Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Շահան Սրբ․ Արք․ Սարգիսեանի, մասնակցութեամբ՝ Ազգ․ Վարչութեան ներկայացուցիչներուն, քահանայից դասուն եւ հատաւացեալ ժողովուրդին, Շաբաթ 16 Օգոստոս 2014-ի յետմիջօրէի ժամը 4։00-ին տեղի ունեցաւ Քեսապի Էսկիւրանի Ս․Աստուածածին եկեղեցւոյ վերաօծումը, ապա եկեղեցւոյ խորանի սրբապատկերի օծումն ու կիրակնամուտի ժամերգութիւնը։
Սրբազան հայրը իր քարոզին ընդմէջէն մխիթարական խօսքերով յուսադրեց ներկաները։ Հաւատացեալ ժողովուրդը ուրախութեան եւ յոյսի արցունքներով ունկնդրեց քարոզն ու հոգեպարար արարողութիւնը։
Աւարտին տեղի ունեցաւ աղի օրհնէք եւ ոչխարներու զենում։
Այնուհետեւ, երիտասարդները աշխատանքի լծուեցան մինչեւ առաւօտ, տօնական մթնոլորտի մէջ պատրաստելու աւանդական հարիսան։
Վաղը առաւօտեան տեղի պիտի ունենայ Ս․ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին նուիրուած Ս․ եւ անմահ պատարագ։
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»ի դիմատետրի էջ