«Բերիոյ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ չորեքշաբթի, 6 օգոստոս 2014-ին, Ֆրանչիսկոս պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանը: Կարճատեւ հանդիպումին ընթացքին գերապայծառ Միրիաթեան պապին փոխանցեց «սուրիացի քրիստոնեաներուն ցաւերն ու յոյսերը»: Այնուհետեւ, Ֆրանչիսկոս պապը գերապայծառ Միրիաթեանին յայտնեց, որ ինք մօտէն կը հետեւի հարցին եւ տեղեակ է իրավիճակէն, ինչպէս նաեւ այս առնչութեամբ մօտ օրէն հանդիպում պիտի ունենայ Միջին Արեւելքի առաքելական նուիրակներուն հետ` անոնց հետ քննարկելու համար ճգնաժամային եղելութիւնները: Վերոնշեալ հանդիպումին լոյսին տակ, գերապայծառ Միրիաթեան հարցազրոյց մը ունեցաւ «Լա Սթամփա» լրատուական աղբիւրին հետ, որուն տեղեկութիւններ փոխանցեց Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան ու Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի ու հայութեան իրավիճակին ու տագնապին մասին:

«ԱԶԴԱԿ»