KANTSASAR – Այսօր, Երկուշաբթի 15 Սեպտեմբեր 2014-ին, Սուրիոյ հայկական վարժարաններուն վերամուտն է, հակառակ երկրի տագնապին մեր վարժարանները կը բանան իրենց դռներն ու կ՛ընդունին հայ աշակերտները՝ նոր յոյսով, նոր կորովով, դժուարութիւնները յաղթահարելու միասնական ճիգերով։ Բարի, բեղուն եւ անփորձանք տարի կը մաղթենք ձեզ ուսումնատենչ աշակերտներ, կրթական նուիրեալ մշակներ, տնօրէնններ, վարչական պատասխանատուներ, ծառայողական պաշտօնեաներ եւ յարգարժան ծնողներ։