kantsasar.com – Սուրիոյ պատերազմական վիճակին իբրեւ արդիւնք, սուրիահայ համայնքին ու յատկապէս հալէպահայութեան դիմագրաւած հիմնական հարցը այս օրերուն թէեւ գոյութեան տագնապն է, սակայն առկայ է նաեւ անոր գոյութեան պահպանման մէջ նշանակալից դեր ունեցող մարդուժի տագնապը: Մարդուժի արտահոսքը սկսած է պարզել ոչ արհամարհելի ցուցանիշ:
Հալէպահայ համայնքի մարդուժը կը նուազի բոլոր բնագաւառներէն ներս` կրթական, միութենական թէ մշակութային. կը նօսրանայ թիւը ուսուցիչներուն, արուեստի մասնագէտներուն, ազգային գործիչներուն եւայլն: Երեւոյթ մը, որ որքան ալ ժամանակաւորապէս շեշտուած համարենք, պէտք է խոստովանինք, որ մեծ դժուարութեան առջեւ պիտի դնէ համայնքի կրթական եւ մշակութային աշխատանքներուն ընթացքն ու որակի պահպանումը:
Տագնապի յատկապէս վերջին ամիսներուն մեծ թիւով մտաւորականներ մեկնած են Հալէպէն, որոնց թողած բացը գոցելու հրամայականին առջեւ են մեր կառոյցները այսօր:
Նկատելի է յատկապէս հայերէնաւանդ ուսուցիչներու հոսքը, որ հաւաքական մտահոգութիւն է եւ լուրջ դժուարութեան պիտի մատնէ համայնքի ազգային, միութենական թէ յարանուանական վարժարանները:
Թէեւ համայնքին թիւը կտրուկ նուազում արձանագրած է, համայնքը մեծ վնասներ ունեցած է, սակայն կարելի չէ անձնատուր ըլլալ կամ անտեսել համայնքի գոյերթի պահպանման ի խնդիր տարուող կարեւոր աշխատանքը: Սուրիահայ համայնքը տակաւին կը շարունակէ իր գործունէութիւնը, հայկական կրթօճախները կը պատրաստուին վերամուտի, ինչ որ լուրջ պատասխանատուութեան առջեւ կը դնէ մեր հաստատութիւններու տնօրէնութիւնները, հոգաբարձական, խնամակալական կազմերն ու համայնքի ղեկավարները:
Սուրիահայութեան տագնապի ներկայ հանգրուանի լոյսին տակ անհրաժեշտ է բազմակողմանի առումներով քննարկել եւ ճշդել, թէ.
– Ո՞ր մարզերուն մէջ առաւել կարիք պիտի ունենանք մասնագէտ մարդուժի
– Վերամուտին ինչքա՞ն պիտի ըլլայ համայնքի վարժարաններու աշակերտութեան թիւն ու անոր համապատասխան մասնագէտ ուսուցիչներու եւ վարչական պատասխանատուներու կարիքը
– Ինչպիսի՞ փոխարինող լուծումներ կարելի է գտնել` վերսկըսելու համար վերամուտն ու ընդունելի որակով շարունակելու համայնքի կրթական, մշակութային թէ միութենական գործունէութիւնը:
Այստեղ կարեւոր է նաեւ համայնքի երիտասարդ վկայեալ տարրին աստիճանական ներգրաւումը յիշեալ մարզերուն մէջ:
Սուրիահայ համայնքը, տարիներ շարունակ եղած է համասփիւռքեան կարիքներուն մարդուժի հայթայթման կարեւոր շտեմարաններէն մէկը, այսօր սակայն քաղաքական ծանր պայմանները զինք եւս դէմ յանդիման դրած են մարդուժի տագնապին: Վիրաւոր, բայց յարատեւող մեր համայնքը հրատապ լուծումներ գտնելու հրամայականին առջեւ է այսօր:
Գէթ մինչեւ խաղաղ օրերու վերադարձը…
Զ.Պ.