Խլուած իրենց արմատներէն ամէնքն ալ`
Մեր հին, հին ազգը ահա՛,
Որ չի կրնար իր հողերուն վրայ մնալ,
Չորնալ ուրիշ տեղ կ՛երթայ…
Վ. Թէքէեան
Միտքէս չ՛անցնիր ոեւէ մէկէ աւելի ազգասէր երեւիլ, ու սակայն նոյն նիւթը հանգիստ չի տար ինծի: Կը հալածէ ամէն օր, ամէն պահ: Միշտ կան խօսքեր, մղիչ ազդակներ, որպէսզի սիրտս ծակէ կրկին այս ժողովուրդին վիճակը: Նախապէս հայ տղոց գոռում- գոչումով (նաեւ` «անուշ» հայհոյանքներով) խօսքերը երբ լսէի, կը բարկանայի. հիմա կ՛ուրախանամ, որ այս քաղաքի փողոցներուն մէջ պատանիներ կան տակաւին հայերէն խօսող: Հիմա կը սիրեմ բոլորը` ժիր աչուկներով մանուկներն ու պատանիները, որոնք օտարութեան մէջ առաջին հալողները պիտի ըլլան, երիտասարդները` խելքն ու ուժը ազգիս ներկայի ու շարունակականութեան գրաւականը… միջահասակները` ապրուստի ու հազար հոգերէ շուար, ծերերը` յաճախ հեռացած երիտասարդներու կարօտը գրկած… Կը սիրեմ բոլորը` կորսնցնելու ահով բռնուած մօր մը տագնապով:
Հայաստանի հիւպատոսարանին մէջ էր այս անգամ: Բարեկամս հարցեր ունէր պարզելիք ու սպասասրահին մէջ նստանք: Նախ արաբախօս (ու արաբադէմ) կին մը եկաւ. ան ալ հայ դառնալ որոշած է, հաւանաբար Եւրոպա երթալ կը ծրագրէ: Աստուած իրեն հետ, միայն իմ երկրիս սոսկ անցուղի ըլլալը կը վիրաւորէ ու կը խանդոտէ զիս: Ապա եկան հայեր կամ հայադէմ մարդեր (գիտէք, որ մենք հայերը հազուադէպօրէն կը շփոթենք ուրիշներու հետ. մեր ճակատագրին մշտանորոգ կնիքը շփոթելի չէ): Նստողներէն մին ողջունեց նոր եկող մը ու հարցուց.
– Դո՞ւք ալ պիտի ճամբորդէք (հասկնալ` մեզի պէս):
– Ատանկ նպատակ ունինք, նայինք` ի՞նչ կ՛ելլէ,- պատասխանեց տարիքոտ տղամարդը եւ շարունակեց,- եթէ ասոր անունը ճամբորդել դնենք, բայց ես կը կարծեմ, թէ կը գաղթենք, ոչ թէ կը ճամբորդենք:
Նստողներէն ոմանք գլուխները օրօրեցին: Իսկ ես կը նայէի իմ այդ եղբօր, որ ամենածանր բառերը կ՛ըսէր ժպիտով, հայու իր չընկճուող հոգիով` աշխարհին երեսին նետուած հեգնանքի պէս:
– Ո՞ւր կը պատրաստուիք երթալ,- շարունակեց փորփրել կինը, կարծես այսօր հայու համար պարզ ու յստակ ըլլար ուր երթալը` միայն ընտրէ…
– Հիմա նախ Պէյրութ կ՛երթանք, անկէ ալ Հայաստան, նայինք` վերջը ի՞նչ կ՛ելլէ…
Ինչպիսի՜ տեղին պատասխան հայու բերնին մէջ ու ի՜նչ խոր ողբերգութիւն, եթէ Վարդան Պետրոսեանի բառով` խորանա՛նք հարցին ծալքերուն մէջ: Բայց եթէ փոխենք մեր դիտակէտը աշխարհին (քանզի այս բեռը կրելը շա՜տ ծանր է), պիտի ըսենք. «Ի՜նչ կայ նեղուելիք, մարդիկ ապահով երկիրներ կ՛երթան…»:
Այլեւս դուք ընտրեցէք ձեր դիտակէտը, իսկ ես դատապարտուած եմ, քանի որ ազգիս փշրանքներու վերածուիլը կը տեսնեմ ու ոչ` մարդոց աւելի լաւ կեանք ապրելու հեռանկարը:
***
Տուներն ալ կենդանի արարածներու պէս կ՛ապրին ու կը մեռնին, նոյնիսկ եթէ քար մը իսկ չէ ինկած անոնց պատէն: Ամայութեան խոր զգացում կ՛ապրիս առտու, երբ սակաւ բնակիչներն ալ տակաւին չարթնցած` կը դիտես ապրած թաղամասդ: Հոս հրթիռներէ վիրաւորուած տուներ գրեթէ չկան, եղածներն ալ շուտով նորոգուած են, սակայն լքուածութեան կնիքը կայ նոյնիսկ տակաւին բնակիչ ունեցող տուներուն վրայ: Կարծես շէնքերն ալ սմքեր, ծերացեր ու լռեր են: Համատարած գորշութիւն: Ու այս քաղաքը, որ ամէն ուրբաթ լոգանք առնելով` իր գորշութեան մէջ իսկ կը թարմանար, կը փայլէր, հիմա ծեր ու աղքատ մարդու տպաւորութիւն կը ձգէ: Կարգ մը խելօքներ ալ գողերը խաբելու համար խաբած են իրենք զիրենք` հեռանալու վերջին պահուն լուացքի լարերէն քանի մը անպէտք լաթեր կախելով. թող անցնող-դարձող անտուն մնացողները ախորժակով չնային. այստեղ մարդ կ՛ապրի… Գողերը խաբուած են թէ ոչ` չեմ գիտեր, սակայն որ ամիսներ ու տարիներ մնալէն գարշելի տեսք ստացած այդ լաթերը մնացողներուս տրամադրութեան կ՛ազդեն` որոշ է:
Պատկերը կ՛ամբողջացնեն պատշգամներու ամպհովանիները: Անոնք զատ նիւթ են նկարագրողին համար: Ի՜նչ գոյներով, ձեւերով կը մրցէին իրարու հետ` միշտ նորութիւն մը բերելով: Հիմա՞. փոշոտած, գոյնը կորսնցուցածները միայն ջուրի սակաւութեան մասին կը յիշեցնեն, սակայն կան ու բազում են քայքայուած, ծուէն ծուէն եղած ու հովին դէմ դեռ պայքարողները, որոնք ոչ միայն տէրերուն մեկնած ըլլալը կը յուշեն, այլ ներկաներուն ալ` անտարբերութիւնը: Այս օրերուն ո՜վ պիտի մտածէ վարագոյր փոխելու մասին, երբ մարդոց միտքերուն մէջ գաղթել- մնալու անդոհանքն է տիրողը: Ու քաղաքիս ամէնէն աշխուժ, բանուկ թաղամասերէն մին գիշերը սարսափ, իսկ առտու դիտողին ամբողջութեամբ լքուած քաղաքի տպաւորութիւն կու տայ:
***
Յաճախ կը լսենք, թէ Հայաստանի մէջ սուրիահայերը չեն սիրուած…
Առաջին միտքս կ՛ըլլայ` իսկ որո՞նք սիրուած են. հայերը կը սիրե՞ն զիրար… երբ մէկտեղուած են: Ազրպէյճանի կոտորածներէն փրկուած ու հայրենիքին գիրկը ապաստանած հայերը սիրուեցա՞ն Երեւանի մէջ. իրենցմէ՛ հարցուցէք, եթէ տակաւին մնացած են հոն:
Այս քանի մը տարիներու ընթացքին յաճախ պատանիներէ ալ լսած եմ զարմանքով ու զայրոյթով խառն պոռթկումներ` «Հայաստանցիները մեզ չեն սիրեր, մեզի «արաբ էք», կ՛ըսեն…»: Անձնական տպաւորութիւններ չունիմ, քանի որ տարիներէ ի վեր բախտը չեմ ունեցած Հայաստան այցելելու, բայց նաեւ ըսողներուն կասկածելու պատճառ չունիմ: Հասկնալի է, թէ ոչ բոլոր հայաստանցիները կը մերժեն սուրիահայերը, հոս դեր ունի նաեւ մասնաւորը ընդհանրացնելու սովորութիւնը, սակայն երեւոյթը գոյութիւն ունի՛, եւ այսօր սուրիահայեր զայն կը զգան իրենց մորթին վրայ:
Հարցը շատ տարողունակ ու բազմածալք է, ես կարող չեմ զայն վերլուծել, միայն թեթեւակի կը հպիմ անոր, մինչդեռ ան լուրջ ու մասնագիտական դիտարկումի կարօտ է` պատճառները հասկնալ ու ապա առաջքը առնելու միջոցներ խորհելու համար: Եթէ մեկնինք «Ջուրն իր ճամբան կը գտնէ» կարգախօսով ու հարցը անտեսենք, կրնան շատ անբաղձալի ու խոր ճեղքուածքներ գոյանալ:
Պատճառները կրնան զանազան ու ենթակայական ըլլալ, բայց կայ հիմնական ու ինքզինք յիշեցնող բան մը` մօտ անցեալի կրկնուող պատկերը:
Երբ գիւղէս իբրեւ ուսանող Երեւան գացի, շուտով զգացի հոն «մեզի չնմանող» հայերու գոյութիւնը: Անոնք յաճախ ընդհանուր վայրերու մէջ թրքերէն խօսող կիներ էին: Իմացայ, թէ անոնք «աղբար» կը կոչուին, առանց անդրադառնալու, թէ այդ «մեր» «ախպէրն» էր… Անոնք եղբայրական ջերմութեամբ զմեզ կոչած էին եղբայր ու վերածուած էին «աղբարի»… Կային նաեւ բարձր զարգացումի ու կրթութեան տէր անձեր, որոնք թրքախօս չէին, սակայն անոնք նոյնպէս «մենք» ու «տեղացիները» (երբեմն` «շուներ») զատողութիւնը կը դնէին:
Ճակատագրիս բերումով երբ մտայ այդ շրջանակէն ներս, զգացի ու հասկցայ «անոնց» հարցերը, ցաւերը, «տեղացիներուն» հանդէպ վերապահութիւնները, հիասթափութիւնները, չգնահատուած առաւելութիւնները, խորհրդային «մեր» կարգերէն դժգոհելու (ծածուկ) հիմքերը ու մանաւանդ անոնց արգիլուած կարօտները, որոնք խլուած ու ծածկուած էին նաեւ «մեզմէ»` «տեղացիներէս»…
Թէկուզ երկար տարիներ հայրենիք ապրող ու ակամայ համակերպող, բայց անոնք հոգիով հոն չէին, կ՛ապրէին գրեթէ փակ օղակի մէջ` մեզի անծանօթ գեղեցիկ ու շլացուցիչ հեռուներու երազով: Այդ ալ պատճառներէն էր, որ առաջին իսկ առիթին, երբ ճեղքեր տուին խորհրդային երկրին «երկաթեայ վարագոյրները», անոնք հոծ բազմութիւններով հեռացան հայրենիքէն` իրենց օրինակով վարակելով «տեղացիներ»…
Ո՞վ էր մեղաւորը: Սփիւռքահայե՞րը, երբ հազիւ կազմաւորուած գաղութներու մէջ ծանր աշխատանքով իրենց ստեղծածը դիւրին ձգեցին ու խուռներամ, այրող կարօտով, պայծառ տեսիլքներով հայրենիք ներգաղթեցին: Չեմ խօսիր նաեւ այն մասին, որ Բ. Աշխարհամարտէն ելած երկիր մը ատակ չէր անոնց նիւթապէս բարեկեցութիւն ապահովել: Զրկանքը բոլորին համար էր, նաեւ` Սիպերիոյ հեռաստանները… Սակայն մեծ բաց մը եղաւ այդ հայ մարդիկը Հայաստանի մէջ ներկայացնելու այնպէս, որ խորթութեան փոխան փոխադարձ հասկացողութիւն ու նաեւ սէր տիրէր: Որո՞ւ վրայ կ՛իյնար այդ աշխատանքը…
Այսօր ալ սփիւռքահայը հայրենիք կ՛երթայ: Իսկ սփիւռքը բարդ ու բազմերես երեւոյթ է, լուրջ ու անշահախնդիր ուսումնասիրութեան կարօտ… Տարբեր գաղութներու բնակիչներ հոգեմտաւոր զանազան երանգներ կը պարզեն` տեղական մշակոյթներու ու ազգային նկարագիրի կնիքներով: Սփիւռքահայը չի՛ կրնար նման ըլլալ հայաստանաբնակներուն: Այդ մէկը վստահաբար կը գիտակցին ու համապատասխան վերաբերմունք կը ցուցնեն հայաստանցիներէն շատեր: Իսկ զարգացումի ցած մակարդակի վրայ գտնուող ու իր նախնական բնազդներով առաջնորդուող մարդը միշտ ալ կը մերժէ իրմէ տարբերողը:
Որեւէ ժողովուրդ մշտապէս կրթուելու ու դաստիարակուելու կարիք ունի. «խելացի» հայերս` եւս: Մեզի չեն պակսիր ժողովուրդի հաւաքական մտածողութեան վրայ ազդող միջոցներ, այնպէս որ, սփիւռքահայը տակաւին վարդագոյն ակնոցով չմտնէ հայրենիք, իսկ հայրենաբնակը անոր չնայի որպէս միլիոնատէրի, որուն գրպանին բաժնեկից ըլլալը իր իրաւունքը սեպէ կամ չնայի որպէս իր եկամուտին արգելք եղող անբաղձալի տարրի: Որեւէ հայ պէտք է ըմբռնէ (դաստիարակութեան ճամբով) ու մանաւանդ` գործնականին մէջ զգայ, թէ Հայաստանը բոլոր հայերուն տունն է` անկախ բարձրագոչ կարգախօսներէ ու ամբոխավարական յայտարարութիւններէ:
Որպէսզի վտանգէ մազապուրծ ու հայրենիքին մէջ ծուարած (յուսանք` վերջնականօրէն) հայը եւ «տեղացի» հայը վեր բարձրանան «մենք» ու «անոնք»-ի գձուձ կեցուածքներէն ու ծնի ազգին գոյատեւումին ու վերելքին երաշխիք «մենքը»` բարձր ոլորտներէն եկող մտահոգութիւններ ու աշխատանք պէտք է տարուի: Այլապէս սուրիահայը «արաբ» կը կոչուի (ինչպէս որ ազրպէյճանահայը «թուրք» կոչուեցաւ) ու օր մըն ալ կրկին կ՛առնէ պայուսակը` իրեն հայրաբար չընդունած «այդ երկրին» հրաժեշտ տալու:
ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
