդակութեան եւ յատկապէս Բերիոյ Թեմի «ԴՊՐՈՑ» Հիմնադրամի աշխատանքներու ծրագիրներով դէպի Հիւսիսային Ամերիկա այցելութեան շրջագծին մէջ, այցելեց նաեւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի շրջանները՝ Պոսթըն, Փրովիտընս, Ֆիլատելֆիա, Նիւ Ճրզի եւ Նիւ Եորք:

Արդարեւ, կիրակի, հոկտեմբեր 26-ին, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց Հայոց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ հաւատացեալ ժողովուրդին Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ պատգամ փոխանցեց:

Ս. Պատարագին կը հանդիսապետէր Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան թեմի Առաջնորդ Բարձր. Օշական արք. Չոլոյեանը: