KANTSASAR/fb/ – Երէկ, Չորեքշաբթի 20 Օգոստոս 2014-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսումնական խորհուրդի «Մեսրոպ Մաշտոց» մանկապատանեկան երգչախումբը նոր ոգի ու շունչ պարգեւեց հալէպահայ պատանի-պարմանուհիներուն, վերսկսելով իր տարեկան համերգի յատուկ փորձերը, երկու տարուայ ընդմիջումէ ետք Հալէպի Ազգ․ Կիւլպէնկեան վարժարանէն ներս։
Բերիոյ Հայոց Թեմի «Մեսրոպ Մաշտոց» երգչախումբը հիմնուած է 1973-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Սուրէն Արք.Գաթարոյեանի հովանաւորութեամբ, Ուսումնական Խորհուրդի կազմակերպութեամբ, եւ գեղարուեստական ղեկավարութեամբ խմբավար, ներկայիս լուսահոգի Պօղոս Ապաճեանի՝ 15 տարիներու տեւողութեամբ: Մէկ տարի խումբը ղեկավարած է Կոմիտաս սրբազանը, մէկ տարի ` պարոն Գէորգ Պէպէճեանը:
1991-2012 խումբը ղեկավարած է Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեան, որ յատուկ երանգ ու շունչ տուած է երգչախումբին:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսումնական խորհուրդը, շրջանցելով բոլոր դժուարութիւնները, որոշեց վերսկսիլ «Մեսրոպ Մաշտոց»-ի յոյժ կարեւոր աշխատանքը։
Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեան հայրենի այն խմբաւորուհին եղաւ, որ հակառակ Սուրիոյ տագնապին ու անապահով վիճակին վերադարձաւ Հալէպ ու վերստանձնեց երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավարութիւնը։
Բարի Երթ «Մեսրոպ Մաշտոց»-ին։