Perio News/fb/ – Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ․Վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ 2014-2015 ուսումնակրթական տարեշրջանի վերամուտը պիտի սկսի Երկուշաբթի 15 Սեպտեմբեր 2014-ին։
Ազգային վարժարանները իրենց ուսումնական տարին պիտի սկսին Ազգ․ Կիւլպէնկեան վարժարանի կառոյցին մէջ՝ համապատասխան դասաւորումով, դասընթացքները կանոնաւոր ձեւով պիտի ընթանան։
Սուրիոյ տագնապի բերումով, ինչպէս նախորդ երկու տարիներուն, այս տարի եւս Ազգ․ Վարչութիւնը դպրոցներու հոգաբարձութեանց եւ տնօրէնութեանց հետ հարկ եղած տնօրինումները կը կատարէ։
Մեր ժողովուրդի զաւակներէն կ’ակնկալենք հասկացողութիւն եւ գործակցութիւն, որպէսզի հայ դպրոցը շարունակէ սերունդներու դաստիարակութեան իր առաքելութիւնը։
Բարի վերամուտ եւ անփորձանք տարի կը մաղթենք բոլորին։
Դիւան
Ազգային Առաջնորդարանի
5-Սեպտեմբեր-2014