Կիրակի 10 Օգոստոս 2014-ին, «Գ.Եսայեան» սրահէն ներս, Համազգայինի «Ն.Աղբալեան» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ` տեղի ունեցաւ Հալէպ ապրող հայութեան նուիրուած ձեռնարկ:
Իսկապէս դիւրին բան չէ Հալէպի ապրած այս դժուար պայմաններուն մէջ զբաղիլ մշակութային գործերով: Հեշտ բան չէ կենցաղային անհրաժեշտ կարիքներու ապահովման հոգերով տարուած աղբալեանականին համար մտածել, ձեռնարկել եւ իրականացնել գեղարուեստական ձեռնարկ: Հետեւաբար վարձքը կատար բոլորին` ե՛ւ կազմակերպողին, ե՛ւ մասնակցողին: Բայց որքանո՞վ ճիշդ է առերես անդրադառնալ միջոցառման եւ աժան գովաբանութիւն կատարել: Որքանո՞վ ճիշդ է չանդրադառնալ թերութիւններուն եւ վրիպումներուն, մանաւանդ, որ ձեռնարկը կազմակերպուած էր տարիներու փառաւոր համբաւ վայելող եւ հայ իրականութեան մէջ հայեցի կրթութեան եւ մշակոյթի ջահը վառ պահող` ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան անուան ներքեւ:
Հետեւաբար որպէսզի յաջորդին սրբագրենք մեր սխալները, որպէսզի մեր աշխատանքը ամբողջական ըլլայ, որպէսզի դէպի կատարելագործում ձգտինք` անհրաժեշտ է, որ սրբագրենք ստորեւ նշուած թերութիւնները կամ վրիպումները.
Առաջին թերութիւնը, որ ամէնէն մեծը կը համարուի ոչ միայն այս, այլեւ` նմանօրինակ որեւէ ձեռնարկի պարագային, արեւելահայերէնի իշխող ներկայութիւնն էր: Զգո՛յշ, նմանօրինակ սխալները աններելի կրնան ըլլալ: Հալէպահայ գաղութը այն սակաւաթիւ գաղութներէն է, որ գիտէ վառ պահել արեւմտահայերէնը, այն գեղեցիկ եւ խոր դարերու պատմութիւն ունեցող լեզուն, այն լեզուն որ արեւմտահայաստանէն բռնագաղթող հայերը, որպէս հայրենի աւանդ, ամենայն բծախնդրութեամբ իրենց հետ բերած էին Սփիւռք: Եթէ Հալէպն ալ հետզհետէ զիջումներ կատարէ արեւմտահայերէնի գործածութեան եւ անաղարտ պահպանման գծով, ապա հարցը մեծապէս մտահոգիչ կը դառնայ: Լեզուի նահանջը աններելի է:
Մեներգներու եւ պարախումբերու երգերուն մեծ մասը արեւելահայերէն էր («Ասում են թէ կեանքում», «Գետաշէն», «Մայր իմ չտխրես» եւայլն):
Թէեւ նուագներն ալ արեւելահայերէն երգերու նուագներ էին, սակայն կրնայ ըլլալ նուագի պարագան ներելի համարուի («Սեւ-սեւ աչերով աղջիկ», «Երանի թէ իմ գարունը», «Ծաղկիր ինձ համար»):
Հաղորդավարը, որ որպէս առոգանութիւն, բեմական ներկայութիւն եւ ձայն, բաւական լաւ ներկայացուց բացման խօսքը կամ ընդմիջումներու խօսքերը, սակայն անոր արտայայտութիւններուն մէջ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի միախառնում կար:
Իսկ ձեռնարկի խօսքերու կարգուձեւային բաժինը (protocol) չէր յարգուած (Գերաշնորհ սրբազան հայր, մեծարգոյ Հ.Հ. Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս, Պատկան մարմին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային վարչութիւն, եւայլն):
Նման սխալ շատոնց է, որ չէր կրկնուեր հալէպահայութեան կազմակերպած ձեռնարկներուն մէջ:
Երկրորդ թերութիւնը բեմահարթակի աղքատութիւնն էր: Ի դէպ` բեմը յարդարելու համար միայն նիւթականի կարիք չունինք, այլ մեր տրամադրութեան ներքեւ գտնուած իրերով եւ արուեստագէտի մը մատներու հպումով կարելի է գեղեցիկ բեմ զարդարել:
Բեմի տխուր պատկերը տեսնելով յիշեցի հալէպահայ արուեստագէտ` Արտօ Համբարձումեանը: Ներկայ եղած եմ, թէ ինչպէս քանի մը ժամուան մէջ եւ միութեան ունեցած յարդարանքներով անոր շնորհալի ձեռքերը չափազանց գեղեցիկ բեմ սարքեցին:
Երրորդ թերութիւնը ուղղագրական եւ լեզուական վրիպումներն էին: Ուղղագրականը հրաւիրատոմսին վրայ էր, ուր ձեռնարկի վերնագիրը` «Յոյսի Բերդ»-ը գրուած էր այսպէս «Յույսի Բերդ»:
Իսկ լեզուականները` մասնակցողները բեմ հրաւիրելու կամ նուիրատու կողմերուն անուններու ընթերցման վրիպումներն էին:
Չորրորդ թերութիւնը գեղարուեստական յայտագրին մասնակցողներուն հագուածքին կը վերաբերէր: Հարկ է այս ուղղութեամբ աւելի հոգատար ըլլալ: Այս գործը կազմակերպող կողմը պէտք է ստանձնէ, նոյնիսկ եթէ հարկ ըլլայ նիւթական յատկացում կատարել:
Հինգերորդ թերութիւնը մեներգող Արամ Խաչատուրեանի բեմ հրաւիրման եղանակին կը վերաբերէր: Արամ Խաչատուրեանը «ՎԵՐԱԾԸՆՈՒՆԴ» Միջազգային մրցոյթ-փառատօնի դափնեկիր է, հետեւաբար այս հանգամանքը պէտք էր յիշուէր, երբ ան բեմ կը հրաւիրուէր:
Վեցերորդ թերութիւնը ձեռնարկը նախատեսուած ժամէն ուշ սկսիլն էր: Ձեռնարկը աւելի քան տասը վայրկեան ուշացումով սկըսաւ, թէեւ Հ.Հ. Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսն ու թեմիս առաջնորդը ճշդուած ժամէն առաջ արդէն ներկայ էին սրահ:
Եօթերորդ թերութիւնը զաւեշտին կը վերաբերէր: Ներկայացուածը թէ՛ բնագրի, թէ՛ բեմադրական իմաստներով աշխատանքի կը կարօտէր:
Ութերորդ թերութիւնը այն էր, որ նոյն թեմայով եւ կարճ ժամանակուան մէջ քանի մը ձեռնարկ կազմակերպուեցաւ, հետեւաբար` երբ նորութիւններ չեն մատուցուիր, բնականաբար ներկայացուածը ձանձրանալի կը թուի:
Սիրելի՛ աղբալեանականներ`
Եթէ իսկապէս կ՛ուզէք Համազգայինի անուան ներքեւ գործել, ապա պէտք է արժեւորէք այդ գործունէութիւնը: Եթէ չխօսինք ու չքըննարկենք մեր սխալները տեղ չենք հասնիր, իսկ հրապարակային քըննարկումները կ՛օգնեն, որ կազմակերպող կողմերէն անդին, այս բնագաւառին մէջ բոլոր գործողները օգտուին սխալներէն եւ սրբագրեն զանոնք: Հակառակ պարագային` երբ «Վնաս չունի»-ներու գործելակերպով կ՛աշխատինք` մարդուժի պատրաստութեան գործը կը ձախողի: Պէտք է խոստովանիլ, որ երկրի ապրած տագնապին պատճառով Հալէպ մարդուժի իմաստով լրջօրէն տուժեց` ուսուցիչներ, արուեստագէտներ, մտաւորականներ եւ մշակոյթի այլ անուանի ներկայացուցիչներ մեկնեցան Հալէպէն: Ուրեմն` ստեղծուած այս բացը ծածկելու համար հարկ է ամենայն լրջութեամբ աշխատիլ, բծախնդիր ըլլալ, թերութիւնները նուազագոյնի իջեցնել եւ լաւագոյնին ձգտիլ, ապա թէ ոչ` այդ բացը հետզհետէ պիտի ընդլայնուի եւ մենք պիտի շարունակենք վերյիշել անցեալը ու երանի տալ…
Այսուամենայնիւ պէտք չէ յուսահատիլ, ընդհակառակը հարկաւոր է ընթանալ «Չգործողը չի սխալիր» սկզբունքով: Առ այդ, հարկ է ինքնաշխատութեան եւ ինքնասըրբագրումի ճամբան բռնել: Ունինք լաւ ատաղձ եւ պէտք է տէր կանգնինք անոր, ահա այդ լաւերէն այս ձեռնարկին պարագային յիշենք.
ա.-Ասմունքողները շնորհալի էին եւ բաւական լաւ պատրաստած էին ասմունքը:
բ.-Մեներգող` Յակոբ Այնթէպըլեանի ընդհանուր երգեցողութիւնը, բեմական ներկայութիւնը, շարժուձեւերը (մանաւանդ ժպիտը) շատ գեղեցիկ էին: Իսկ երաժշտական մասնագիտական երգեցողութեան արժեւորումը կը ձգենք մասնագէտներուն:
գ.-Արամ Խաչատուրեանը մշակութային գետնի վրայ գաղութին պատուաբեր ուժերէն եւ ապագայ խոստացող դէմքերէն է:
դ.-«Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբի ներկայացուցած պարերէն եւ պարողներու ինքնավըստահ շարժումներէն, մանաւանդ հայեացքներէն, յստակ էր, որ մարզումներու աշխատանքը բաւական լրջութեամբ հետապնդուած էր:
ե.-Աշխատողներուն մեծամասնութիւնը, եթէ ոչ բոլորը, երիտասարդներ էին, հետեւաբար ժամանակի ընթացքին առաւել փորձառութիւն շահելով կարելի է լաւագոյնը ներկայացնել:
Հալէպահայ գաղութը տարիներու ընթացքին եղած է մարդուժի պատրաստութեան կարեւոր կեդրոն: Հալէպի մէջ եւ տարբեր բնագաւառներու վերաբերեալ այնքան փորձառութիւն կուտակուած է, որ երբեք պէտք չէ մտահոգուիլ մարդուժի գաղթով: Միշտ բծախնդիր աշխատանքով ու փորձով նորը պիտի պատրաստուի: Այդ նորը ժամանակի ընթացքին պահանջուած փորձառութիւնը ձեռք ձգելով լաւագոյնին կրնայ հասնիլ:
Մարիա Գաբրիէլեան
Սեւան Շահպազեան
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ», 20 Օգոստոս 2014