PERIO NEWS /fb/ – Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Հալէպի պատերազմական եւ կենցաղային ծանր պայմաններու մէջ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի (ՔԵԱՃ) պաքալորիայի (12-րդ) աշակերտները 2014-2015 ուսումնական տարեշրջանը սկսան երկուշաբթի, 1 սեպտեմբեր 2014-ին:

Նկատի առնելով, որ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի տարածքը քանի մը տարի է ի վեր տակաւին կը մնայ վտանգաւոր գօտիի մէջ, ուստի ճեմարանի պաքալորիայի աշակերտները իրենց ուսումնական տարեշրջանը ինչպէս միշտ հաստատ եւ աննկուն կամքով սկսան Ազգ. «Կիւլպէնկեան» վարժարանէն ներս (Սիւլէյմանիէ):

Դասաւանթութեան աշխատանքները ընթացքի մէջ են արդէն, խնամակալութիւն, ուսուցչական կազմ եւ աշակերտութիւն այս դժուարին պայմաններու մէջ կը գործեն լաւագոյն ձեւով ներկայանալ ուսումնական նոր տարեշրջանը: