aztagdaily.com – Գրեթէ ամէն օր եւ ամէն առիթներով շուրջիններուս, բարեկամներուս, հարազատներուս եւ հայրենակիցներուս կը հարցնեմ. «Հալէպէն ի՞նչ լուր»: Ու կարծես բոլորն ալ խօսքերնին մէկ ըրած, ինծի գրեթէ նոյն պատասխանը կու տան` կարճ եւ լակոնական. «Նոյնն է» կամ ալ` «Ոչինչ»:
Բայց գիտեմ, որ ամէն օր չարագուշակ փսփսուքներ կը հասնին ականջիս: Ամէն ժամ հիւսիսէն ու հարաւէն զիրար խաչաձեւող դահիճներ իրենց հրահանգուածը կը գործադրեն:
Այլեւս ուրախութեան ակերը ցամքած են:
Ու այս «նոյնն է»-ն եւ «ոչինչ»-ը ուրիշ բաներ չեն, եթէ ոչ` այդ քաղաքի բնակչութեան լռութեան աղաղակէն բաժին մը, որ ծնունդ առած է ոճրագործ քաղաքականութեան դիւային խաղերէն:
Լռութեան աղաղակ ըսի ու կը կրկնեմ: Որովհետեւ հոն, մեր պատմական Հալէպի մէջ, այլեւս հին ու բարի աստուածները կարծես ա՛լ մեռած են չգերեզմանուած մահերով:
Արդեօք, հարց կու տամ միշտ, տակաւին ինչե՞ր կան պահուած մեր այս գաղութին յատկապէս ու նաեւ մեր միւս հայկական գաղութներու գլուխներուն` ընդհանրապէս: Եւ աւելի՛ն. տակաւին հայրենի եւ սփիւռքի տարածքին մեր հայութեան դէմ ի՜նչ ծրագիրներ կան հիւսուած` ոճիրներով, տառապանքներով, ատելութիւններով, մահերով եւ սէրերով լեցուն այս աշխարհի ծոցին մէջ: Չեմ գիտեր: Դո՛ւք ըսէք:
– Ի՞նչ լուր Հալէպէն,- կը հարցնեմ ամէն օր` արդար ու անկեղծ հետաքրքրութեամբ մը: Արդէն այս մէկը սովորական հարցում մըն է Հալէպէն հեռու ապրող իւրաքանչիւր հալէպցիի բերնին մէջ:
– Ի՞նչ լուր պիտի ըլլայ, ճանը՛մ, երբ հոն սպաննած են պատիւն ու ազնուականութիւնը, եւ ամէն վայրկեան դիւանագիտութիւնը մարդկային կեանքերը կը սակարկէ:
Այս բոլորով հանդերձ, մենութեանս մէջ միշտ կը փորձեմ երջանիկ վերադարձ մը կատարել դէպի իմ անցեալը: Գոնէ այդ ձեւով մխիթարուիմ: Կը հաւատամ, որ հոն` այդ գրեթէ աւերակ քաղաքին մէջ ապրող հայութեան գանկերուն մէջ լռութեան աղաղակի երգն է, որ բողոքի նման աշխարհի մարդկային բարոյականի սնանկութեան դէմ բարձրացած է:
– Ի՞նչ լուր Հալէպէն… Նոր Գիւղէն` «Մէյտան»-էն:
Պատասխան` «Այս օրերուն եւ ընդհանրապէս ուրախ լուրեր չկան»:
Այսպէս կ՛արտայայտուին շատեր եւ ուրիշներ կը կրկնեն: Օրերով ջուրի տագնապ, օրերով ելեկտրական հոսանքի անջատում ու ամէն օր եւ ամէն վարկեան ահ, վախ եւ մահ: Ամէն վայրկեան կեանքի վտանգ: Բայց հակառակ այս բոլորին, պատիւ իրենց, տակաւին հոն վառ է գաղութի ազգային ջիղը, վերապրելու եւ մանաւանդ հայկականութեամբ շարունակելու կամքը:
Կ՛ուզեմ գոնէ այս ձեւով ժպիտ մը ստեղծել հոն` իմիններուս չորցած այտերուն վրայ: Գոնէ:
Հալէպ: Հոն կայ լռութեան աղաղակը, որ աւելի ահաւոր է, քան կիսատ լուր մը, եւ որ աւելի ողբերգական է եւ մարդազոհ, քան` ճշմարտութիւնը: Անոր համար աչքիս աշխարհը սեւ կ՛երեւի: Անոր համար է, որ արդարութեան ու խաղաղութեան ուրախ ներկայութիւնը կը փնտռեմ միշտ: Անոր համար է, որ ազգովին կը մնանք սպասումի եւ յոյսի լարին վրայ գամուած առանձին:
Աստուա՛ծ իմ, տակաւին ինչե՜ր կան մեր հասցէին պահուած գրուած ու չգրուած:
Հալէպ: Ամէն օր կը տարուիմ հեռաւոր իրականութիւններու կրկներեւոյթներով, նոյնիսկ` մոռնալով իմ ապրած կեանքիս իրականութիւնը: Ուստի կը խնդրեմ, մի՛ հեգնէք լռութեան այդ աղաղակը:
Հալէպի նոր պատմութիւնն է ասիկա: Մէկ խօսքով` սեւ տախտակ մը, որուն վրայէն սրբուած են կեանքին ու պատմութեան գիրերը: Կամ ալ` պատմութիւն մը, ուր պատիւի եւ վստահութեան, հաւատքի եւ մահուան ընդմէջէն կրնանք կարդալ եւ կամ լսել լռութեան աղաղակը, որ միայնակ միշտ կ՛երգէ:
Ես զիս կը համոզեմ: Փորձ մըն է: Յուսահատութեան ծնունդ: Որովհետեւ կը հաւատամ, որ վերջ ի վերջոյ, ամէն բան վերջ մը ունի կամ անպայման պիտի ունենայ: Յաւիտենական ոչինչ կայ` բացի Ամենակալէն: Ուստի, կը համոզուիմ, թէ այս վիճակն ալ իր վերջակէտը պիտի ունենայ օր մը, անպայման: Օր մը, ուշ կամ կանուխ, այս մահ հնձող փոթորիկը պիտի մեռնի, ու իր վախազդու եւ կատաղի ալիքները պիտի քնանան, եւ նոյնիսկ վայրագն ու դահիճը պիտի վախնան նոյն այս լռութենէն, մարդոց անէծքներէն աւելի:
Ի՞նչ լուր Հալէպէն:
Մի՛ հեգնէք, ըսի, կը խնդրեմ, որովհետեւ այդ գաղութին մէջ տակաւին մեր հայրենակիցները լուռ եւ անձայն կը պայքարին կեանքին ու մահուան ճանկերուն մէջ եւ դէմ:
Լսեցէ՛ք: Ակա՛նջ դրէք: Կարդացէ՛ք ու պիտի համոզուիք: Յոյս եւ կամք կայ: Դո՛ւք ալ այս բոլորը աւելցուցէք: Պիտի գայ ժամանակը, որ այս լռութեան մէջէն, հոն, մարդիկ իրենց շինարար ձեռքերը պիտի շարժեն` նորակերտելու համազգային մեր այս մայր գաղութը: Օր մը դարձեալ այդ դահիճներու ականջին պիտի երգուի մեր ազգին երգը:
Այս բոլորը պիտի կատարուին անձայն եւ անշշուկ, որովհետեւ կեանքի բոլոր գեղեցիկ երեւոյթները յարութեան լռութեան մէջ կը ստեղծագործուին:
Կը հաւատամ, որ օր մը մահուան այս ծանր հպումէն ետք, ազգային վերաշինութեան յաղթական քայլերը պիտի ճեղքեն լռութեան աղմուկը, եթէ իսկապէս մենք բոլորով հետեւինք այս բոլորին:
Ի՞նչ լուր Հալէպէն, կամ` Հալէպը ո՞ւր հասաւ:
Իր տեղն է եւ իր տեղը չէ: Ա՛յս է պատասխանը:
Որքան տկար կը զգամ ինքզինքս եւ որքան փոքր` այս հրէշային մեծութիւն ունեցող հարցումին ու անոր պատասխաններուն առջեւ, որ մահուան խորհուրդներով պատանքուած է:
Քաղաքականութիւն կոչուած աղբանոցին մէջ տակաւին չարերն են, որ կը յաջողին բարձրացնել անմեղներու արիւնով թաթխուած վատութեան դրօշները:
Անոր համար միշտ անմեղօրէն հարց կու տամ. «Ե՞րբ պիտի ցամքին մեր ժողովուրդի տառապանքի աղբիւրները: Չեմ ուզեր կեանքիս էջերէն սրբուին այդ քաղաքին մէջ գրուած ու միտքիս մէջ քանդակուած կեանքիս գեղեցիկ ու երջանիկ բաժինի պատմութիւնը եւ ապրուած յիշատակները:
Ու անհամբեր, բոլոր հալէպցիներուն նման, ես ալ իմ կարգիս կը սպասեմ այն բախտաւոր օրուան, երբ ծննդավայրս կրկին գեղեցկացած` ընդունի իր աշխարհացրիւ զաւակները, որպէսզի ես ալ կրկին անգամ կարօտի համբոյրովս դրոշմեմ անոր անբարբառ շրթները:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ