Երեւան, 21 Օգոստոս 2014 ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ.- 21 Օգոստոս 2014ին, Հ.Հ. Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանդիպում մը ունեցաւ, 6 Ապրիլ 2014ին ծնունդ առած «ՔԵՍԱՊ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻԱՒՈՐՈՒՄ» Հասարակական Կազմակերպութեան Նախագահ` Գեղամ Սարմազեանին, Հիմնադիր` Ռոպերթ Գազազեանին եւ Քեսապահայ Մտաւորական Լեզուաբան` Յակոբ Չոլաքեանին հետ: Նախարար Յակոբեան բարձր գնահատած է Քեսապահայերու խնդիրներով զբաղող նորաստեղծ միութեան, Հայաստան ապաստանած Քեսապահայերու հաւաքագրման եւ ցուցաբերուած հոգատարութեան ու նիւթական օժանդակութիւններու ազգանուէր աշխատանքներուն համար:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Քեսապահայերու կեցութեան, առողջապահական, կրթական եւ այլ հարցեր: