kantsasar.com – 12 Օգոստոս 2014-ի երեկոյեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան` Կրթասիրաց վարժարանի շրջափակէն ներս ընդունեց Հալէպի տագնապէն տուժած ընտանիքներ, ներկայութեամբ` կղերական դասէն արժանապատիւ Տէր Տաթեւ Աւագ Քհնյ. Միքայէլեանի, Տէր Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանի եւ Տէր Մաշտոց Քհնյ. Արապաթլեանի:
Տէր Մաշտոց ողջունելով Հալէպի տագնապի զոհերու ընտանիքներուն ներկայացուցիչները, շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ներկայութեան եւ անդրադարձաւ տագնապին հետեւանքով յառաջացած ընկերային կարգ մը երեւոյթներուն: Ան խօսքը ուղղեց այն այրի կիներուն, որոնք իրենց ողբերգութեան մէջ անգամ եկած էին եկեղեցի` ներշնչուելու դժուարութիւնները յաղթահարելու հաւատքով:
Եկեղեցին զիրենք չէր ձգած վհատ ու մոլորուն, այլ իր նպաստը բերած էր անոնց` իբրեւ հոգածութեան անսպառ շտեմարան:
Պատերազմին հետեւանքով այրիացած կիներուն համար, թերեւս դժուար էր այս ծանր ու բարդ իրավիճակին տոկալը, սակայն անոնք, հակառակ կորուստի ցաւին, կը հաւատային դժուարութիւնները յաղթահարելու մարդկային կամքին:
Քահանայ հայրը անդրադարձաւ մեր մայրերու հոգեվիճակին: Ան վերլուծելով ընկերային տարբեր դասակարգերու պատկանող կիներու հոգեվիճակը, օրինակներով ցոյց տուաւ, թէ հոգիի մեծութիւնը կախեալ չէ մարդոց տնտեսական կացութենէն ու դիրքէն, այլ անոնց մարդկային յատկանիշներէն:
Ապա, Ս.Օ.Խաչի Ազգ. Պատսպարանի յանձնախումբին կողմէ խօսք առաւ ընկհ. Հռիփ Կանանեան եւ յայտնեց, թէ Ազգ. Պատսպարանի յանձնախումբը մեկնելով Սուրիոյ պատերազմական վիճակէն, յարմար նկատած է օժանդակութեան նոր համակարգ մը ստեղծել 3-12 տարեկան որբացած եւ կարիքաւոր հայ երեխաներուն համար, հնարաւորութիւն ստեղծելով յաղթահարելու եւ մեղմացնելու անոնց դժուարութիւնները, զանոնք վարժեցնելով խաղաղ ու կարգապահ կեանքի եւ ընկերային ուրախ մթնոլորտի, որպէսզի լոյս եւ յոյս սփռէ երեխաներու սրտերուն եւ մտքերուն մէջ, ժպիտ արձանագրէ անոնց դէմքերուն վրայ` զանոնք յանձնառու պատասխանատուներու եւ գիտակից ուսուցիչներու հսկողութեամբ վարժեցնելու օրինապահութեան, կամաւոր հնազանդութեան եւ հաւաքական կեանքի:
Ընկերուհին յայտնեց, թէ անցեալին Ազգ. Պատսպարանը դարձած էր ապաստանարանը եղեռնի հետեւանքով անպատսպար մնացած հայորդիներուն, ապա դարձած ապաստան` որբերու եւ կարգ մը քայքայուած ընտանիքներու զաւակներուն: Ներկայիս եւս, մեկնելով երկրիս պատերազմական վիճակին պատճառով ստեղծուած կացութենէն, որբացած կարգ մը երեխաներ կարիքը ունին յատուկ խնամքի, հետեւաբար անոնք պիտի ընդգրկուին պատսպարանի խնամատարական ծրագրին մէջ` վայելելով Ս.Օ.Խաչի ընկերուհիներուն հոգատարութիւնը:
Այսպէս` Պատսպարանի յանձնախումբը կըրթական մարզը առաջնահերթութիւն նկատելով, որոշած է նիւթական մտահոգութիւններէ զերծ պահել մեր մայրերը, որպէսզի անոնց զաւակները ուսանին ու յառաջիկային նպաստեն մեր ընկերային եւ մշակութային կեանքի վերելքին:
Օրուան եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց թեմիս առաջնորդը, որ մխիթարական խօսքերով յորդորեց այն մայրերը, որոնց կեանքի բաժինը եղաւ շատ տառապանք ու քիչ վայելք, սակայն այդ կեանքը կը շարունակէ ջերմանալ իրենց զաւակներուն հանդէպ տածած սիրոյ զգացումով: Իր խօսքին մէջ սրբազան հայրը նշեց, թէ Ազգ. իշխանութիւնը կոչուած է անվերապահ հոգածութեամբ եւ սիրով ծառայելու իր զաւակներուն:
Սրբազան հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց պատսպարանի եւ անոր ծառայող խաչուհիներուն հաւատարմութեան եւ օրինապահութեան համար: Ապա գնահատեց Ազգ. Պատսպարանի ձեռնարկած նոր ծրագիրն ու խոստացաւ նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ ապահովել սաներու բարեկեցութիւնը:
Այրիացած մեր կիներուն հանդէպ ցոյց տըրուած անվերապահ հոգածութիւնը արտայայտութիւնն էր այն ջերմ սիրոյն, որ մարդ արարածը կը տածէ իր զաւակներուն հանդէպ, միաժամանակ խթան` յաղթահարելու դժուարութիւններն ու յոյս ներշնչելու իրենց զաւակներուն:
Պատսպարանի յանձնախումբը ներկայ մայրերու զաւակներուն յատուկ ժամանցի յայտագիր պատրաստած էր:
Համախմբումի այս ծրագիրը մեծ ընդունելութիւն գտաւ ներկաներուն կողմէ, իսկ նախաձեռնող կողմը վերահաստատեց ժողովուրդին ծառայելու իր յանձնառութիւնը:
Ծրագրուած գործունէութեան մէջ է մեր գոյատեւման բանալին. հետեւաբար` մինչ նոր հանդիպում…:
Հռիփ Կանանեան